ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ Իսրայէլ կ՚ուզէ արաբ կամ մահմետական բոլորին վրայ յարձակիլ։
Անգլիական «Financial Times» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ նախարար Հաքան Ֆիտան ընդհանուր արժեւորում մը ըրաւ միջազգային օրակարգի խնդիրներուն կապակցութեամբ։ Իր խօսքով՝ Իսրայէլ Սուրիոյ հարաւին կը շարունակէ իր յարձակումները, ինչ որ ակնյայտ խափանարարութիւն մը կը համարուի։ Հաքան Ֆիտան համոզուած է, թէ Իսրայէլ բոլոր արաբական կամ մահմետական երկիրները կը նկատէ իրեն դէմ սպառնալիք մը։ «Սա ծայր աստիճան վտանգաւոր է։ Անընդունելի է՝ սահմանակից բոլոր երկիրները տկար պահելու ուղղեալ քաղաքականութիւնը», ըսաւ Հաքան Ֆիտան։
Նոյն հարցազրոյցին մէջ նախարարը շեշտեց նաեւ, որ Թուրքիա ի պահանջել հարկին կրնայ պատերազմիլ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ։ Թուրքիա այդ վճռակամութեան մէջ է, եթէ նոյնիսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները որոշէ ետ քաշել իր զօրքերը։