ՄԱՐՄԻՆԸ ԵՒ ԻՐ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ - Բ. -

Մենք ե՞նք մեր մարմինը, կամ հակառակը.- Նիւթականութեան ու ոգեղինականութեան յաւերժական բախումն ու ընդելուզումը ամենացայտուն կերպով կը սլանայ մարմնի միջոցաւ։ Այդ անլուծելի թնճուկը թէեւ թուի չապրեցնող, սակայն, ան կը նմանի կեանքի-գոյութենականութեան եւ ժամանակի-հատման փոխլրացման: Մենք մարմին ենք այնքան ատեն, երբ կանք այս աշխարհին մէջ կա՛մ գոյութենաբար, իսկ մարմնի նիւթականացման շրջանցնումը մեր առաքելութիւնն է: Մարմինը մենք ենք․ քանի մարմնի չմարմնացած ձեւով, չափով ու տարողութեամբ մենք չկանք ու մարմնի մնացորդածութիւնը մեզի կը վկայէ մեր սերմնականացումը, ընձիւղումն ու գալուստը:

Մարմնի խնդրականութիւնը մարդկութեան հետ.- Մարմինը ինքնին անզգամ է ինքն իր մէջ եւ կը թուի, թէ ան մարդկայնութիւն ու մարդասիրութիւն չունի, ինչքան ալ սեռաբանուի ու վերարտադրուի, բայց, նկատի առած, որ մեր բոլոր գեղեցկացումներն ու տխեղծացումները կը մարմնաւորուին մարմնով՝ չենք կրնար չըսել, որ մարմինը վեհ չէ կամ անազնիւ: Մարմինը, այո, ունի իր ջերմուժը, շունչն ու հեւքը, որոնք ինչքան ալ մարդկայնանան՝ կը մնան գաղտնածին ու անհասանելի բոլոր առումներով: Մարմնի սանձահարումն ու ուղղորդում-կրթումը ինչքան ալ մարդկային յանձնառութիւն համարուի, ան տեղ մը կը բախի բնութեան հետ: Այս կէտին այս հակասութեան վերառնումը կարեւոր է՝ քիչ մը աւելի հասկնալու համար մարմնի բնագիտութիւնն ու տարրաբանութիւնը: Մենք մեր մարմինը չենք գիտեր-ճանչնար եւ չենք ալ կրնար իրագործել լիովին անոր սանձահարումը, թէեւ կը գործադրենք մէկ կրօնի, վարչակարգի բարոյագիտութեան չափանիշները։ Տեղ մը բնագիտութիւնն ու տարրաբանութիւնը վերահաս են մեզմէ ու մենք պայքարի մէջ ենք մեր մարմին դէմ եւ ինչքան ծերանանք՝ մարմինը կը թշնամանայ մեզի, քանի կը հիւծուի ու մեզ առանձին կը ձգէ այդ հիւծումին դէմ: Մարմնի այսպէս ըսած՝ ազնուագոյն դրսեւորումներէն է՝ ի նպաստ մեզի ցաւերու անհետացման ապահովումը կա՛մ ինքնապաքինումը (որ առաւելապէս կը կատարուի երբ պատանի-երիտասարդ ենք), մինչ այդ, մարմինը կ՚ենթարկուի մեզի ու կը պարտուի մեզմէ, երբ յաջող վիրաբուժութիւն կատարենք կա՛մ ինքնակամ վերջ տանք մեր կեանքին: 

Մենք մեր երեւակայութեամբ ու ինքնաոգեղինութեամբ յաւերժագին դրոյթի մը կը ձգտինք, ինչ որ հաւանաբար կը բխի նոյնինքն մեր ունեցած մարմնէն։ Նկատի առնենք, որ եթէ մարմինը չըլլար, մենք ստիպուած պիտի ըլլայինք ստեղծել զայն կա՛մ ստեղծուիլ իրմով։ Այս կէտին կը յայտնուի երկսայրաբանութիւնը՝ երկընտրանքը, որ հակառակ մարմնային տառապանքներուն՝ հաւանաբար, գոյութեան ընտրանք մը (ուր մեր մարմինը չկայ) մերժելի պիտի ըլլար մեզի համար:

Մարմնի ինքնաբուխ կամ կառավարուող ինքնագերազանցումն ու ինքնասեռայնացումը.- Մարմինը կատարելագործուող է այնքան, որքան կենարարութիւն կայ իր մէջ եւ անոր ուղեգիծը զանազան հանգրուաններու կը տարբերի։ Հաւանաբար, ամենաժամանակեայ մարմնին կենսակերպն ու հաճոյքի աղբիւրը, իր բոլոր տարիքներու ընթացքին, սնուիլն ու ուտելիքի հանդէպ պահանջն է ու անկէ ստացուած բերկրանքը: Մանուկ, երիտասարդ ու տարիքոտ ֆիզիքական ամենամեծ հաճոյքը կրնան համարել ուտելը, իսկ մարմնի ինքնահաստատման միւս ցուցանիշը սեռաբանութիւնն ու տեսքագործումն է, ուր մարմինը կ՚ուզէ երեւիլ ու ներկայութիւն պարզել:

Մարմնին տեսքը միայն տեսք չէ, որքան ալ ըլլայ տեսքագործմամբ սեռակերտում՝ ան կ՚ուզէ ըլլալ գեղեցիկ մեզի հետ ու մեզ ալ պարտադրելով՝ ո՛չ սոսկ գեղեցկագիտական բնոյթով, այլ կուռքականացման մը համար։ Մարմինը կը ձգտի սիրաբանելու եւ սեռաբանելու, ո՛չ թէ որովհետեւ ան միայն սեռային յարաբերութեան մեքենայ մըն է, այլ որովհետեւ ան ֆիզիքապէս կոչուած է նուաճման ու նուաճում-հասանումը անոր կուռքաբանման ու յագեցման-ոռոգման մէջ կը կայանայ նաեւ (անկախ անոր սեռէն): 

Մարմինը հաճոյքներու առարկայ է, բայց ան իր գեղեցկացման համար կը մաքառի, որպէսզի հրապուրէ ու սեռաբանուի ինքնաբաւման մը համար, ինչ որ տանջալից ըլլալու կողքին՝ սոսկ անձնական է ու եսակերտման հիմքը կը համարուի եւ հոս կրնանք տեսնել մարմնի միակութեան-եսականութեան բացարձակ կերտման գործառոյթն ալ: Մարմինը կոչուած է եւ միակ տեղն է ԵՍը կերտելու, իսկ ուտելը, սեռական յարաբերութիւնն ու հրապուրումը՝ գերեսականութիւն կերտողներն են: Չմոռնանք նշելու, որ մարմնի դրսեւորումներէն մէկն ալ պատերազմիլն ու ֆիզիքական ուժ բանեցնելն է, զոր նախկին դարերուն մեծ չափով գործադրած է մարդկութիւնը:

Օ՜հ, դո՛ւն մարմին,
սրբագործ ու սրբազանց,
սպառիչ ու սլացող,
երգող ու յորդող,
ապրեցնող համեմունքային բերքով,
ու խոցող մեզ ցասումով ու վէրքով:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•շար. 2 եւ վերջ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 1, 2026