ԴԷՊԻ ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐ

Տակաւին Իրանի պատերազմէն առաջ ալ օրակարգի վրայ էր՝ Եւրոպան դէպի ո՞ւր… հարցումը. դէպի Հնդկաստա՞ն կամ Չինաստան։ Մերձաւոր Արեւելքի այս նոր բռնկումէն վերջ առաւել եւս այժմէական դարձած է սոյն հարցումը։ Յամենայնդէպս, ԵՄ-Հնդկաստան յարաբերութիւններու մէջ նոր ժամանակներ սկսած են։ Տարեմուտէն ի վեր վճռորոշ իրադարձութիւններ տեղի կ՚ունենան Պրիւքսէլ-Նիւ Տելհի յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Այս երկու ազդեցիկ դերակատարները ստորագրեցին առեւտրային համաձայնագիր մը, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուէր անոնց քննարկման սեղանին։ Մօտաւորապէս երկու տասնամեակ տեւած բանակցութիւններէ վերջ ստորագրուած համաձայնագիրը ճանապարհ կը հարթէ, որպէսզի Հնդկաստան բանայ իր շուկան՝ քսանեօթ անդամ պետութիւններէ բաղկացեալ ԵՄ-ի հետ ազատ առեւտուր հաստատելու համար։

Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտի այս մասին մասնաւորապէս ըսաւ. «Եւրոպական Միութեան եւ Հնդկաստանի միջեւ ստորագրուեցաւ մեծ համաձայնագիր մը։ Աշխարհի զանազան տարածաշրջաններէն զայն կը կոչեն՝ բոլոր գործարքներու մայրը։ Այս համաձայնագիրը լայն հնարաւորութիւններ պիտի բանայ Հնդկաստանի 1,4 միլիառ բնակչութեան եւ Եւրոպայի միլիոնաւոր քաղաքացիներուն համար»։

Ի դէպ, այս կարեւոր քայլը կը կատարուէր համաշխարհային աշխարհաքաղաքական հետզհետէ աճող մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ, որոնց դիմաց երկու կողմերը տեսած են իրենց համագործակցութիւնը տեսակաւորելու կարեւորութիւնը, ինչ որ կ՚ենթադրէ նաեւ Ամերիակայի Միացեալ Նահանգներու ու Չինաստանի ազդեցութիւնը։ Միջազգային լրահոսին մէջ տեղ գտան բազմաթիւ դիտարկումներ, թէ Սպիտակ տունը զայրոյթ ապրած է այս համաձայնագրի ստորագրման բերումով։ Ըստ նոյն վերլուծութիւններուն՝ ԱՄՆ-ի կողմէ Եւրոպայի վրայ բանեցուած ճնշումները հակառակ ազդեցութիւն գործած են։ Մոտի յիշեալ փաստաթուղթը ստորագրած է Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստայի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի հետ։ Փաստաթուղթի ստորագրումէն կարճ ժամանակ անց Նիւ Տելհի այցելեց նաեւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն։

Այս համաձայնութիւնը կը մեկնաբանուի կարեւորագոյն մարտահրաւէրներու լոյսին ներքոյ։ Հարկ է, անշուշտ, դիտարկել, որ Եւրոպական Միութեան եւ Չինաստանի յարաբերութիւնները կը գտնուին վերարժեւորման փուլի մը մէջ։ Աշխարհաքաղաքական լարուածութիւնը, մատակարարման շղթաներու վերաձեւաւորումը եւ տնտեսական պաշտպանողականութեան աճը կը ստիպեն, որպէսզի Եւրոպա վերատեսութեան ենթարկէ իր առաջնահերթութիւնները։ Այս համատեքստին մէջ ԵՄ-ի վերջին քայլերը՝ յատկապէս Հնդկաստանի հետ ստորագրուած ազատ առեւտուրի համաձայնագիրը, պէտք է դիտարկել ո՛չ միայն իբրեւ տնտեսական գործարք, այլեւ իբրեւ ռազմավարական պատգամ՝ ուղղուած Չինաստանին եւ, ընդհանրապէս, բազմաբեւեռ աշխարհակարգի պայմաններուն։

Եւրոպական Միութիւն-Չինաստան առանցքին վրայ ալ նոր վերադասաւորումներ աչքի կը զարնեն։ Նիւ Տելհիի մէջ տեղի ունեցած պատմական իրադարձութիւնը՝ Հնդկաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համապարփակ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի կնքումը կը բացայայտէ, փաստօրէն, Եւրոպայի նոր ռազմավարական մտածելակերպը։ Երկու տասնամեակ տեւած բանակցութիւններու աւարտին ստորագրուած համաձայնագիրը ծնունդ առաւ այն պայմաններուն մէջ, երբ միջազգային ազատական տնտեսական համակարգը կը գտնուի ճնշման տակ՝ ԱՄՆ-ի պաշտպանողական մաքսային քաղաքականութիւններուն եւ Չինաստանի շարունակական ազդեցութեան պատճառով համաշխարհային մատակարարման շղթաներուն մէջ։

Մոտի համաձայնագիրը բնութագրեց՝ որպէս «առեւտուրի մայր գործարք»՝ միաւորող երկու հսկայ շուկաներ, որոնք միասին կը ներկայացնեն աւելի քան երկու միլիառ բնակչութիւն եւ համաշխարհային համախառն ներքին արդիւնքի շուրջ քառորդը։ Սակայն, այս համաձայնագիրը ունի աւելի խոր ռազմավարական նշանակութիւն մը։ Սա Եւրոպայի կողմէ փորձ մըն է՝ զանազանեցնելու իր տնտեսական համագործակցութիւնները եւ նուազեցնելու կախուածութիւնը թէ՛ Ուաշինկթընէն եւ թէ Փեքինէն։

Եւրոպայի համար Հնդկաստան կը դառնայ կենսական ապրանքներու արտադրութեան եւ մատակարարման ռազմավարական այլընտրանք մը։ Հնդկաստանի համար, իր հերթին, Եւրոպան մեծ շուկայ մըն է եւ ներդրումային ու թեքնոբանութեան կարեւոր աղբիւր մը, որուն միջոցաւ կարելի է հակակշռել Չինաստանի տնտեսական գերակայութիւնը։ Ազատ առեւտուրի համաձայնագիրը կը նախատեսէ մաքսատուրքերու լայնածաւալ կրճատում։ Հնդկաստան կը համաձայնի զգալիօրէն իջեցնել բարձր մաքսատուրքերը՝ ներառեալ ինքնաշարժներու պարագային, 110 տոկոսէն մինչեւ 10-40 տոկոս, տարեկան սահմանուած ներմուծման ծաւալով։ Այս քայլը զգալի խթան մը պիտի հանդիսանայ եւրոպական արդիւնաբերութեան համար։ Նաեւ կը նախատեսուի գինիի եւ ոգելից ըմպելիքներու մաքսատուրքերու իջեցում, ձիթաիւղի մաքսատուրքի աստիճանական վերացում եւ այլ ապրանքներու ազատականացում։

Փոխադարձաբար, Հնդկաստանի հագուստեղէնի, զարդեղէնի, ճարտարագիտական եւ կաշուէ արտադրանքները պիտի օգտուին՝ դէպի եւրոպական միասնական շուկայ աւելի մատչելի մուտքէ։ Ծառայութիւններու ոլորտը եւս կը բացուի հնդկական ընկերութիւններուն առջեւ՝ ներառելով ելմտական, փոխադրական, հաշուապահական եւ իրաւաբանական ծառայութիւնները։ Նշանակալի տեղ կը յատկացուի նաեւ մասնագիտական շարժերու դիւրացման եւ ուսանողական փոխանակումներու ընդլայնման։

Այս բոլորը կը վկայեն, թէ Եւրոպա կը փորձէ ձեւաւորել տնտեսական նոր քարտէս մը, ուր գործընկերութիւնները հիմնուած են վստահութեան, փոխշահաւէտութեան եւ ռազմավարական ինքնավարութեան վրայ։ Սակայն, Չինաստանի հետ յարաբերութիւններու վերափոխումը կը պահանջէ՝ առեւտրային համաձայնագրերէ աւելին։ Եւրոպա պէտք է ամբողջովին գիտակցի, որ նոր մօտեցումը հրատապ է եւ պէտք է ընդունի թէ՛ տնտեսական ծախսերը եւ թէ քաղաքական կամք ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը։ Եթէ ԵՄ կը ձգտի ունենալ աւելի համապարփակ համաշխարհային դերակատարութիւն մը, ապա պէտք է դիմագրաւէ նաեւ ներքին մարտահրաւէրները՝ ներառեալ ազգայնական եւ ծայրայեղ աջակողմեան հոսանքներու աճը, որ հարցականի տակ կը դնէ համաշխարհայնացման օգուտները։ Եւրոպայի հնարաւորութեան պատուհանը կրնայ շուտով փակուիլ։ Ան պարտաւոր է բազմազանեցնել իր գործընկերութիւնները, առաջարկել նոր տնտեսական համաձայնութիւններ՝ հիմնուած ընկերութիւններու եւ կառավարութիւններու փոխադարձ վստահութեան վրայ եւ, միաժամանակ, պաշտպանել իր ընկերային պայմանները։

Պահը հրատապ է։ Եւրոպայի համար տատանումի գինը շատ աւելի բարձր կրնայ ըլլալ, քան վճռական քայլերու գինը։ Յստակութիւնը, միասնականութիւնն ու քաղաքական վճռականութիւնն են այն առանցքները, որոնցմէ կախուած է Եւրոպայի յաջողութիւնը նոր աշխարհակարգին մէջ՝ թէ՛ Չինաստանի հետ համակեցութեան եւ թէ այլընտրանքային գործընկերութիւններու կառուցման ճանապարհին։

Ուշադիր պէտք է հաշուարկել Չինաստանի մարտահրաւէրը՝ Եւրոպայի ապագայ բարգաւաճման ճանապարհին։ Արդարեւ, Չինաստան լուրջ մարտահրաւէր մը կը համարուի Եւրոպական Միութեան բարգաւաճման տեսակէտէ՝ որպէս միասնական պլոք մը։ Այս երկիրը նաեւ ինքնին մարտահրաւէր մըն է այն ընկերային պայմաններուն դէմ, որոնք կը միացնեն եւրոպական հասարակութիւնները։ Այսինքն խօսքը կը վերաբերի այն համոզման, թէ տնտեսական բարգաւաճումը պէտք է կապուած ըլլայ ժողովրդավարական, ներառական եւ համահաւասար ներքին համակարգի մը հետ։

Չինական արդիւնաբերական ձեւաչափը միտումնաւոր կերպով կը ձեւաւորէ անարդար առեւտրային գործելակերպեր։ Գերներդրումներու, պետական օժանդակութիւններու, գերհզօր արտադրական կարողութիւններու եւ գերարտադրութեան միջոցով Փեքին կը ստեղծէ խեղաթիւրուած մրցակցային դաշտ մը՝ Չինաստանի եւ այլ երկիրներու միջեւ։ Աւելի՛ն, Չինաստանի «երկակի շրջանառութեան» կոշտ ռազմավարութիւնը՝ ուղղուած ներքին տնտեսութեան ինքնաբաւութեան եւ տոկունութեան ամրապնդման, միաժամանակ, աշխարհը այդ տնտեսութենէն կախեալ դարձնելու նպատակով, ուղղակի ազդեցութիւն ունի Եւրոպայի հաւանական բարգաւաճման վրայ։

Աճող մրցակցութեան պայմաններուն մէջ եւրոպական ընկերութիւնները աստիճանաբար կը կորսնցնեն իրենց մրցունակութիւնը եւ նորարարական առաւելութիւնները՝ յատկապէս ռազմավարական ոլորտներու մէջ։ Չինական գերարտադրութիւնը անխուսափելիօրէն պիտի տարածուի նաեւ արդիւնաբերական մեքենաշինութեան եւ բաղադրիչներու, դեղագործութեան եւ աւանդական կիսահաղորդիչներու ոլորտներուն վրայ, որոնք վճռորոշ նշանակութիւն ունին Եւրոպայի արդիւնաբերական հիմքին համար։ Եւրոպայի մրցունակութեան վրայ այս խիստ ճնշումը տեղի կ՚ունենայ փոխադարձ տնտեսական ճնշումներու նոր դարաշրջանի մը պայմաններուն մէջ։ Չինաստանի կողմէ վերջերս հաստատուած սահմանափակումները՝ կենսական հումքերու արտահանման վրայ, կը յուշեն, որ Փեքին պատրաստ է վերահսկողութեան գործիքները քաղաքականացնելու՝ Եւրոպայի վրայ ճնշման միջոցներ ստեղծելու եւ լարուածութիւնը համակարգուած կերպով սրելու համար։

Ուրեմն, Եւրոպա պէտք է պատրաստուի այս իրողութեան։ Այսուհետեւ, անգամ մը, որ Եւրոպան հետաքննութեան սկսի՝ մրցակցային հաւասար պայմաններ ապահովելու եւ իրական փոխադարձութիւն կառուցելու նպատակով, ամենայն հաւանականութեամբ, Չինաստան պիտի պատասխանէ համարժէք քայլերով։ Այս տրամաբանութիւնը արդէն տեսանելի դարձաւ, երբ Չինաստան ժամանակաւոր միջոցներ կիրառեց եւրոպական կաթնամթերքի եւ խոզի միսի դէմ՝ ի պատասխան ԵՄ-ի կողմէ չինական ներդրումներու վերաբերեալ քննութեան։

Լարուածութեան սրացումն ու անկանխատեսելի զարգացումները՝ ներառեալ սխալ հաշուարկներու վտանգը, այսօր գրեթէ բնականոն երեւոյթ դարձած են Եւրոպա-Չինաստան յարաբերութիւններուն մէջ։

Հուսկ, Եւրոպան դէպի ո՞ւր հարցումը միշտ այժմէական է։ Աւելի՛ն, Պրիւքսէլ-Նիւ Տելհի ազատ առեւտուրի համաձայնագրի ստորագրման յաջորդած է Մերձաւոր Արեւելքի դաժան պատերազմը. գործօն մը, որ իրադարձութիւնները կրնայ արագացնել կանխատեսումներէ շատ աւելի եւ արհեստականօրէն։ Այս բոլորը կը փաստէ, որ ԵՄ կը գտնուի ռազմավարական խաչմերուկի մը առջեւ։ Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները այլեւս չեն կրնար սահմանափակուիլ միայն տնտեսական փոխանակումներով։ Անոնք առընչուած են անվտանգութեան, թեքնոբանական գերակայութեան, արժէքային համակարգերու եւ աշխարհաքաղաքական ազդեցութեան հարցերուն։ Հետեւաբար, Եւրոպայի ընտրութիւնը պարզ է՝ ան պէտք է միաժամանակ պահպանէ համագործակցութեան դաշտերը եւ սահմանագծէ իր շահերը։

Հնդկաստանի հետ ստորագրուած համաձայնագիրը կը վկայէ, թէ Եւրոպա կը փորձէ կառուցել բազմաբեւեռ եւ աւելի հաւասարակշռուած գործընկերային ցանց մը՝ առանց ամբողջական խզումի Չինաստանի հետ, սակայն, նաեւ առանց միակողմանի կախուածութեան։ Ապագան պիտի պատկանի այն ուժին, որ կրնայ համադրել տնտեսական իրապաշտութիւնը՝ քաղաքական յստակութեան հետ։

Եթէ Եւրոպական Միութիւնը կարողանայ միաւորել իր անդամ պետութիւններու կամքը, ձեւակերպել համարձակ եւ միասնական քաղաքականութիւն մը եւ պաշտպանել իր հասարակական ու ժողովրդավարական հիմքերը, ապա ան կրնայ ո՛չ միայն համակեցութիւն ապահովել Չինաստանի հետ, այլեւ ձեւաւորել նոր վստահելի եւ կայուն միջազգային տնտեսական համակարգ մը։ Այլապէս, եթէ տատանի, ապա Եւրոպայի տեսակէտէ վտանգը կը մնայ՝ արագ փոխուող աշխարհակարգի որոշիչ հոլովոյթներէն դուրս մնալու։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2026