ՀԵՌՈՒԷՆ-ՄՕՏԷՆ, ԴՈՒՐՍԷՆ-ՆԵՐՍԷՆ

Հեռուի-մօտի, դուրսի-ներսի խնդրականութիւնն ու հասկացողութիւնները տեւաբար զուգակցած են մարդկային կեանքի տարբեր բնագաւառներուն: Ամենացայտուն ու յատկանշուած ոլորտներէն յարաբերաբար կրնանք համարել աշխարհաքաղաքականութիւնը՝ հեռուի-մօտի, ներսի-դուրսի վարման, ընկալման ու զարգացման հոլովոյթները՝ աւելի հասկնալու իմաստով: Ինքնին ներս-դուրս, հեռու-մօտ ըլլալու նախ եւ առաջ անհատական տիրոյթը աշխարհագրական ու տեղակեդրոն է, իսկ ինչո՞ւ ինքնին գայթակղիչ է հեռուն-մօտն ու դուրսն ու ներսը՝ ո՛չ միայն փիլիսոփայական դիտանկիւնով կիրառական մօտեցմամամբ, այլ այն պատճառով, որ կայ կեանքին ու ապրուստին համար հաւանաբար օգտաւէտութիւն մը կամ արուեստաբանութիւն մը, նոյն գեղագիտական կտրուածքով ու անկէ բխած իրաւական ու վիպապաշտական թելադրութեամբ՝ կեանքը ապրելու, աշխարհն ու տիեզերքը զգալու դուրսէն-ներսէն եւ հեռուէն-մօտէն: Մենք յաւերժ դրսեցի-ներսեցի եւ հեռակայ ու մօտիկ ենք ամէն ինչով ու ամէն ինչի մէջ ու համար, իսկ մեր գոյութենական ճակատագրականութիւնը համադրելու  տրամասնութիւնը մեզ կը դարձնէ ժամանակային ու անհոգ, միեւնոյն ատեն յաւերժակերտ ու գերառաքելական: Յատկութեան խնդիր չէ, ո՛չ ալ ընտրութեան, ըլլալ ներսը կամ դուրսը, հեռավարն ու մօտիկը հարցերուն, այդ պարզապէս ապրելակերպի ամենապարտադրուած, բայց միեւնոյն ժամանակ, հեզասահ ձեւն է: Ինչպէ՞ս ընկալել հարց մը ներսէն, իսկ ետքը դուրսէն, կամ հեռուէն ետքը մօտէն, վաւերականութեան խնդիր ունինք մշտապէս եւ մենք դատապարտուած ենք այդ վաւերականութիւնը թէ՛ ապրելու եւ թէ տապալելու՝ ըլլալով մէջը եւ դրսրեցին, հեռաւորն ու մօտիկը:

 Երբ ներսն ես՝ յանձնառութիւն ունիս ապրելու, կիսելու, օգնելու, ծառայելու, ընդելուզուելու, հալելու ու բոլորին կրողը ըլլալու, նոյն ժամանակ երբ դրսեցի ես՝ մղուած ես նուաճելու, տիրանալու, յայտնաբերելու, բացայայտելու եւ դարձեալ բոլորին կրողը ըլլալու: Նոյնպէս երբ հեռու ես, չափուած ես եւ ուղղուած տեսնելու, դատելու, եզրակացնելու, իսկ երբ մօտ ես՝ ծանրաբեռնուած ես տարածելու արտահսկայանալու, ներծծելու ու կատարելու: Շատ յուզական կրնայ համարուիլ հեռուն-մօտը, ներսը-դուրսը բարոյականացմամբ ու բարիի-չարիի եզրաբանմամբ։ Կարեւոր չի թուիր յաճախ բարօրութեան ու շահադիտական-նիւթական մակարդակով այն իրողութեան զանազանումը, թէ մարդկային խաղը պարտադրուած է դուրսէն կամ ինքնածին է ու օրինաչափ, կարեւոր չի նկատուիր յաճախ նաեւ այն իրողութիւնը, որ մենք բնականացման կ՚ուզենք երթալ անձով ու հաւաքականութեամբ կամ յայտնապէս կը թերանանք ընկերաբանութեամբ կամ այս երկուքին մէջ ո՛ւր ենք: Դուրսի-ներսի, հեռուի-մօտի խաղն ու կշռոյթը մեր հայեցականութեան մէջ չէ միայն, այլ նոյն տիեզերքի բնազանցական յատկանիշէն կը բխի:

Մեր ներքին աշխարհը ինչքան ալ ակամայ արտացոլէ ու ետքը մեր բանականութեան ու ոգեղինութեան աճով տիեզերքը արտատպէ, մենք անոր գերին չենք ուզեր ըլլալ ու կը գիտակցինք, որ դուրսը մեր մէջ յաւերժաբար մխրճուող է, ինչքան ալ վանենք զայն ներսով կամ մաղենք մեր տիեզերականացումը: Նոյն ատեն մօտ ըլլալով իրականութեան ու պատահարութեան՝ մենք չենք կրնար բացարձակ պատասխանատուութիւնը ստանձնել տիեզերքին ու գոյութեան ու միշտ պէտք ունինք հեռաւորութեան մը ու նոյնիսկ վանողութեան (մեզմէ հեռու հրելով աշխարհն ու իրականութիւնը, որպէսզի ըլլանք երազային, անպատասխանատու ու չպատասխանող): Չկայ մարդկային մօտիկութիւն կամ հեռաւորութիւն, չկայ մարդկային ներքինութիւն կամ արտաքինութիւն, կայ միայն անոնց հաւասարակշռման, հարթեցման ու յարաբերակցութեան ճարտարագիտման գործը՝ մեր ու գոյութեան կողմէ անխաբան կատար-ւող։ Առանց իրարու չկան ներսն ու դուրսը, հեռուն ու մօտիկը, իսկ մենք տակաւին անկարող ենք համադրել մեր եսականութիւնը առանց վերծանումներու նոյն հեռուին-մօտիկին եւ ներսին-դուրսին:

Ես կը տեսնեմ հեռուն, բայց չեմ ուզեր, որ այդ մէկը մօտենայ, քանի հեռուով է իմ կեանքս մօտիկ: Միեւնոյն ժամանակ ես կ՚ապրիմ մօտիկը, բայց իմ սեւեռումս հեռուն է, քանի հոն կ՚երկարի իմ ըլլալս:

Ես կը փորձեմ ժայքեցնել ու հոսեցնել ներսս դէպի դուրսս, բայց ես դրսեցի չեմ, քանի ներսովս ներծծուած դուրսս ինծի համար է միայն ու չկայ դուրս ինձմէ դուրս: Միեւնոյն ժամանակ ես կը սուրամ դէպի դուրս ու կը ձգտիմ պատկանիլ դուրսին՝ վտարանդիութեան, բայց այդ բացումն է իմ ո՛չ թէ անազատումը ու ոչնչացումը ներսիս, քանի չունիմ ներս առանց գոյութեան ու տիեզերացման:

 Այսպէս, կարծեմ կը բանի գոյութենականութիւն ու ընկալումը մեր հոգւոյն ու ապրուստին, ներսն ու դուրսը, հեռուն ու մօտիկը ամենակալ են ու տեւական մեզ բնորոշող, կերտող ու առաքելացնող:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 1, 2025