ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՄԱՍԻՆ. ԵՐԿՐԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻ ՍԼԱՔՆԵՐՈՎ
Վստահ չեմ, թէ ի՛նչ ճակատագիր կրնար ունենալ Հրանդ Տինք, եթէ շատ աւելի զգոյշ ըլլար իր յայտատարութիւններուն մէջ։ Հաւանաբար, կրնար ապրիլ, որպէս յարգուած լրագրող մը, պահելով լաւ լրագիր մը, ապահովելով այդ լրագրին մէջ աճող շրջանակ մը, բաւարարուելով այսօր Թուրքիոյ մէջ իրենց ապրուստ ճակտի քրտինքով վաստակող մարդոց պարզ կեանքով, բայց, վստահ չեմ, որ այս բոլոր հանգստաւէտ պայմանները լրացնելով, ան պիտի կարողանա՞ր իր անաղարտ ու փայլուն ստորագրութիւնը նետել մեր ժամանակներու հայկական օրակարգի բաւական խնդրայարոյց տոմարին մէջ։ Այսօր արդէն ուշ է այդ բոլորին մասին խօսելու կամ գրելու համար, որովհետեւ Հրանդ Տինք կարծէք իր առաջին քայլը, առաջին ստորակէտը եւ առաջին վերջակէտը դնելուն հետ, խորհած ու մտածած էր, որ իրեն համար երբեք գոյութիւն պիտի չունենան կարմիր գիծեր։ Ընտրանքի հարց է ի վերջոյ. այդ ընտրանքը կատարած ու այդ ընտրութեան հետ հաշտուած ու կեանքը զոհած մարդուն դիմաց մեզմէ ակնկալուածը միայն յարգանքի տուրք մըն է։
Նահատակ դարձաւ Հրանդ Տինք, որովհետեւ լրագրութեան ընկալումը իրեն համար միայն գրիչ շարժել չէր, թերթ պահել չէր, ընտանիք պահել չէր, կամ հայութիւնը յուզող խնդիրներուն մասին գրելը չէր։ Ուրիշ բան մըն էր կեանքը անոր համար, ապրումէն ալ վեր բան մըն էր, կիրք մըն էր, հաւանաբար, որուն համար ալ ան տուաւ իր ունեցած ամենաթանկը՝ կեանքը։
Այս բոլորը գրեցի ո՛չ միայն իր անունը անգամ մը եւս վեր առնելու նպատակով, այլեւ ուզեցի ներկայացնել, թէ ո՞վ էր Հրանդ Տինք իր նահատակութենէն առաջ։ Եւ այս մէկը շատ կարեւոր է կը կարծեմ, առնուազն ինծի համար։
ՆԱԽՔԱՆ ՍՊԱՆՆՈՒԻԼԸ Ո՞Վ ԷՐ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԸ ՄԵԶՄԷ ՇԱՏԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Ի՞նչ պիտի գրէինք այսօր, եթէ Հրանդը տակաւին մեր մէջ գտնուէր։ Մեզմէ շատերը պիտի բողոքէին ու գրէին՝ «Հրանդը արդէն հայ չէ, ան թուրք է»։ Հրանդ Տինք ամբոխավար չէր, ամբոխավարութեան դէմ պայքարող մարտիկ մըն էր ու այդ պատճառով ալ անոր խօսքերը, գաղափարները եւ թուրք-հայկական վերջին մէկ դարու պատմութեան տխուր էջը նոր սպիտակ թերթիկ-էջով մը փոխարինելու միտքը, բնականաբար, պիտի ընդունուէր սուիններով։
Անհանգիստ լրագրող էր Հրանդ Տինքը ու անոր գոյութիւնն անգամ անհանգիստ պիտի դարձնէր բոլոր այն կողմերը, որոնց համար կար հաստատութենական քարացած ընկալում։
«Թուրքը մեր թշնամին է», ըսած է սփիւռքի կարեւոր մէկ հատուածը։ Այդ ընկալումը, եթէ խորապէս դիտարկենք, պիտի նկատենք, որ այդ մօտեցումը դարձած է հիմնական հարթակ մը, որուն վրայ պիտի բարձրացուէին ու տեղ գրաւէին սփիւռքի հայութեան ընելիքներու ցուցակը։
Ինչքան շատ թշնամութիւն, այդքան շատ աշխատանք, շատ եռանդ ու շատ նուաճումներ։ Ու ճիշդ այդ ուղղութեան դէմ ըլլալով՝ Հրանդ Տինքի մօտեցումները ենթակայ պիտի դառնային սուր քննադատութիւններու։
Հրանդը, ինչպէս Թուրքիոյ ծայրայեղականներուն, այնպէս ալ սփիւռքի ծայրայեղ ազգայնամոլներուն համար պէտք մըն էր։ Կարիք մըն էր Հրանդ Տինք ունենալը, մէկ պայմանով, սակայն, որ ան գտնուէր հորիզոնական դիրքի վրայ, այսինքն պառկած, այսինքն մահացած կամ սպաննուած, այսինքն մեզմէ հեռու, այսինքն մեզմէ հեռացած…
Այդ հեռացումին մէջ անգամ, այդ վիպական զոհողութեան մէջ անգամ մարդիկ ուզեցին վերցնել այն ինչ, որ յարմար է ու պէտք է իրենց համար։
2007 թուականի փետրուարին, Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած ոգեկոչական հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ։ Այդ օր ինծի նաեւ առիթ տրուած էր, որ Հրանդ Տինքի մասին հակիրճ խօսք մը արտասանէի ու մեծ ափսոսանքով պիտի ըսեմ, որ ես ալ Հրանդի իրական պատգամները առանց ընկալած ըլլալու բեմ բարձրացայ ու ըսի այն, ինչ որ բոլորը կը մտածէին սրահին մէջ։
Խորքին մէջ, այդ բոլորին առընթեր, ամենատխուր փաստը այն էր, որ ես ալ նախընտրեցի դիւրին գործը ընել։ Քանի մը բառ արտասանել, քանի մը ատելավառ սլաք նետել Թուրքիոյ ուղղութեամբ եւ այդպիսով ալ փակել խօսքը ըսելով. «Հրանդ Տինքի ճամբան պիտի շարունակենք»։
Հաւանաբար, մեծ համոզումով մը չէր, որ կ՚արտասանէի այդ բառերը, որովհետեւ տակաւին նոյնիսկ չէի գիտեր, չէի տեսած Պոլսոյ փողոցները։
Ուրկէ՞ կը սկսէր իմ պատմութիւնը, ուրկէ՞ ընթացք կ՚առնէր այդ ճանապարհը եւ, խորքին մէջ, ինչպէ՞ս առաջ պիտի տանէի ընթացքը այն ծանր եւ կապարի պէս իմ սրտիս վրայ դրուած պատմութեան, որուն թելը կտրուած էր ու ես, իմ նման հազարաւոր արեւմտահայերու, դուրս նետուած էի այդ պատմութենէն։
Ու այստեղ էր, որ առաջին անգամ ես կ՚առընչուէի իմ պատմութեան հետ։ Հրանդ Տինք այդ օրէն ի վեր կը դառնար հայելի մը ինծի համար։ Նախ կը տեսնէի իմ դիմագծերս, իմ դէմքիս ելեւէջները, արտայայտութիւնները եւ սպասումները։ Հայելի, ուրեմն, որուն մէջէն կը դիտես անձդ, կը ճանչնաս դուն քեզ եւ կը մտածես քու ընելիքներուդ ու խօսքիդ մասին։
2005 թուականին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած եւ Հայոց ցեղասպանութեան 90-ամեայ տարելիցին նուիրուած «Ծանրագոյն յանցանք, ծայրագոյն մարտահրաւէր. մարդու իրաւունքները եւ ցեղասպանութիւնը» խորագրով միջազգային գիտաժողովին ընթացքին Հրանդ Տինք հանդէս կու գար ուշագրաւ ելոյթով մը։ Ան իր խօսքին մէջ մասնաւորաբար կ՚ըսէր. «Թուրքիոյ մէջ մեծամասնութիւնը ճշմարտութիւնը չի գիտեր։ Ինչպէ՞ս գիտնայ, երբ 90 տարի արգիլուած եղած է այդ մասին խօսիլ։ Հայկական կողմը պէտք է դիւանագիտութիւն վարէ՝ նախ թուրք ժողովուրդին իրական պատմութիւնը սորվեցնելու, ապա միայն ցեղասպանութեան ճանաչման հասնելու ուղղութեամբ։ Ցեղասպանութեան մասին աւելի տեղեկացուած է բնակչութեան այն հատուածը, որ այսօր կ՚ապրի պատմական Հայաստանի տարածքին մէջ։ Անոնց մեծ մասը թրքացած կամ քրտացած հայեր են, որոնք կը յիշեն իրենց նախնիներուն դէմ գործադրուած ոճիրը։ Հայկական հարցը սկսաւ շօշափուիլ քրտական հարցին զուգահեռ։ Առաջինը իսկապէս քիւրտ մտաւորականներն էին, որոնք գրեցին այդ մասին՝ վկայելով հայոց կոտորածներուն մէջ նաեւ քիւրտերու մասնակցութեան մասին։ Լաւագոյն ճանապարհը Թուրքիոյ ժողովրդավար երկիր դառնալն է, երբ «ներքեւէն» պահանջ մը ըլլայ եւ հասարակութիւնը ինք՝ առանց արտաքին ճնշումներու, ճանչնայ ցեղասպանութիւնը։ Եւ ի վերջոյ հայ-թրքական յարաբերութիւնները անհրաժեշտ է դուրս բերել 1915-ի մէկ մեթր խորութիւն ունեցող ջրհորէն»։
Ահա՛, այդ պատմական խորութիւնն էր, որուն մասին կ՚արձագանգէր Հրանդը իր սպանութեան նախասեմին։ Իսկ հիմա, երբ անոր նահատակութենէն անցած են 19 տարիներ, այսօր եւս այդ խորութիւնը կը շարունակէ մնալ տիրական։ Հայ եւ թուրք հասարակութիւնները կը շարունակեն խուլ ձեւանալ միմեանց նկատամբ։ Յուսադրիչ վիճակներ կան, եթէ մեր աչքին առջեւ առնենք Հայաստանի պետութեան եւ Թուրքիոյ պետութեան միջեւ ներկայ շփումները, խօսակցութիւնները եւ դրական աշխուժութիւնը։ Բայց, այդ բոլորը բաւարար չեն… Այս բոլորի կողքին անկարելի է անտեսել, որ երկու պետութիւններու նոր յարաբերութիւններու համայնապատկերը պիտի կազմեն նախ եւ առաջ երկու ժողովուրդները՝ հասարակութիւնները։
Վէրքերը կամաց-կամաց դուրս հանելով, մեր մէջ առկայ թունաբեր ցաւերուն մասին բարձրաձայն խօսելով ու այդ բոլորին համար միասնական վիրակապ մը կարելով։ Հրանդ Տինք կը գրէր. «Երկու մօտ ժողովուրդ, երկու հեռու հարեւան»։ Խօսք մը, որուն արձագանգը կը շարունակէ զռնգալ մեր ականջներուն մէջ։ Ու այս պրիսմակէն դիտուած անկարելի է մէկդի դնել երկու ժողովուրդներու երկխօսակցութեան, իրարու հետ խօսելու, զիրար լսելու կարեւորութիւնը։ Ու միայն այդ ճանապարհով է, որ նոր կամուրջներ կրնան նետուիլ ու իրարմէ հեռացած եւ իրարմէ «նեղացած» երկու հարեւանները դարձեալ իրարու հետ խօսին, ապրին ու արդար հարեւանութիւն մը ընեն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան