ԵՆԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՔՈՐՈՒՃՈՒԻ ԳՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Ենիգիւղի Այա Փանաիյա յունաց եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Թէոթոքիա» մշակոյթի փառատօնի շրջանակներէն ներս, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որու պատուոյ հիւրն էր Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը։ Այսպէս, գրասէրներուն ներկայացուեցաւ՝İSTOS հրատարակչութենէն լոյս տեսած «Akşam İstanbul’da Çok Fena Şeyler Oldu» գիրքը, որու հեղինակն է լրագրող Սերտար Քորուճու։ 6-7 սեպտեմբեր 1955 թուականի տխուր դէպքերու վերջին վկաներուն հետ կատարուած հարցազրոյցներէ բաղկացած է այս գիրքը։ Թիւով 32 այդ վերջին վկաները կը բնակին Թուրքիոյ, Յունաստանի եւ Ֆրանսայի մէջ։

Շնորհանդէսի յայտագիրը կեանքի կոչուեցաւ ասուլիս մը ձեւաչափով։ Զրոյցը վարեց յոյն համայնքի յառաջատարներէն Լաքի Վինկաս, որ հիւրընկալ եկեղեցւոյ վարչային խորհուրդը կը գլխաւորէ։ Ատենախօսներն էին գիրքի հեղինակն ու հրատարակչատան խմբագիրը՝ Սեչքին Էրտի։

Յայտագրի գործադրութեան յաջորդեց ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին Սերտար Քորուճու մակագրեց գիրքերը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2025