ԹԱՓՈՎ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

«Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովը այս տարի նախատեսուած է 26-27 մայիսին։ Անցեալ տարի առաջին անգամ կազմակերպուած էր այս համաժողովը, որ հայկական դիւանագիտութեան կողմէ կարեւոր ձեռքբերում մը դարձած էր՝ Երեւանէն միջազգային հանրութեան պատգամներ փոխանցելու առումով։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս տարուան՝ արդէն երկրորդ համաժողովին ընդառաջ նախապատրաստական աշխատանքները կ՚ընթանան թափով։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ համաժողովին ընդառաջ տեղի ունեցաւ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը։ Այսպէս, նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Դաւիթ Կարապետեան հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու առաքելութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան տեղեկութիւններ փոխանցեց համաժողովի սեմին ծաւալուած աշխատանքներուն շուրջ։ Դաւիթ Կարապետեան շեշտեց, որ «Երեւանեան երկխօսութիւն» համաժողովի շրջանակներէն ներս խոշորացոյցի տակ պիտի առնուին՝ խաղաղութեան ու անվտանգութեան հարցերը, համաշխարհային աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւնները, Եւրոմիութեան ու անոր հարեւանութեան քաղաքականութեան շուրջ միտումները, բնապահպանական զարգացումները, առեւտուրի ու փոխադրութեան փոխկապակցուածութեան խնդիրները, ինչպէս նաեւ արհեստական բանականութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ հարցեր։

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025