ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Համահայկական ձմեռնային երկրորդ խաղերը, որոնք այս շաբթուան ողջ տեւողութեան Հայաստանի Կիւմրի քաղաքին մէջ ընթացան, երէկ հանդիսաւոր արարողութեամբ եզրափակուեցան՝ վերածուելով եղբայրութեան յաղթանակի։

Խաղերու փակման արարողութեան ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան, Համահայկական խաղերու Համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան եւ այլ պաշտօնատարներ։ 

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վահագն Խաչատուրեան իր ելոյթին մէջ յայտնեց, որ այս խաղերը միայն մարզական ձեռնարկ չեն, այլ համախմբուածութեան խորհրդանշան կը համարուին, նաեւ հաւաքական ուժի եւ անկոտրում կամքի ապացոյց։ Նախագահը շնորհաւորեց խաղերու բոլոր դափնեկիրները, մասնակիցները, որոնց նուիրումով կայացաւ համահայկական այս տօնը։ «Այս օրերուն ականատես դարձանք ո՛չ միայն մարզական մրցունակութեան, այլեւ եղբայրութեան, համագործակցութեան եւ միասնականութեան ոգիի դրսեւորման։ Մասնակիցները ցոյց տուին, որ մարմնամարզը սոսկ յաղթանակներու եւ մետայլներու մասին չէ, այլ կամուրջ մըն է, որ կը միաւորէ բոլորս։ Մեր պետութեան համար այս բարդ ժամանակաշրջանին նման ձեռնարկները հզօր ազդակ են, թէ միասին կրնանք յաղթահարել որեւէ փորձութիւն։ Այս խաղերը անգամ մը եւս ապացուցանեցին, որ մեր ժողովուրդը համախմբուելու, միասին արարելու եւ յաղթանակներ կերտելու ուժ եւ կամք ունի», եզրափակեց Վահագն Խաչատուրեան։

Շաբաթ, Փետրուար 8, 2025