Շաբաթ 17, Մայիս 2025
ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ ԱՐԻՒՆԱԼԻ ՈՒ ՑԱՒԱԼԻ ԴԷՊՔ. ՔԱՐԱՆՖԻԼԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ՄԱՀԱՑԱՆ
Պէյօղլուի մէջ երէկ երեկոյեան պատահեցաւ ցաւալի դէպք մը, որ մեծ յուզումով ընկալուեցաւ համայնքային շրջանակներուն կողմէ։ Այսպէս, Տոլափտերէի «Քասափ Հուրշիտ» փողոցի բնակարաններէն մէկուն մէջ վէճ մը ծագեցաւ Գամէր եւ Մուրատ Քարանֆիլեան եղբայրներուն միջեւ։ Թէժ վէճի պայմաններուն ներքեւ Գամէր Քարանֆիլեան ատրճանակով սպաննեց իր եղբայրը՝ Մուրատ Քարանֆիլեանը, իսկ ինքն ալ անմիջապէս եղաւ ինքնասպան։
Արիւնալի դէպքէն անմիջապէս վերջ ոստիկանութիւնը փութաց եւ ուսումնասիրութիւններ կատարեց տեղւոյն վրայ։ Մինչ դիակները դատաբժշկական քննութեան կ՚ենթարկուին, իրաւապահ մարմինները ձեռնարկած են հարցաքննութեան։
Ուրբաթ, Մայիս 9, 2025