ԴԱՐԱԿԱԶՄԻ՞Կ ՓՈՒԼ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Մերձաւոր Արեւելքի նկատմամբ իր ոճով անմիջական ուշադրութիւն կը ցուցաբերէ՝ Կազզէի պատերազմով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, ուր Իրանի վերաբերեալ իրադարձութիւններն ալ կը կազմեն առանձին գլուխ մը։ Թրամփ վերջերս շրջագայութիւն մը իրականացուց դէպի Մերձաւոր Արեւելք։ Դարակազմի՞կ էր այս այցելութիւնը, որ անոր նոր ծրագրերուն շուրջ ազդանշաններու դուռ բացաւ։ Միջազգային մամուլը այցելութեան օրերուն ողողուած էր մանրամասնութիւններով, սակայն, յաջորդած շրջանին պատկերը հետզհետէ կը բիւրեղանայ։
Մերձաւոր Արեւելքի կտրուածքով անցեալ շրջանին կարեւորագոյն զարգացումը, անշուշտ, Թրամփի շրջագայութիւնն էր։ Այս այցելութիւնը յատուկ նշանակութիւն ստացաւ ԱՄՆ-ի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու՝ մանաւանդ Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց միջեւ։ Թրամփի այցելութեան կարճ բնութագրումն է՝ մեծ գումարներ, նոր ծրագիրներ, երկարաժամկէտ համաձայնութիւններ։ Բնականաբար նորութիւն մը չէ հաշուի առնել Թրամփի արտաքին քաղաքականութեան նշաձողը, որուն ամենէն հիմնաւոր սիւնն է նիւթական շահը։ Ան նոյն ձեւով կը մտածէր իր նախագահութեան առաջին ժամկէտին եւ այսօր ալ նոյն կերպով կը շարժի։ Միայն կայ մէկ տարբերութիւն. մինչ անցեալ փուլին Թրամփի կամ անոր գծած ուղղութիւններուն շուրջ կային զսպիչ օղակներ, ապա այսօր այդ օղակները ընդհանրապէս կը բացակային։ Որքան որ ալ այլ ուղղութեամբ լուրեր ուշադրութենէ չսպրդին, Թրամփ, բնականաբար, վերընտրուելու մասին չի մտածեր։ Բայց եւ այնպէս, կը խորհի ստանալ այնպիսի միաւորներ, որոնք կուտակուելով պիտի դառնան իսկական դրամագլուխ մը եւ պիտի դրուին զինքը փոխարինելիքին տրամադրութեան տակ։ Այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք, յստակօրէն կ՚ուրուագծուի, որ եթէ Թրամփի այս այցելութեան հիմնական նպատակը սէուտցիներէն ու քաթարցիներէն ներուժ ծծելն ու դրամական մեծ հոսքեր ապահովելն էր, ապա, միեւնոյն ժամանակ, Թրամփ պարտաւոր էր հաշուի նստիլ ու կերպով մըն ալ գոհացում տալ արաբական աշխարհի սիւննի բաղադրիչին։
Ու այս գաղափարին վրայ հիմնուելով պէտք է ճիշդ կարդալ Թրամփի՝ Սուրիոյ եւ անոր ղեկավարին՝ Ահմէտ Շարային հանդէպ յայտարարուած կեցուածքներուն իսկական նպատակը։ Խաղը այսօր փոխուած է եւ առաջուանը չէ։ Յստակ է, անշուշտ, որ Թրամփ այս առումով ականջ տուած է սիւննի բաղադրիչին՝ հաւատալով եւ ընդգծելով, թէ յառաջիկային Ահմէտ Շարայի Սուրիան ո՛չ միայն այլեւս ահաբեկչական երկիր մը պիտի չըլլայ, այլեւ պիտի ունենայ կեդրոնական դեր եւ դերակատարութիւն։ Միջազգային որոշ ատեաններու մօտ Շարայի դէմ կատարուած դիմումները դժուար թէ փոխեն այս պարագան։
Իրանի նկատմամբ ալ կա՞յ նոր մօտեցում մը… Այս բոլորին զուգահեռ՝ յստակ է, անշուշտ, որ արաբներուն հետ իր ունեցած շփումներուն ժամանակ ու յատկապէս՝ այդ շփումներէն ետք, Թրամփ էապէս փոխեց իր խօսելաոճը Իրանի պարագային։ Թէ ի՞նչ խօսակցութիւն եղած է Թրամփի եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանի միջեւ՝ կը շարունակէ մնալ խորհրդաւոր։ Բայց եւ այնպէս, այս առումով կայ կարեւոր հանգամանք մը, ըստ որու՝ սէուտցիք առաջուան խօսոյթը չունին Իրանի հանդէպ՝ նախ այն պատճառաւ, որ Իրան տարբեր առումներով հեռացած է Մերձաւոր Արեւելքի տեսադաշտէն։ Բաց աստի, Թեհրանի եւ Արաբական ծոցի երկիրներուն միջեւ բացուած է բոլորովին նոր էջ մը։ Բոլոր կողմերը կը հաւատան համագործակցութեան եւ կը խօսին համապատասխան լեզուով։ Հետեւաբար, այս ձեւաչափին մէջ անհնար է նաեւ առողջ եւ կուռ գործընթացներու սկսիլ՝ առանց Իրանին։
Սուրիոյ, Լիբանանի եւ նոյնիսկ Եմէնի մէջ Իրան ձեռքէ հանած է այն բոլոր սանձերը, որոնց ճամբով ալ այդ երկիրը կը յայտարարէր, որ իրեն համար կային նաեւ այլ երեք մայրաքաղաքներ, որոնք Թեհրանին համազօր կամ անկէ քիչ մը նուազ կարեւորութիւն կը ներկայացնէին եւ կը համարուէին կցորդներ։ Թէ ի՞նչ կրնայ ստանալ Իրան այսքան զիջումէ կամ նահանջէ յետոյ՝ դեռ պարզ չէ, սակայն, հասկնալի է, որ ան առանց նոր խոստումներու կամ միաւորներու՝ անկարելի էր, որ կիսատ ձգէր իր կողմէ տնօրինուած խաղերը։
Պարզ է, անշուշտ, որ Թրամփ հարցերուն կը նայի նաեւ այս կտրուածքով ու կարծես անոր խօսելաոճը, նշումները կամ արձակած նետերը ունին յստակ ուղղութիւն մը։ Այս բոլորը առաւելաբար կը խօսի Իրանի հետ համաձայնութեան մը հասնելու մասին։ Այստեղ, անշուշտ, կայ այս մետայլի միւս երեսակը, ուր կ՚երեւի Իսրայէլը։ Խորքային հատուածին մէջ կայ «Աբրահամի համաձայնութիւն» անունով ներկայացուցած վաւերաթուղթը, որ յառաջիկայ փուլին դարձեալ երեւելի պիտի դառնայ։ Այդ վաւերաթուղթը այս անգամ պիտի ներկայացուի Սուրիոյ՝ մինչ Ահմէտ Շարա, պատրաստ է ամէն զիջում կատարելու, որպէսզի իր երկիրը վեր հանէ արիւնով ծածկուած ճահիճներէ։ Հետեւաբար, Իրանի հետ հաւանական որեւէ համաձայնութիւն մը նոր դռներ պիտի բանայ եւ նոր օրակարգ մը պիտի ձեւաւորէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Այս գործընթացի ընդհանուր վերնագիրն է՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ընդհանուր խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն…
Թէ ի՞նչ կացութեան մէջ է Լիբանանը՝ Թրամփի այցելութենէն ետք։ Անոր դէմ Իսրայէլի վերջին յարձակումներէն ի վեր, երկրէն ներս քաղցկեղի նման տարածուած է ապօրինի զէնքի հարցը, որ մշտական օրակարգ դարձած է։ Այս առումով եւ ամէնօրեայ դրութեամբ յառաջ մղուած խօսոյթի հիմնական թիրախն է Լիբանանի «Հիզպուլլահ»ը, որ մատնուած է բաւական խոցելի վիճակի մը։ Պէտք չէ մոռնալ, որ հակառակ «Հիզպուլլահ»ի կրած ծանր կորուստներուն՝ անոր գաղափարին ու էութեան հաւատարիմ ռազմիկները տեղի չտուին։ Թէ այս բանը ինչքանո՞վ լաւ է Լիբանանին համար՝ պիտի երեւի ապագային, բայց, Իսրայէլ երբեք չի պատրաստուիր ամբողջական եւ մանաւանդ՝ ազնիւ խաղաղութեան մը կամ համակեցութեան մը Լիբանանի հետ, ինչ որ հիմնական է։
Միւս կողմէ, շրջանառութեան մէջ դրուած է վարկած մը, ըստ որուն՝ հակառակ մեծ ճիգերուն եւ Լիբանանի նախագահին ու վարչապետին կողմէ տրուած վստահեցումներուն՝ ԱՄՆ բնաւ պատրաստ չէ իսկապէս եւ բաւարար ձեւով զինելու Լիբանանի բանակը։ Սա արդէն աւելիով կ՚ամրապնդէ թերահաւատութիւնները, ինչ որ կը խորացնէ ապագայ որոշ անկայունութեան մը վերաբերեալ մտահոգութիւնը։ Ամերիկացիները կը փափաքին, որ «Հիզպուլլահ»ի զէնքը վար առնուի, սակայն, պատրաստ չեն զինել երկրի բանակը։ Միեւնոյն ժամանակ, անոնց համար բնաւ էական չէ, որ երկրի ներքին կայունութեան տեսակէտէ խանգարիչ Պաղեստինի ապօրինի զէնքը վար առնուի։ Յամենայնդէպս, այս բոլորով հանդերձ, Լիբանանի կառավարութենէն կը պահանջուի, որ վերահսկէ սահմանային գօտին եւ իր տիրապետութեան տակ առնէ այն բոլոր օճախները, որոնք ռիսք կ՚ենթադրեն։ Անշուշտ, սա կը խօսի Իսրայէլի հանգստութեան մասին, Լիբանանի ներքին իրավիճակը կը թուի անկարեւոր ըլլալ։ Այստեղ կը ծագի հարց մը. Լիբանանի մէջ կայ ներքին լարուածութեան վտանգ։ «Հիզպուլլահ»ի դէմ յառաջացած ատելութեան վրայ ջուր պիտի թափուի՞ եւ սա ինչքանո՞վ կրնայ վնասել Լիբանանի ներքին կայունութեան։
Այս բոլորը կարեւոր է՝ քանի Իրան նոյնպէս պատրաստ չէ ամբողջութեամբ լքելու «Հիզպուլլահ»ը, որովհետեւ անոր համար ամերիկեան կողմին հետ բանակցութիւններ վարելու ժամանակ սա լաւ խաղաքարտ մըն է։ Մնաց որ, Լիբանանի շիի հիմնական ուժը՝ «Հիզպուլլահ» այսօր եւս կը շարունակէ ուժերու յարաբերակցութեան մէջ նշանակալի դեր մը ունենալ՝ հակառակ իր վիրաւոր վիճակին։ Իրանի կշիռն ու խաղը կրնան ազդու ըլլալ Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ, ուր դարձեալ ոտքի կրնայ կանգնիլ «Հիզպուլլահ»ը, որ զոհ գացած է արդիական զէնքերու ու ներքին լրտեսութեան։ Այս պարագային, անոր մարտիկները դարձեալ կրնան սպառնալիքի վերածուիլ Իսրայէլի դէմ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան