ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՄԱՅՔԸԼ ՔԱՎՈՒՔՃԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ՄԷՋ ԱՄՆ-Ի ԴԵՍՊԱՆ

Նահագահ Տանըլտ Թրամփ Օսլոյի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակեց Մայքըլ Քավուքճեանը։ Հայազգի Մայքըլ Քավուքճեանի Նորվեկիա գործուղման կապակցութեամբ Թրամփ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ ամփոփ գրառումով մը, որու մէջ շեշտեց, որ Քավուքճեան փայլուն փաստաբան մըն է, որ անցեալին աշխատած է ԱՄՆ-ի Կեդրոնական հետախուզական վարչութենէն ներս՝ որպէս օփերաթիւ սպայ։ Թրամփ շեշտեց, որ Մայքըլ Քավուքճեան փայլուն փաստաբան մըն է, որ ուսանած է Սթենֆորտի համալսարանին մէջ եւ աւարտած է Հարվըրտի իրաւաբանական դպրոցը։

Շաբաթ, Փետրուար 8, 2025