ԷՐՏՈՂԱՆ-ԹՐԱՄՓ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Մինչ աշխարհ ուշադրութեամբ կը հետեւի ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ հաստատուած հրադադարին, ստեղծուած իրավիճակին մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփում մը հաստատուեցաւ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ։ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ շօշափուեցան Իրանի պարագային հաստատուած հրադադարը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային արդի իրադարձութիւնները։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Էրտողան Թրամփի հետ զրուցելու ընթացքին շեշտեց, որ համայն աշխարհ մեծ մտահոգութեամբ հետեւած է քառասուն օր տեւած ռազմական գործողութիւններուն։ Ըստ իրեն՝ այժմ հաստատուած երկու շաբթուայ հրադադարը հնարաւորութեան պատուհան մը կը բանայ, որպէսզի մշտական խաղաղութեան ուղղութեամբ համաձայնութիւն մը հաստատուի։ Ան համոզուած է, թէ այս հնարաւորութիւնը պէտք է լաւ արժեւորուի եւ գործընթացի խափանարարման թոյլ չտրուի։
Էրտողան մատնանշեց նաեւ, որ Փաքիստանի գլխաւորութեամբ բարեկամ երկիրներու կողմէ գործադրուած ջանքերուն ի նպաստ Թուրքիոյ զօրակցութիւնը պիտի շարունակուի։
Բացի Թրամփէն, նախագահ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Քաթարի էմիր շէյխ Թամիմ պին Համետ ալ Սանիի հետ։ Էրտողան էմիրին հետ ալ անդրադարձաւ Իրանի պատերազմին գծով հաստատուած հրադադարին եւ տարածաշրջանի վերջին իրադարձութիւններուն։ Իր կարգին, Թրամփն ալ երէկ հեռաձայնով զրուցեց նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցի հետ։
Կը նախատեսուի, որ այս շաբաթավերջին, Իսլամապատի մէջ, Փաքիստանի միջնորդութեամբ սկսին ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ ուղիղ բանակցութիւնները։ Հարկ է շեշտել, որ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի ներկայացուցիչները տասնմէկ տարուայ ընդհատումէ մը վերջ առաջին անգամ դէմ առ դէմ պիտի համախմբուին նոյն սեղանին շուրջ։