ՎԷՐՔԸ ՄԻՇՏ ԲԱՑ
Սուրիոյ այժմու իրադրութիւնը միահիւսուած, ագուցուած պայքարներու պատկեր մը կը ցոլացնէ։ Սուրիահայութեան տեսակէտէ սա կը նշանակէ համայնքային լարում, որու ծայրը կը հասնի մինչեւ բռնապետութեան նուիրականացում։ Ի՜նչ խօսք, որ պատմական օրեր են։ Սուրիոյ իրադարձութիւնները յստակօրէն ի յայտ կը բերեն, որ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը մտած է նոր եւ բաւական մեծ հարցադրումներով լեցուն ժամանակաշրջան մը։ Երկրի ժողովուրդը հակուած է կամաց-կամաց թօթափել վերջին տասնամեակներու մեծ բեռը ու նոր յոյսերով լեցուած։ Այստեղ կան տեղին հարցադրումներ՝ մանաւանդ, որ երկիրը բոլոր առումներով կքած է. տնտեսական տագնապ, ընկերային բարդ վիճակ, մեծ թիւով փախստական դարձած քաղաքացիներ, միւս կողմէ նաեւ ներքին նոր բաժանումներու, պայքարներու մտավախութիւններ։ Այս բոլորը, անշուշտ, ունին յստակ եւ պատմական հոլովոյթներէ անցած օղակներ, որոնց մասին կարելի է գրել ու պատմել նոյնիսկ գալիք սերունդներուն…
Ամէն պարագայի Սուրիան՝ որպէս տագնապալի երկիր, տակաւին երկար ժամանակ պիտի շարունակէ մնալ միջազգային մամուլի ուշադրութեան կիզակէտին եւ այստեղ իւրայատուկ կը նշուի, վաւերական հարցում մը. թէ ի՞նչ ուղղութեամբ պիտի շարունակէ իր ապագան Էսատի վարչակարգին պատճառով բզկտուած կերպարանք մը ստացած այսօրուայ «ազատ» Սուրիան։
Տարբեր ժամանակներու ընթացքին երկիրներու ազգաբնակչութիւնը վերլուծաբաններու կողմէ համարուած է հարստութիւն։ Այդպէս է, օրինակ, Լիբանանի պարագան, սակայն, Սուրիան նոյնը չէ։ Եւ հակառակ ամէն տեսակ բարդութեան՝ Էսատ ընտանիքը կարողացած էր տասնամեակներ շարունակ անխափան կառավարել Սուրիան «Պաաս» կուսակցութեան միջոցաւ։ Այդ ընթացքին ճնշումները եղած են ամեհի, շատ յաճախ արիւնալի եւ սարսափելի։ Այդ տարիներուն իրադրութիւնը շատ տարբեր էր արաբական աշխարհին մէջ։ Սիւննի հատուածը, մանաւանդ՝ Արաբական ծոցի երկիրները, նոր դուրս կու գային դէպի նաւթի աշխարհ։ Անոնք այդ միջոցներով ալ ստեղծեցին այսօր իրենց ունեցած տէրութիւնները։ Հետեւաբար, անոնք շատ ժամանակ չունէին մտածելու կամ քայլերու ձեռնարկելու, թէ ի՞նչ միջոցներով պէտք է կառավարուի տարածաշրջանը կամ ի՞նչ քաղաքականութիւն պէտք է որդեգրուի Սուրիոյ համար։ Եւ այդ ժամանակներէն ետք էր, որ Սուրիան կ՚որդեգրէր իւրայատուկ ոճ մը ու կերպով մը կ՚օտարանար արաբական աշխարհին։ Սուրիան այդ ժամանակներուն հարազատ կը համարէր երբեմնի Խորհրդային Միութիւնը ու ամբողջութեամբ կը տրուէր անոր մէկ մասնիկը ըլլալու «յուսալի» երազին։
90-ականներուն Հալէպի մէջ կրթութիւն ստացած բազմաթիւ հայեր կը պատմեն այդ օրերու կեանքին մասին։ Սուրիան զրկուած երկիր մըն էր՝ յար եւ նման սովետին։ Այնտեղ աշակերտները դպրոց կը յաճախէին՝ կրելով ո՛չ այնքան աշակերտական, սակայն, պետութեան կողմէ պարտադրուած կանաչ համազգեստներ, որոնք կերպով մըն ալ կը յիշեցնէին Սուրիոյ բանակի զինուորներու հագ ու կապը։ Սարսափը ամէն տեղ էր Սուրիոյ մէջ։ Գաղտնի սպասարկութեան՝ «Մուխապարաթ»ի ոգին ամէն տեղ կը թեւածէր ու հակառակ բազմազանութեան՝ Սուրիան խորքային ճանչցողներուն համար պատգամը շատ պարզ ու յստակ էր։
Հայութիւնը, անշուշտ, ի՜նչ խօսք, կը վարէր երջանիկ կեանք մը «Պաաս»ի թեւերուն վրայ թառած երկրին մէջ՝ դառնալով իշխանութեան ամենասիրելի եւ գովաբանուած համայնքը։ Հայերը կ՚ապրէին ուրախ ու երջանիկ՝ հակառակ նաեւ այն փաստին, որ մեծ էր թիւը սուրիահայ երիտասարդներուն, որոնք խոյս կու տային դէպի Պէյրութ։ Անոնք կը կոչուէին փախստական, որովհետեւ խոյս կու տային պարզապէս Սուրիոյ բանակին չզինուորագրուելու համար։ Քանի-քանի անգամներ ու այդ խոյս տուած ու ապա ձերբակալուած երիտասարդներէն շատ-շատերը փտած են բանտերուն մէջ։
Այսքանը շատեր գիտեն, սակայն, քիչեր միայն գիտէեն, որ Պեշար Էսատ ո՛չ միայն կը շարունակէր իր հօրը ճամբան, այլեւ աւելիով կը սաստկացնէր հալածանքները։ Ազատ խօսքի, ազատ արտայայտուելու կամ կարծիքի ազատութեան դէմ ու ամենակարեւորը՝ խտրականութեան, մենատիրութեան հիմնական թիրախը, բարեբախտաբար, հայերը չէին, այլ սիւննիներն էին։ Անշուշտ, նման քննարկումները այսօր եւս թապու կը համարուին։ Յամենայնդէպս, հիմնականը ճշմարտութիւններու շարադրումն է։ Սուրիոյ վէրքը թարմ է այսօր, արեան վախը տակաւին ամէն տեղ է։
Հիմնական հարցումը հետեւեալն է. հասա՞ծ է ժամը իրական խաղաղութեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան