ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿ

Քրիստոնէական ամենանշանակալի տօներէն մին է Զատիկը, որ հայկական աւանդութիւններուն մէջ ալ շատ կարեւոր տեղ մը կը զբաղեցնէ։ Որոշ սովորութիւններ բաւական իւրօրինակ են, իսկ ուրիշներ՝ աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն տեսակէտէ հասարակաց։ Ս. Զատիկը ամենասիրուած գարնանային տօնն է, որ կը խորհրդանշէ յոյսն ու զարթօնքը։ Ս. Զատկի տօնին օրը հայերը զիրար կ՚ողջունեն՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսով։

Ս. Զատկի տօնը կ՚որոշուի իւրաքանչիւր տարուայ համար օրացուցային առանձնայատուկ հաշուարկով։ Ուստի, թուականը յարափոփոխ այս տաղաւարը կրնայ զուգադիպիլ տարբեր ամսաթիւերու՝ մարտի երկրորդ կէսէն սկսեալ մինչեւ ապրիլի վերջը։

Հայերը Ս. Զատկի տօնը, ընդհանրապէս, կը նշեն տունը՝ ընտանիքի եւ մտերիմներու հետ։ Տաղաւարի գլխաւոր յատկանիշներէն մին է գունաւոր հաւկիթը։ Անցեալին ընդունուած էր հաւկիթները ներկել բացառապէս կարմիր, սակայն, այսօր կարելի է օգտագործել ծիածանի բոլոր գոյները։ Այս աւանդութիւնները շատ հրապուրիչ են յատկապէս ընտանիքի փոքրերուն համար։

Բնականաբար, Ս. Զատկի խորհուրդէն, իմաստէն եւ աւանդութիւններէն անկարելի է տարանջատել եկեղեցի այցելելը։ Արդարեւ, թէ՛ Ճրագալոյցի եւ թէ բուն տաղաւարի օրը տօնական Ս. Պատարագներ կը մատուցուին եկեղեցիներու մէջ։ Ս. Զատկի տօնը հիանալի հնարաւորութիւն մըն է համատեղելու համար հաւատքը, աւանդութիւնները եւ իրարու նկատմամբ բարեացակամութիւնը, անշուշտ, հանգիստ ու խաղաղ մթնոլորտի մը մէջ։

Եւ ահա՛, դարձեալ եկած է Ս. Զատիկը…

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ զաւակները արդէն զիրար կ՚ողջունեն Ս. Յարութեան տաղաւարի աւետիսով։ Բոլորը կը գիտակցին այս տարի եւս Ս. Զատիկը միասնաբար դիմաւորելու արժանի դարձած ըլլալու իմաստին եւ ուրախութեան։ Մարդկութեան եւ համայն հայութեան դիմագրաւած ծանր մարտահրաւէրները կու գան բազմապատկել տարի մը եւս միասնաբար այս տաղաւարի մթնոլորտը շնչելու նախախնամական կարողութեան նշանակութիւնը։

Տօնական բերկրանքին զուգահեռ՝ համայն հայութեան ուշադրութիւնը հերթական անգամ կը կեդրոնանայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ, ուր կը մատուցուի հայրապետական Ս. Պատարագ։ Ներկայ 2026 թուականի տաղաւարները կ՚առանձնանան այն առումով, որ հայրապետական Ս. Պատարագները կը մատուցուին՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ակնյայտ թիրախաւորումներու պայմաններուն ներքեւ։

Աշխարհացրիւ հայերը Ս. Զատկին հաղորդ կը դառնան իրենց ընդհանրական հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսի պատգամին, որ կը հնչէ առաքելահիմն ու լուսաւորչահաստատ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն, ի հիմանէ վերանորոգեալ Միածնաէջ Մայր Տաճարի սրբազան բեմէն։ Տաղաւարի հայրապետական պատգամը միշտ իւրաքանչիւր հայու հոգին ու միտքը կը համակէ լուսաբեւեռ Սուրբ Էջմիածնի խորհուրդով, իւրաքանչիւրին համար կը վերածուի օրհնութեան եւ բոլորի ներաշխարհին եւ ընտանեկան յարկին կը բերէ թարմ շունչ մը՝ վերանորոգ պահելով հոգեւոր միասնականութեան գիտակցութիւնը։

Շաբաթ, Ապրիլ 4, 2026