30-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
«Ակօս» շաբաթաթերթը թեւակոխած է իր հրատարակութեան 30-րդ տարին։ Համայնքային շրջանակներէն ներս այս յոբելեանը կը նշուի, որպէս ողջունելի իրադարձութիւն, ինչ որ կ՚առընչուի թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի պատմութեան զանազան երեսակներուն հետ։ Շաբաթավերջին, «Ակօս»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական տօնակատարութիւն մը, որուն մասնակցեցան թերթի հոծ թիւով համակիրները, որոնք բարձր տրամադրութեամբ համակուած էին տարեդարձի առթիւ։ Բոլորը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան «Ակօս»ի հրատարակութեան տնօրէն Եդուարդ Տանձիկեանի եւ խմբագրակազմի անդամներուն կողմէ։ Թերթի արտօնատիրուհին՝ Ռաքել Տինք եւ Եդուարդ Տանձիկեան ծափողջոյններու մթնոլորտին մէջ հատեցին նաեւ 30-ամեակի կարկանդակը։ Անշուշտ, յոբելեանը մէկ կողմէ խանդավառ էր, իսկ միւս կողմէ յուզումնախառն՝ հաշուի առնելով, որ «Ակօս»ի ընդհանուր երթին մէջ անպակաս է իր հիմնադրին՝ նահատակ Հրանդ Տինքի բարոյական ներկայութիւնը։