ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԿՂԶԵԱՑ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ «ՄԻՄՈԶԱ» ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ

Կղզեաց քաղաքապետարանը շաբաթավերջին կազմակերպեց «Միմոզա» փառատօնը, որ պսակուեցաւ յաջողութեամբ: Նկատի ունենալով, որ Իշխանաց կղզիները երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու խտացած շրջաններէն մին են՝ այս փառատօնը արժանացաւ նաեւ փոքրամասնական համայնքներու ուշադրութեան: 

Երէկ, փառատօնի եզրափակիչ համերգը տեղի ունեցաւ Մեծ կղզիի Սան Փաչիֆիքօ լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ, ուր համերգով մը հանդէս եկաւ Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Ռոպէր Տողանայի: Ինչպէս միշտ, Լուսաւորիչ երգչախումբը հերթական անգամ խոր տպաւորութիւն գործեց ունկնդիրներուն վրայ:

Ձեռնարկին ներկայ էին Կղզեաց քաղաքապետ Էրճան Աքփոլատ, նաեւ փոխ-քաղաքապետ Այթիւլ Էքշիեան, որ այս փառատօնի կարգադիր յանձնախումբը կը գլխաւորէր: Մասնակիցներու շարքին էին նաեւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն այլ դէմքեր:

Միւս կողմէ, այս փառատօնի շրջանակներէն ներս, շաբաթավերջին քաղաքապետ Էրճան Աքփոլատ այցելեց նաեւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր խորհրդանշական ծառատունկ մը տեղի ունեցաւ՝ նկատի ունենալով այս փառատօնին անունը:

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2026