ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչ կը պատահի կատարելութեամբ եւ ծուռ քալողներուն հետ:

Պատասխան. Առակացին իմաստուն հեղինակը կը գրէ. «Կատարելութեամբ քալողը փրկութիւն կը գտնէ, բայց ծուռ մարդը, որ երկու ճամբով կը քալէ, անոնց մէկուն մէջ կ՚իյնայ» (Առ 28.18): Ըսուածը շատ պարզ է. ան մարդը, որ Աստուծոյ ապաւինելով եւ Անոր առաջնորդութեան դիմելով կը կատարէ իր քայլերը եւ կը գործէ, այդպիսին ինչքան ալ դժուարութիւններու հանդիպի, ապա Աստուած իրեն ճիշդ ճանապարհը ցոյց կու տայ, աւելին, անոր պէտք եղած ուղղութիւնը կամ միջոցը ցոյց կու տայ, կարենալ դիմադրելու եւ պայքարելու դժուարութիւններուն դէմ, որ ընդհանրապէս չարէն կու գան: Իսկ ան որ Աստուծմէ հեռու կեանք մը կ՚ապրի, այդպիսին իւրաքանչիւր քայլափոխի կը սայթաքի, եւ եթէ նոյնիսկ մէկ սայթաքումէն կանգնի, անմիջապէս ուրիշի մը մէջ կ՚իյնայ, որովհետեւ իրեն օգնական ու առաջնորդ չունի զԱստուած, այլ ինքզինքին ապաւինելով կը կարծէ, թէ պիտի կարենայ յաղթահարել իր առջեւ ցցուող դժուարութիւնները, եւ չի՛ գիտակցիր, որ իւրաքանչիւր սայթաքումէ յետոյ ա՛լ աւելի կը խրուի մեղքի կեանքին մէջ ու ա՛լ աւելի կը հեռանայ Աստուծմէ, եւ այդպիսիին ետ դարձը շա՜տ դժուար կ՚ըլլայ եւ շատ յաճախ անկարելի:

Աստուծոյ հետ ապրող մարդը, այլ խօսքով ինքզինք աստուածային պահպանութեան եւ առաջնորդութեան յանձնած մարդը, ինչ դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու ալ հանդիպի, նոյնիսկ եթէ երբեմն ատոնք ցաւցնեն կամ վիրաւորեն զինք, Աստուծոյ օգնականութեամբ կը յաղթահարէ այդ բոլորը եւ ա՛լ աւելի զօրացած կը շարունակէ իր պանդխտութեան տարիներու պայքարը: Անդին, ան մարդը, որ կը յամառի իր սայթաքումներուն մէջ եւ իր հպարտութեան պատճառով հեռու կը մնայ Աստուծմէ եւ Անոր՝ մարդու ընձեռած պահպանութենէն եւ օգնականութենէն, ինքզինք յաւիտենական դատապարտութեան ու պատիժին արժանացնելով:

Հ. Մարդ պէ՞տք է հաւատարիմ ըլլայ: Տակաւին, մարդ պէ՞տք է ցանկայ հարուստ ըլլալ։

Պ. Առակացին մէջ կը կարդանք. «Հաւատարիմ մարդը շատ օրհնութիւններ կ՚առնէ, բայց հարուստ ըլլալու արտորացողը անպատիժ պիտի չմնայ» (Առ 28.20):

Այսօրուան աշխարհը խաբեբայութիւնը, գողութիւնը, կեղծիքը, զեղծարարութիւնն ու նման այլ երեւոյթներ որպէս փորձառութիւն կը ներկայացնէ մարդուն, կարծել տալով, որ եթէ մարդ այս յատկութիւնները ունենայ, ապա կրնայ յաջողիլ կեանքին մէջ, իսկ եթէ հաւատարմութեան, վստահութեան եւ անզուութեան մասին մտածէ, ապա մարդոց ծաղրի առարկան կը դառնայ եւ բոլորն ալ կ՚անարգեն զինք: Այս բոլորը, սակայն, աշխարհիկ մտածողութիւններ են, որոնք մարդս կը դատարկեն իր մարդկութենէն եւ Աստուծմէ կը հեռացնեն: 

Հաւատրամութիւնը մարդուն ամենէն գեղեցիկ զարդերէն՝ առաքինութիւններէն մէկն է, որով մարդ կը տարբերի միւս մարդոցմէ: Հաւատարիմ մարդը այն ամուր պարիսպն է, որ շատեր կը դիմեն իրեն՝ պաշտպանուելու համար զիրեն նեղող յարձակումներէն: Հաւատարիմ մարդը այն ապահով ամրոցն է, ուր մարդիկ կու գան իրենց սիրտը թեթեւցնելու, մխիթրուելու, զօրանալու եւ շարունակելու իրենց ճամբան: Այս բոլոր յատկութիւնները ունի հաւատարիմ մարդը, որովհետեւ ինչպէս Իմաստունը կը գրէ՝ «հաւատարիմ մարդը շատ օրհնութիւններ կ՚առնէ», որովհետեւ իր յարաբերութիւններուն մէջ անկեղծ ու ազնիւ է, իր անձնականը չի՛ փնտռեր, այլ՝ իր նմանինը միշտ կը փնտռէ եւ ինչ որ կ՚ընէ՝ անկեղծութեամբ եւ իր նմանին օգուտին համար կ՚ընէ, նոյնիսկ եթէ երբեմն այդ ըրածը ցաւ պատճառէ իր դիմացինին, ինչպէս Սուրբ Ամպրոսիոսը կը գրէ. «Ո՛չ բոլոր անոնք որոնք կը ներեն՝ ընկեր են, ո՛չ ալ բոլոր անոնք որոնք կը հարուածեն՝ թշնամի են: «Բարեկամին տուած վէրքերը հաւատարիմ են, բայց թշնամիին համբոյրները առատ են» [Առ 27.6]: Պետրոսը վիրաւորեց, իսկ Յուդան համբուրեց: Համբոյրը դատապարտեց Յուդային, քանի որ այն դաւաճանութեան թոյնը կը կրէր, իսկ Պետրոսին պատճառած վէրքը բուժուեցաւ, որովհետեւ անոր մեղքը արցունքներով լուացուեցաւ»: Իսկ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանը կը գրէ. «Աստուածաշունչին մէջ կը տեսնենք, որ Աստուծոյ հաւատարիմ բոլոր մարդիկ վայելած են Հայր Աստուծոյ օգնականութիւնը, զօրացած են Անոր Հոգիով ու իրենց վստահուած առաքելութիւնը կատարած»:

Հարցնենք, ի՞նչ կը նշանակէ հաւատարմութիւն: Պատասխանը քաղենք Զարեհ Ազնաւորեան Սրբազանի հետեւեալ մի քանի մտածումներէն.

* Հաւատարմութիւնը պայման չի՛ ճանչնար: Հաւատարիմ պէտք է ըլլամ ո՛չ թէ ուզած ատենս միայն, երբ իմ գործիս կամ հաշւոյս կու գայ, երբ իմ ձայնս լսելի կը դառնայ կամ երբ իմ սիրած կամ նախընտրած անձերս են գործի վրայ. այդ՝ քմահաճոյք է եւ կը կոչուի կամապաշտութիւն: Այլ՝ հաւատարիմ պէտք է ըլլամ՝ անկա՛խ պայմաններէն ու պարագաներէն, ինծի հաճելի ըլլան կամ ոչ:

* Հաւատարմութիւնը անհատական բոլոր հաշիւներէն, պատճառներէն կամ պատրուակներէն վեր, շահադիտական ամէն մօտեցում մերժող, ես-ի ամէն տրամաբանութիւն վանող եւ միայն սիրով ու նուիրումով բացատրուող ու հասկցուող հոգեկան տրամադրութիւն է: Զաւակ մը կը սիրէ իր ծնողքը ո՛չ թէ անոնց գեղեցիկ, երիտասարդ, առողջ, հարուստ կամ իմաստուն ըլլալուն համար, այլ՝ պարզապէս իր հարազատ ծնողներն ըլլալնուն համար: Ճիւղը չի՛ կրնար ծառին մաս կազմել, եթէ կը մերժէ այն բունը, որուն վրայ աճած է ինք:

* Այսօր հաւատարմութիւն չցուցաբերողը չի՛ կրնար վաղը հաւատարիմ ըլլալ:

* Հաւատարիմը միշտ գործունեայ եւ իրեն յանձնուած պաշտօնի գիտակցութիւնն ունեցող անձն է: Հաւատարմութիւնը գիտակցութիւն է:

* Եւ վերջապէս հաւատարմութեան հարցը։

Ո՞վ է, որ կը պահուի Աստուծոյ համար: 

Հաւատարիմ անձը։

Իսկ ինչպէ՞ս կը դրսեւորուի հաւատարմութիւնը:

Աստուծոյ պատուիրանները կատարելով կամ Աստուծոյ կամքին հնազանդութեամբ: Արդ, այն մարդը՝ որ Աստուծոյ պատուիրանները լսելու եւ գործադրելու վրայ է, անիկա Աստուծոյ աչքին հաւատարիմ է:

Ինչ կը վերաբերի հարուստ ըլլալու ցանկութեան, ապա այդ ցանկութիւնը ունենալը ինքնին սխալ է եւ մեղքի կ՚առաջնորդէ, մարդս ագահութեան առաջնորդելով: Մարդ պէտք է միշտ գոհունակ սիրտ ունենայ եւ իր ունեցածով բաւարարուի: Իսկ երբ այնպէս պատահի, որ մարդ իր գործերուն բերումով ժամանակի ընթացքին հարստանայ, ապա ագահութեան մէջ պէտք չէ իյնայ, որպէսզի չզրկուի աստուածային այցելութենէն, այլ խօսքով՝ Աստուծոյ ներկայութենէն իր կեանքին մէջ, եւ իր ձեռք ձգած հարստութիւնը ծառայեցնէ Աստուծոյ փառքին համար, որով Աստուած Ամենաբարին իրեն ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս օգտագործէ իր հարստութիւնը: Երբ մարդ իր հարստութիւնը Աստուծոյ վստահի, ապա այդպիսին ինքիզինք ապահովագրած կ՚ըլլայ հարստութեան գերի դառնալէն, ընդհակառակը, ինք տէրն ու տիրականը կ՚ըլլայ իր հարստութեան եւ թոյլ չի՛ տար, որ հարստութիւնը զինք գերէ եւ իր ուզածին պէս առաջնորդէ, ընդհակառակը, ինքն է, որ կը կառավարէ իր հարստութիւնը եւ զայն կը ծառայեցնէ Աստուծոյ փառքին համար, բաժնելով ու իր նմաններուն օգտակար ըլլալով: 

Պօղոս առաքեալ կը զգուշացնէ մեզ, գրելով. «Իսկ անոնք որոնք կ՚ուզեն հարստանալ, փորձութեան, որոգայթի եւ բազմաթիւ անմիտ ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ կ՚իյնան, որոնք մարդիկը կ՚ընկղմեն կը տանին դէպի կործանում եւ դէպի կորուստ, որովհետեւ բոլոր չարիքներուն արմատը դրամասիրութիւնն է, որու ոմանք ձգտելով՝ մոլորեցան հաւատքէն եւ իրենք զիրենք բազմաթիւ ցաւերու մէջ նետեցին» (Ա. Տմ 6.9-10): Հետեւաբար մարդ պէտք չէ՛ ձգտի հարստանալու, որպէսզի ինքզինք փորձութիւններու, որոգայթներու եւ մեղքերու մէջ չնետէ: 

Կ՚ուզե՞ս հարստանալ ո՜վ մարդ Աստուծոյ, հոգիովդ հարստացիր:

Կ՚ուզե՞ս հարստանալ ո՜վ մարդ Աստուծոյ, հոգիովդ ազնուացիր:

Կ՚ուզե՞ս հարստանալ ո՜վ մարդ Աստուծոյ, շուրջիններով հարստացիր:

Կ՚ուզե՞ս հարստանալ ո՜վ մարդ Աստուծոյ, Աստուծմով հարստացիր:

Կ՚ուզե՞ս հարստանալ ո՜վ մարդ Աստուծոյ, Տէր Յիսուսով զարդարուիր:

Կ՚ուզե՞ս հարստանալ ո՜վ մարդ Աստուծոյ, Սուրբ Հոգիով գեղեցկացիր:

Եւ փա՜ռք Ամենասուրբ Երրորդութեան, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 146

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունիս 10, 2025