Երեքշաբթի 26, Մայիս 2026
ԱԼԻԵՒ-ՄԵԼՈՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
«Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովին մասնակցելէ վերջ, Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնի մեկնեցաւ Պաքու, ուր հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Երկու երկիրներու ղեկավարները բանակցութիւններ վարեցին՝ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ բազմաթիւ հարցերու շուրջ։ Հռոմ-Պաքու առանցքին վրայ համագործակցութիւնը զարգացնելու որոնումները թափ ստացած են։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Մելոնի Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները որակեց՝ ռազմավարական գործընկերութեան բնոյթով։ Ան յայտնեց, որ Պաքու կամուրջի մը դերակատարութիւնը ունի։
Մելոնի եւ Ալիեւ անդրադարձան ուժանիւթի, ենթակառուցուածքներու եւ հաղորդակցութիւններու բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան հեռանկարներուն։
Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026