Շահան Շահնուրի «Անիմանալի գրոհ»ը յօդուածին առթիւ - Գ. «ՊԻՏԻ ՉՈՒՐԱՆԱՄ ԻՆՉ ՈՐ ԳՐԵՑԻ»
Հեռու ինձմէ ուրիշին ետեւ պատսպարելու հոգը: Եւ կը բաւականանամ հաստատելով հետեւեալը: Մինչ «Հ․Ձ» կ՚աճապարէր պախարակել զիս զարմանալի անհամբերութեամբ, օրը-օրին, եւ մինչ բազմերանգ թերթեր կ՚արտորային փողահարել իմ դատապարտութիւնս, Փարիզի «Աշխարհ»ը, զոր պէտք է բարեւել անցողակիօրէն, կը մերժէր գրոհին մասնակցիլ: Ան, որուն կապերը ամրապինդ են Երեւանի հետ, ան կը մերժէր կռուիլ թաց վառօդով: Ահա իմ նամակագրիս ցաւը․
«Երբ կարդացի ձեր Կոմիտասը սփիւռքի մէջ, մտածեցի, վերջապէս… հայ կեանքից եւ հայ գիրից հեռացած տաղանդաւոր գրողը չի կարողացել անտարբեր մնալ իր ժողովրդի տօնին՝ Կոմիտասի յոբելեանին…»։
Թիւրիմացութիւնը ակներեւ է: Ես կ՚ըսեմ 35-ի Բարեկենդան, ան կ՚ըսէ 70-ի Զատիկ: Մոլորեալ դատախազ՝ ան ինձ կը դատէ թղթածրարով մը, որ իմս չէ: Փոխն ի փոխ ձեռք կ՚առնէ վաւերաթուղթեր եւ կը վճռէ նման Արգոյն Իւպիի «փուռը նետեցէք աս թշուառը»: Յօդուածս գրուած ըլլալով 1935-ին, բնականաբար չէի կրնար յիշել ներկայի այն փառաւոր իրագործութիւնները, որոնք գոյութիւն չունէին տակաւին, ինչպէս որ չէր կանգնած Ապրիլեան յուշարձանը, ոչ ալ Սարդարապատի յաղթական կոթողը: Գիտնալով որ խօսքը կ՚ուղղեմ ո՛չ թէ նախակրթարանի աշակերտներու այլ լաւատեղեակ ընթերցողներու, աւելորդ կը համարեմ երկարել զուգահեռը: Եւ սակայն…:
Իմ ամէն մէկ մոռացումս, բնական եւ բացատրելի, ինծի կ՚արժէ վիրաւորական մեղադրանք, քսու ամբաստանութիւն եւ ձրի զրպարտութիւն: Ցեխը կ՚արձակէ լիաբուռն: Ան զիս կը ներկայացնէ իբրեւ խորթացած եւ այլասերած մէկը, որ հեռացած է «հայ կեանքից եւ հայ գրից»: Ինք որ եկաւ մօտս եւ անձամբ հաստատեց, թէ կ՚ապրիմ «հայ տունի մը մէջ, մոռցած ըլլալ կը թուի այս «մանրամասնութիւնը», ինչպէս որ անտեսած է իմ յետպատերազմեան յօդուածներս եւ երկու գիրքերս՝ «Կիրակնօրեայ թիւը» եւ «Կարմիր տետրակները»: Անկոչ հիւր սփիւռքի, իւրացուցած կ՚ըլլամ թերթին քաղաքական ուղղութիւնը: Մոլիէռ կը գործածէր այսօրինակ ապացոյց․ «ահա թէ ինչու աղջիկը խուլ է»:
Եւ ըսել, թէ «Հ․Ձ․»ի մէջ չի գտնուիր խմբագիր մը, որ արգիլէ այս գրոհը եւ չթոյլատրէ մանաւանդ որ նամակագիրը ներխուժում կ՚ատարէ իմ անձնական կեանքէս ներս: Այդ ներխուժումը կը կատարուի: Ահաւասիկ:
«Ես իր գրադարանում ոչ մի հայերէն գիրք չտեսայ, բացի մի ֆրանսէրէն հատորից…»:
Որքան դժնդակ բան է անձնական կեանքը հրապարակելու ստիպման տակ գտնուիլ: Չեմ գիտեր որո՞ւն աչքին փուշն էի, որ զիս դրին այս հարկադրանքին տակ: Բայց գիտեմ, թէ լռելը հնար չէ: Ուշադրութիւն: «Հ․Ձ» լիառատօրէն կը ղրկուի ամէն ուղղութեամբ: Ահա ուրեմն իմ պատասխանս: Արդարեւ, հայերէն գիրք չկայ իմ գրադարանիս մէջ, չեմ գիտեր ինչու: Բայց լսած եմ, որ Հանրային հաստատութիւնները ունին իրենց ներքին կանոնադրութիւնը, ըստ որուն թոյլատրելի չէ գրադարանի կամ հոմանուհիի ներկայութիւն: Լսած եմ տակաւին, թէ բացառիկ շնորհ մը կ՚ըլլայ երբեմն: Դրան ետեւ կը տրամադրուի պահարան մը, հազար քառասուն հատորով, ընդ որս երեւանեան հիւրերու ժողովածուն: Բայց վերադառնանք մեր հետաքրքիր նամակագրին, որ կը կրէ լանջախաչ:
Բարեսիրտ մարդ՝ ինծի խորհուրդ կու տայ օրինակ առնել Ուիլիըմ Սարոյեանի հայրենասիրութենէն: Չմոռնալ մանաւանդ ֆրանսագիր հայ հեղինակները: Չեմ գիտեր այս տաղանդաշատ գրողնե՞րն են, որ գործած են մեր ազգային գրականութեան մէջ եւ մշակած մեր մայրենի լեզուն, թէ չէ ես: Գիտեմ սակայն, որ հայրենասիրութիւնը բնաւ դիւրին չէր իմ ատեն եւ ոչ ալ անվտանգ: Պէտք է գիտնալ, թէ ինչ կը նշանակէ Փարիզ ապրիլ, հայ մտաւորականներու շրջանակի մէջ, եւ մէկ օրէն միւսը չէզոքացուիլ, մնալ առանձին, որովհետեւ բարեկամ թէ ընկեր երես կը դարձնեն քու տարբեր մտածելակերպիդ համար: Ազգային նոր դիրքաւորում մը կամ գրական յառաջապահ ըմբռնում մը բաւական է, որպէսզի երէկի բարեկամը վերածուի երեւանեան նամակագիրի:
Ան է, որ կը խուզարկէ գրպաններս եւ երեսիս կը զարնէ զարմիկը: Մեծ սխալ: Պէտք է եղած եղբայր կոչել երկու հայեր: Ոչ բարեկամ: Ինծի համար Պուրճ Համուտի թրքախօս հայը եւ Հարաւային Ամերիկայի սպանախօս երիտասարդը զարմիկներ են լաւագոյն պարագային: Եղբայրը «գրականութիւն» է: «Եղկելի տզրուկ» մակդիրը հայութեան ուղղուած նախատինք մը չէ․ պէտք է լաւ կարդալ իմ տողս: Այն մոլորեալ երիտասարդը, որ դաշունահարեց Դուրեան Սրբազանը, լիովին արժանի էր այդ մակդիրին: Այո պարոններ, արժանի էր: Դարձեալ իմ կողմս է ճիշդ ախտաճանաչումը՝ երբ կը գրեմ․ «Գոնէ օտար գրականութիւնը ըմբռնէինք»: Չըմբռնեցինք, սփիւռքի մէջ այսօր գրականութիւն կ՚ըլլայ, ինչպէս կ՚ըլլար վաթսուն տարի առաջ, այս բոլորէն դուրս ի՞նչ կը մնայ: Կը մնայ ճշմարտութիւն մը, որ ահաւասիկ:
Ճիշդ է, թէ իմ գրութիւններուս մէջ կայ եթէ ոչ մռայլ յոռետեսութիւն, առնուազն անբուժելի թախիծի մը քօղը: Կ՚ըմբռնեմ, որ խորթ թուի ան խորհրդային գրականութեան անայլայլ եւ օգտապաշտ լաւատեսութեան: Կ՚ըմբռնեմ տակաւին, որ նախընտրելի չըլլայ իմ գրելակերպս, ուր նիւթը կը խոնարհի ու կը նուաստանայ, դէպի բարձունքները խոյանալէ առաջ: Մեր մէջ շատեր ըրած են նոյնը, սկսեալ Խորենացիէն մինչեւ Գ․ Զօհրապ: Չեմ պնդեր:
Ես այս յօդուածը գրեցի, չթոյլատրելով որ հոն իյնայ կաթիլ մը թոյն: Անտեսելով ինծի դէմ արձակուած նախատինքները, իմ առաջին նամակս ուղղեցի Երեւան, բաց-նամակի հեղինակին: Ըսի, որ վէճը դիւրին բան է, դժուար բան է համաձայնութիւնը, իրարհասկացողութիւնը: Եւ թէ մենք պէտք է փնտռենք այս վերջինները: Ստացայ քար լռութիւն: «Նայիրի»ի մէջ կը կարդամ (Ծառուկեա՞ն)․ «Դուրեանի սպանութեան խնդիրը անլուծելի չէր: Անլուծելի բան չկայ: Կը բաւէր, որ միւս կողմը ընէր զղջումի երկու խօսք: Չըրաւ…»։
Երիտասարդ մը կրնայ լռել հպարտօրէն: Բայց Երեւանի մէջ կը մնան խելամուտ եւ բանիմաց անձեր, որոնք գիտեն, թէ թիւրիմացութիւնը եւ անգիտութիւնը բաներ են, որոնխ կը դարմանուին առանց կռիւի: Բարի կամեցողութեան հարց է: Գալով ինծի, ոչ, պիտի չուրանամ ինչ որ գրեցի:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
•շար. 3 եւ վերջ
Երեւան