ԴԻԱԿ

Լարուած իրավիճակներու մէջ մարդիկ սովորականէն աւելի կը կասկածին սեփական ուժերէն, նաեւ կը գերագնահատեա դիմացինին հնարաւորութիւնները կամ կարողութիւնները։ Մրցակցութեան էութեան մէջ միշտ կան՝ անկանխատեսելիներ, անակակալներ եւ ընդհանուր կառավարումը կը պարփակէ նաեւ անոնց վերաբերեալ հաշուարկներու չափումներ։

Այժմ, աշխարհի վրայ մրցակցութիւնները թափով կը վերածուին թշնամանքի։ Սա կը նշանակէ, որ արժէքային հէնքը մէկ կողմ թողուած է ու կառավարելին կը դառնայ անկառավարելի, տրամաբանութիւնը կը փոխարինուի կուրութեան կողմէ։ Ըստ երեւոյթին, համաշխարհայնացման ժամանակներուն պատերեզմի հաւանականութիւնը շատ նուազ պէտք է ըլլար։ Պատերազմը կ՚ենթադրէ բաժանարար գիծեր, որոնք յարիր չեն կլոպալ աշխարհի մտայնութեան։ Միթէ այդպէ՞ս է կացուըիւնը։

Ֆրանմական մամուլին մէջ լոյս տեսած է հարցազրոյց մը Միշէլ Օնֆէրի հետ. «Գիտին ինկածը արեւմտեան քաղաքակրթութեան դիակն է»։

Շաբաթ, Փետրուար 8, 2025