Առողջ երկխօսութիւն

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի մատնուած առկայ անելին մէջ չափազանց նշանակութիւն ունի հաղորդակցութիւնը։ Պոլսահայ հաւաքական կեանքը որոշ ժամանակէ մը ի վեր կը հունաւորուի ընկերային ցանցերու բամբասանքներով եւ ազդեցութեան պայքարներով։ Անշուշտ, ժամանակներու դէմ թիավարելը անիմաստ է։ Մնաց որ, նորութիւններու քայլ յարմարցնելը հաւաքականութեան մը տեսակէտէ կենսունակութեան նշան կրնայ համարուիլ։

Յամենայնդէպս, ընդհանուր հաղորդակցութեան կազմակերպունը միայն ընկերային ցանցերուն վստահիլը խնդիրներու դուռ կը բանայ, ինչ որ այսօր նկատելի է թրքահայ կեանքէն ներս։ Արհեստավարժութեան պակասը մնացեալ ամէն ինչը յանկարծ ապատեղեկատուութեան հոսանքի մը կրնայ վերածել։ Այսօրինակ երեւոյթներէ, դժբախտաբար, անմասն չէ պոլսահայութիւնը, որու տառապած խնդիրներու շարքին են նաեւ բեւեռացումներն ու պառակտումները։

Այս համայնապատկերին վրայ Պատրիարքարանի մէջ երէկ երեկոյեան կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսը կ՚առանձնանայ՝ որպէս առողջ երկխօսութեան օրինակ։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքի առած քայլը նախադրեալներ կրնայ ստեղծել՝ նոր կլիմայի մը ձեւաւորման։ Մամլոյ ազատութիւնը այժմ ամբողջ աշխարհի մէջ կը կաշկանդուի սիսթեմաթիք ձեւով։ Նոյնիսկ ֆութպոլային ակումբներու մարզիչները յայտարարութիւններ կ՚ընեն միայն ընտրովի՝ հաւատարմագրեա՛լ լրագրողներուն։ Ուստի, Պատրիարքական Աթոռի գահակալը շատ դրական ու ողջունելի որոշումով մը մէկտեղուեցաւ համայնքային մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ, ազատ ձեւաչափով։

Գաղտնիք չէ, որ համայնքին մէջ բոլորէն աւելի կը քննադատուի պատրիարքը եւ սա ձեւով մը անխուսափելի հետեւանքն է կամ տրամաբանական շարունակութիւնը՝ այն հանգամանքին, թէ ան բոլորի պատրիարքն է։

Ուղիղ եթերով տեսասփռուած երէկուան մամլոյ ասուլիսը կրնայ հնարաւորութեան մը վերածուիլ, որպէսզի ստեղծուած առողջ երկխօսութիւնը արդիւնք ունենայ՝ համայնքէն ներս աւելի արհեստավարժ եւ նպատակասլաց հաղորդակցութեան միջավայր մը ձեւաւորելու տեսակէտէ։

Չմոռնալ՝ հաղորդակցութիւնը զօրակցութեան նախադրեալներէն է։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2025