ԵՐԵՒԱՆ-ԹԵՀՐԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ նախատեսուած խաղաղութեան պայմանագիրը չէ ստորագրուած, որովհետեւ անոր նախագծին մէջ դեռ կան երկու յօդուածներ, որոնց շուրջ կարելի չէ եղած համաձայնութիւն գոյացնել։ «Մենք կը շարունակենք աշխատիլ այս ուղղութեամբ», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։
Իրանի հեռուստակայաններէն մէկուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ Երեւան-Թեհրան համագործակցութեան ընթացքին։ Այս կապակցութեամբ ան ըսաւ. «Շատ կարեւոր է արձանագրել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը զգայուն է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան շահերուն նկատմամբ եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնն ալ նոյնպէս զգայուն է Հայաստանի Հանրապետութեան շահերուն նկատմամբ»։
Հարցազրոյցի ընթացքին Փաշինեան շեշտեց, որ Հայաստան չի ներգրաւուիր Իրանի դէմ որեւէ գործողութեան մէջ։ «Այսինքն, մեր բնականոն եւ բնական շահերը այն իսկ գործօնը կը հանդիսանան, որ մեզ փոխադարձաբար զգայուն կը դարձնեն իրարու պետական շահերուն նկատմամբ», ըսաւ Փաշինեան։
Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ վերջին օրերուն Ատրպէյճանէն հնչած կարգ մը պնդումներուն արձագանգելով յայտնեց, որ իր երկիրը որեւէ պատասխանատուութեան մէջ չէ թերացած։