ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի եւ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ վերջին օրերուն տեղի ունեցան քաղաքական խորհրդակցութիւններ, որոնց ընթացքին պատուիրակութիւնները գլխաւորուեցան փոխ-նախարարներու կողմէ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեան այս առթիւ այցելեց Փեքին, ուր հիւրընկալուեցաւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Լիու Պինիի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, խորհրդակցութիւններու ընթացքին Չինաստան վերահաստատեց իր աջակցութիւնը՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ քաղաքական անկախութեան ի նպաստ։ Հայաստանն ալ վերահաստատեց իր աջակցութիւնը «Մէկ Չինաստան» սկզբունքին ի նպաստ։

Քննարկումներու ընթացքին կողմերը կարեւորեցին «Խաղաղութեան խաչմերուկ» եւ «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախագծերը։ Երեւան-Փեքին առանցքին վրայ մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ ենթակառուցուածքային ծրագրերու իրականացման։

Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս համագործակցութեան շուրջ։ Արծարծուեցան Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան շրջանակներէն ներս Հայաստան-Չինաստան համագործակցութեան հեռանկարները։

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025