ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոչորիշվիլիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան Երեւան-Թիֆլիզ օրակարգի եւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ։ Անոնք անդրադարձան նաեւ Հայաստան-Վրաստան բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան շրջանակներէն ներս նախատեսուած յառաջիկայ ծրագրերուն՝ երկու հարեւան երկիրներու միջեւ հաստատուած ռազմավարական գործընկերութեան համահունչ։ Արարատ Միրզոյեան եւ Մաքա Պոչորիշվիլի կանգ առին նաեւ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղեալ քննարկումներուն վրայ։

Միւս կողմէ, նախարար Արարատ Միրզոյեան նախընթաց օր Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ տեղեկացուց, որ մօտաւոր ապագային պիտի այցելէ Հնդկաստան։

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025