Երեքշաբթի 9, Սեպտեմբեր 2025
ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ԶԱՆԳԸ…
Այսօր վերամուտ է։ 2025-2026 կրթական շրջանը պաշտօնապէս կը բացուի Թուրքիոյ բոլոր վարժարաններուն մէջ։ Պոլսահայ վարժարաններուն մէջ ալ զուգահեռաբար կը հնչէ առաջին զանգը։ Մեր կրթական մշակներն ու սաները զիրար կը վերագտնեն ամրան երկարատեւ արձակուրդէն վերջ։ Անոնք արդէն հերթական անգամ կը լծուին միասնական աշխատանքի՝ մեր ամբողջ համայնքի խրախուսանքով։ Որքան ալ լուրջ դժուարութիւններ դիմագրաւէ պոլսահայ կրթական համակարգը, այսօր վերամուտի բարձր տրամադրութեան պայմաններով բոլորը տոգորուած են լաւատեսութեամբ եւ աշխատանքի արդիւնքի նկատմամբ վստահութեամբ։
Այս առթիւ բարի վերամուտ կը մաղթենք մեր վարժարաններու բոլոր սիրասուն սաներուն, կրթական մշակներուն, տնօրէններուն հիմնադրի ներկայացուցիչներուն եւ բոլոր պատասխանատուներուն։
Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2025