ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆ
Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարայի Մոսկուա այցելութենէն վերջ, իրադարձութիւններուն կը սպասուի ուշադրութեամբ։ Այդ այցը կարեւոր կը համարուի Սուրիոյ փոխանցման շրջանի իշխանութեան եւ յատկապէս՝ Շարայի համար։ Այս վերջինը հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Այստեղ բուն շարժառիթն էր՝ Սուրիոյ հիւսիսի թղթածրարը։
Սուրիոյ հիւսիսը կը շարունակէ մնալ անկայուն։ Քրտական՝ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը կը վերահսկեն լայն տարածքներ, իսկ այժմ կը գտնուին լուրջ ընտրանքի մը առջեւ։ Անոնք կա՛մ պիտի յարգեն Դամասկոսի հետ կնքուած համաձայնութիւնը եւ կա՛մ նոր բախումներու երթան։ Եթէ համաձայնութիւն չգոյանայ, ապա շատ հաւանական է, որ ծագին նոր փախումներ՝ առանց Թուրքիոյ կամ Իսրայէլի ուղղակի մասնակցութեան։
Այս ընդհանուր անորոշութեան մէջ կը խօսուի Ռուսաստանի հաւանական նոր դերի մասին, որու հիմնական դրսեւորումը կը համարուի Շարայի Մոսկուա այցը, որու նպատակն էր ամրապնդել յարաբերութիւնները, ստանալ ռազմական աջակցութիւն եւ հզօրացնել բանակը՝ նախապատրաստուելու համար հիւսիսին ակնկալուած իրադարձութիւններուն։
Միեւնոյն ժամանակ, միջազգային դիտորդները կը հետեւին. արդեօք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ՞ պաշտպանել քիւրտերը, թէ զանոնք պիտի լքէ նոր քաղաքական պայմաններու բերմումով։ Շարա կը փորձէ օգտուիլ այս անորոշ վիճակէն՝ ստանալով Ռուսաստանի աջակցութիւնը եւ հեռու պահելով Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջամտութեան հաւանականութիւնը։
Ժամանակը յղի է եւ յառաջիկայ ամիսները վճռական պիտի ըլլան։ Ռուսաստան պէտք է որոշէ, թէ որքանո՞վ կարելի է վստահիլ Շարային։ Սուրիա պէտք է ապացուցանէ, որ պատրաստ է կատարել Ռուսաստանի սպասումները՝ փոխարէնը ապահովելով անմիջական նեցուկ, զէնք եւ զինամթերք։
Շարայէն առաջ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն պատուիրակութիւն մըն ալ այցելած էր Մոսկուա, ինչ որ բացայայտ նշանն էր մերձեցման նոր փուլին։ Իսկ այդ այցը յաջորդած էր Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանիի անցեալ ամրան այցին, որով վերսկսած էր կողմերու ռազմավարական հաղորդակցութիւնը։
Դամասկոս կը փափաքի վերակազմել իր բանակը՝ Մոսկուայի օժանդակութեամբ, որովհետեւ Արեւմուտքը կը շարունակէ սահմանափակել զէնքի մատակարարումները։ Սուրիա դիմած է Ռուսաստանին՝ ստանալու համար հրասայլերու պահեստամասեր, վերագործարկելու ռուսական արտադրութեան ռազմաօդանաւեր եւ համալրելու հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը։ Միեւնոյն ժամանակ, Սուրիոյ իշխանութիւնները կը պատրաստուին բախման հաւանականութեան, եթէ քիւրտ զինեալները չկատարեն համաձայնութիւնը։ Այդ պարագային ռուսական սպառազինութիւն ձեռք ձգելու անհրաժեշտութիւնը պիտի դառնայ աւելի քան հրատապ։
Ռուսաստան կը պահէ իր ռազմակայանները Գամիշլիի եւ Թարթուսի մէջ՝ վերահսկելով Եփրատի արեւելեան հատուածը եւ դէպի Միջերկրական ելքը։ Անոր համար Սուրիան դիւանագիտական կամուրջ մըն է Թուրքիոյ եւ արաբական աշխարհի միջեւ, ինչպէս նաեւ հակակշիռ մը՝ Արեւմուտքի եւ Իսրայէլի դէմ։ Այնուամենայնիւ, Մոսկուա տակաւին կը չափէ Դամասկոսի վստահելիութիւնը։ Քրեմլին կը փորձէ հասկնալ, թէ արդեօք նոր իշխանութիւնը լո՞ւրջ գործընկեր մըն է, թէ ոչ միայն կարճաժամկէտ նպատակներ կը հետապնդէ։
Ռուսաստան-Սուրիա նոր մերձեցումը կը բիւրեղացնէ, որ երկու կողմերն ալ կը փնտռեն փոխադարձ ապահովութեան եւ գոյատեւման նոր ձեւաչափ մը՝ Միջին Արեւելքի վերաձեւուող քարտէսին վրայ։ Ռուսաստան Սուրիան կը դիտէ՝ իբրեւ ռազմավարական անցումային գօտի՝ հակակշռելու համար ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը։ Իսկ Դամասկոսի համար Մոսկուա կը մնայ հաւանական վերջին հաւաստի դաշնակիցը՝ բանակը վերակենդանացնելու եւ ինքնիշխանութիւնը վերականգնելու ճանապարհին։ Յամենայնդէպս, այս գործընկերութիւնը կը մնայ խոցելի։ Եթէ Սուրիա շարունակէ գործել կախեալ դիրքէ եւ չձեւաւորէ բազմակողմանի արտաքին քաղաքականութիւն մը՝ հիմնուած սեփական շահերու վրայ, ապա Ռուսաստանի աջակցութիւնը պիտի վերածուի կախուածութեան նոր ձեւի մը։ Ուստի, Շարայի այցը կրնայ ըլլալ շրջադարձային եւ արդիւնքը ցոյց պիտի տայ, որ Սուրիա կը դառնա՞յ ինքնուրոյն խաղացող մը, թէ կը մնայ այլոց ռազմավարական խաղաքարտ մը։
Ի դէպ, Շարայի Մոսկուա այցը շատերու համար անսպասելի էր։ Մօտաւոր անցեալին ան եւ իր գաղափարակիցները մեծ մեղադրանքներ կ՚ուղղէին Ռուսաստանին եւ Փութինին՝ այս վերջինը համարելով Սուրիոյ իրական թշնամին։ Այսօր, երբ իրերու դրուածքը փոխուած է, Շարա ճիշդ համարեց նոր էջ մը բանալ ռուսերուն հետ։ Այցը բացայայտեց, որ քաղաքական իրապաշտութիւնը Շարան կը մղէ ուղղակիօրէն համագործակցելու Ռուսաստանի հետ՝ զայն նկատելով անփոխարինելի գործընկեր մը Սուրիոյ կայունութեան եւ վերաշինութեան գործին մէջ։ Ան Մոսկուայի մէջ հաստատեց, որ իր երկիրը կը մնայ հաւատարիմ բոլոր համաձայնագրերուն՝ ստորագրուած Խորհրդային Միութեան շրջանէն ի վեր։ Իր կարգին, Փութին շեշտեց, որ Մոսկուա-Դամասկոս յարաբերութիւնը պետական մտայնութեամբ առաջ կը տարուի, հիմնուած երկու ժողովուրդներու միջեւ տասնամեակներով ձեւաւորուած ջերմ կապերուն վրայ։
Ըստ քաղաքական վերլուծաբաններու՝ Շարայի այս քայլին մէջ նկատելի է համարձակութիւն եւ զգալի՝ պետական մտածելակերպ։ Ան կը գիտակցի, որ զգացական եւ վրիժառական մօտեցումները չեն ծառայեր Սուրիոյ շահերուն, իսկ Ռուսաստանի պատմական ներկայութիւնը այնտեղ անխուսափելի գործօն մըն է։ Շարա կը փափաքի նոր կերպով սահմանել Սուրիա-Ռուսաստան յարաբերութիւնները՝ հիմնուած ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքի վրայ։ Շարա կ՚անդրադառնայ, որ Արեւմուտքը միայն կը պահանջէ՝ առանց փոխադարձ յանձնառութեան։ Հետեւաբար, ան կ՚ուղղուի դէպի Ռուսաստան՝ որպէս աւելի վստահելի ու գործնական յենակէտ։
Հուսկ, շրջադարձ մը կայ Սուրիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ, ուր կը փորձուի հաստատել հաւասարակշռութիւն մը Արեւմուտքի եւ Մոսկուայի միջեւ։ Ռուսաստանի հետ սերտ յարաբերութիւններու ամրապնդումը կը թուի իրական քայլ մը ըլլալ՝ դէպի Սուրիոյ կայունութիւնն ու վերաշինութիւնը։ Մինչ այդ, սա կը պահանջէ թափանցիկութիւն եւ յստակութիւն, որպէսզի Սուրիան չվերածուի Ռուսաստանի շահերու մերկ դաշտի մը։
*
(Լուսանկարին մէջ՝ Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարայի եւ Ուղղափառ եկեղեցւոյ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի Յովհաննէս Ժ. Պատրիարքի (Եազըճը) նախընթաց օրուան հանդիպումը Դամասկոսի մէջ)
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան