ՏԵՍՈՂԱԿԱՆ ԿԱՄ ԹՈՒԱՅԻՆ ՅՈԳՆԱԾՈՒԹԻՒՆ

Ժամանակակից արագընթաց աշխարհին մէջ թեքնոլոժիի օգտագործումը դարձած է մեր կեանքի մէկ մասը: Այս իրավիճակի արդիւնքին յառաջացած է հասկացութիւն մը, որ կը կոչուի տեսողական կամ թուային յոգնածութիւն, ինչ որ ճնշուածութեան եւ յոգնածութեան տեսակ մըն է։ Նշեալ յոգնածութիւնը յառաջ կու գայ համակարգիչներու, հեռաձայններու եւ այլ սարքերու հետ երկար ժամերով աշխատելէ յետոյ: Այս վիճակի հետեւանքները կրնան վնասել մեր ֆիզիքական կամ հոգեկան առողջութիւնը եւ նուազեցնել մեր գործունէութիւնը։

Մարդիկ հետզհետէ աւելի շատ ժամանակ կ՚անցընեն թեքնոլոժիք սարքերու հետ՝ աշխատելու, հաղորդակցութեան եւ ժամանցի համար։ Քանի որ թեքնոլոժին շարունակ կը զարգանայ, տեսողական յոգնածութեան ըմբռնումն ու ուսումնասիրումը աւելի կարեւոր կը դառնայ, ինչ որ կը պահանջէ հետազօտութեան եւ գործնական կիրառումներու համար վաւերական չափման գործիքի մշակումը։ Գրպանի հեռաձայններու համատարած օգտագործումը եւ թեքնոլոժիք աշխատանքային ոլորտներու մէջ մշտապէս առցանց մնալու անհրաժեշտութիւնը կը մղէ ուսումնասիրել մարդոց տեսողական յոգնածութեան ընկալումը։

Չափազանց թուային յոգնածութիւնը դուրս կու գայ մարմնային եւ հոգեկան առողջութեան եւ բարեկեցութեան սահմաններէն եւ բացասաբար կ՚անդրադառնայ մարդոց ապրելակերպի վրայ։ Փաստուած է, որ տեսողական յոգնածութիւնը կ՚ազդէ մարդկային գործունէութեան, քունի խանգարման եւ ճնշուածութեան մակարդակի բարձրացման վրայ։ Սրընթաց զարգացող թեքնոլոժին կը շարունակէ ձեւաւորել մարդկային առօրեան, ուստի, աւելի կարեւոր կը դառնայ հաւասարակշռութիւն հաստատել մարդկային եւ թուային աշխարհներու միջեւ։ Պէտք է ուսումնասիրել նաեւ թեքնոլոժիք զարգացումներու ուժական բնոյթը եւ անոնց արագ համարկումը առօրեայ կեանքի տարբեր ոլորտներուն։

Տեղեկութեան դիւրութեամբ հասանելիութեան հարցով թեքնոլոժիի դերը կը մեծցնէ մարդոց առցանց մնալու փափաքը, ինչ որ կրնայ յանգեցնել բացասական հետեւանքներու։ Թուային յոգնածութիւնը կը բնութագրուի տեղեկութեան գերբեռնուածութեամբ եւ կը դառնայ աւելի տարածուած խնդիր։ Թուային յոգնածութեան պատճառ դառնալիք սարքերուն կ՚ենթարկուինք գրեթէ անընդհատ եւ ամէնուր, ամէն ինչէն տեղեակ ենք, բայց չենք կրնար ճիշդ ընկալել անոնցմէ որեւէ մէկը, ինչ որ կարելի է անուանել տեղեկութեան թունաւորում։

Այսքան շատ տեղեկութեան եւ տեսողական պատկերներու ենթարկուիլը՝ առանց զանոնք փնտռելու կամ անոնց միտումնաւոր դիմելու, կը յանգեցնէ վիճակի մը, որ կը հեռացնէ մարդիկ իրարմէ:

Յոգնած հասարակութեան «երամ»էն ազատ կամքով, իմաստութեամբ եւ ազատ խղճով անհատ դառնալու ճանապարհին նախ պէտք է ազատուինք մեր ոտքերուն ու հոգիին դրուած կապանքներէն։ Պէտք է կարողանանք շնչել եւ շօշափել կեանքն ու կենսունակութիւնը՝ առանց թոյլ տալու, որ պաստառները կլանեն մեզ:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 10, 2025