ԱՊՐՈ՞ՒՍՏ, ԹԷ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ
Հայ լրագրութեան չոր անապատին մէջ յոյս մը կը նկատուի վերջերս. խօսքը կը վերաբերի Յովիկ Շէհիրեանին, որ Հալէպէն է: Իր փորձառութեան լոյսին տակ հերթական անգամ ի յայտ կու գայ այն հարցումը, թէ լրագրութիւնը ապրուստի ճամբա՞յ է, կամ առաքելութիւն:
Ի՞նչ է լրագրող բառին իսկական իմաստը հայ հասարակութեան համար։ Ինչքանո՞վ փոխուած է այս ասպարէզը մեր օրերուն։ Եւ ամենակարեւորը՝ հայ լրագրողին բուն ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։ Նման հարցումներ յաճախ կը հնչեն մարդոց կողմէ, որոնց համար շատ ալ կարեւոր չէ, որ նոյն այդ լրագրողները կամ լրագրութեան մէջ ասպարէզ մը տեսնողները ի՛նչ պայմաններու տակ կ՚ապրին, ինչպէ՛ս կը վաստակին իրենց ամէնօրեայ հացը եւ ի՛նչ բարդութիւններու առաջ կը կանգնին իրենց ապրած վայրերու համայնքի հանրութիւնը եւ ի մասնաւորի՝ համայնքի «տէրեր»ը գոհ ձգելու համար։ Հարցերը, ի հարկէ, նորութիւն չեն, բայց, վերջին տարիներուն անոնք կը հնչեն աւելի յաճախակի կերպով։ Ի՞նչ են արդեօք իրական պատճառները եւ արմատները այս հարցումներուն…:
Լրագրող բառին իմաստը հայ հասարակութեան մէջ… Լրագրողը միշտ ալ հնչած է ինչ-որ չափով երկդիմի։ Մէկ կողմէ ան կը կապուի ճշմարտութեան որոնման, իրազեկումի եւ լուսաւորման առաքելութեան հետ։ Միւս կողմէ, թերեւս աւելի նեղ ու կենցաղային ընկալումով՝ լրագրողը դիտուած է՝ իբրեւ այն անձը, որ լուրը կը փոխանցէ կա՛մ կը գրէ թերթին մէջ։ Այս պարզեցուած պատկերացումը պատճառ դարձած է, որ մասնագիտութիւնը երբեմն արժեզրկուի եւ չվայելէ հասարակական այն բարձր յարգանքը, որ ունի, օրինակ, բժիշկը, ուսուցիչը կամ փաստաբանը։
Վերջին երկու տասնամեակները լրագրութեան մէջ իսկական ցնցում ստեղծեցին։
Արհեստագիտութեան յեղափոխութիւնը, ընկերային ցանցերը լրագրողը զրկեցին լուրի մենաշնորհէն։ Ամէն մարդ կրնայ լրատու մը դառնալ, իսկ լրագրողը այլեւս պէտք է ապացուցանէ իր մասնագիտական լրջութիւնը։
Քաղաքական ազդեցութիւնները Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ լրագրողը յաճախ կ՚ենթարկեն ուժեղ ճնշումներու՝ կուսակցական, տնտեսական կամ համայնքային։ Այս վիճակը նուազեցուց անկախութեան եւ վստահութեան մակարդակը։ Վրայ կը հասնի ընկերային խոցելիութիւնը: Բազմաթիւ լրագրողներ կը գործեն ցած վարձատրութեամբ՝ առանց երաշխիքներու։ Այս ալ, իր հերթին, կը յանգեցնէ ինքնագրաքննութեան կամ հովանաւորներէ կախուածութեան։
Հայ լրագրողի բուն ծառայութիւնը, առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ ո՛չ թէ միայն տեղեկութիւն փոխանցել, այլեւ հասարակութեան մէջ, համայնքային ինքնագիտակցութիւն եւ հանրային վերահսկողութիւն ստեղծել։ Այս առաքելութիւնները երեք մասով կրնան մեկնաբանուիլ․
1. Ճշմարտութեան պաշտպանութիւն. ներկայացնել փաստերը՝ առանց խեղաթիւրման, նոյնիսկ եթէ դժուար է լսել։
2. Հանրային շահի պահապանութիւն. լրագրողը պէտք է մշտական հարց տայ իշխանութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ համայնքային «տէրերուն»։ Աւելի պարզ՝ չլռել այնտեղ, ուր լռութիւնը կը վնասէ։
3. Կապ համայնքին եւ աշխարհի միջեւ. լրագրողը կամուրջ է հայ հասարակութեան եւ արտաքին աշխարհի միջեւ։ Սա կը բերէ նոր գիտելիք, կը բացատրէ բարդ իրողութիւնները եւ ընթերցողը կը մղէ աւելի լայն տեսանկիւն մը ունենալու:
Այս ասպարէզը կը փոխուի, բայց, իր էութիւնը նոյնը կը մնայ. ծառայել ճշմարտութեան։ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ լրագրողին առաքելութիւնը աւելի ծանր է, որովհետեւ ան պէտք է միաժամանակ դիմագրաւէ արտաքին ճնշումներ եւ ներքին սահմանափակումներ։ Եթէ լրագրողը մոռնայ իր հասարակական ծառայութիւնը եւ վերածուի միայն պաշտօնական ձայնափողի մը, ապա կորսնցուցած կ՚ըլլայ իր իսկական կոչումը։
Գալով Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութներուն եւ լրագրութեան… Ամենադժուարը Մերձաւոր Արեւելքի գաղութներուն մէջ իսկապէս լրագրողութիւն ընելն է։ Ո՛չ այդ տեսակը, որ գիշեր ցերեկ քծնելով զբաղած է, այլ ան՝ որ կը վկայագրէ, կը պատմէ եւ կը ներկայացնէ։ Կը ներկայացնէ լուրը, ինչպէս որ կայ, ո՛չ թէ ինչպէս, որ իր սիրտը կ՚ուզէ կամ ինչպէս որ համայնքի առաջնորդը։ Մանաւանդ այս փուլին ամենադժուարն է Պէյրութի կամ Հալէպի մէջ լրագրող դառնալ ու շարունակել կրել հայկականութեան վկայութիւն հանդիսացող ԵԱՆ-ը։
Յովիկ Շէհիրեանի օրինակը շատ յատկանշական է: Մեր գաղութներուն մէջ, շատ լաւ գիտեմ, որ համայնքը յարգած է ու դեռ ալ պիտի յարգէ այն գրչակներն ու գրիչ շարժողները, որոնք տեւաբար քծնելու ետեւէ են…։ Թող գրեն դրական երեւոյթներու մասին, բայց, չթաքցնեն ճշմարտութիւնները։ Ի վերջոյ, մեր բոլորին համար կարեւոր է, թէ իրապէս ի՛նչ կը կատարուի Հալէպի Նոր Գիւղ թաղամասին կամ Պէյրութի հայահոծ Մըզհէր շրջանին մէջ։ Կամ ինչպէս կ՚ապրին հայերը քիչ մը աւելի հեռու, անտեսուած Ամմանի, Աղեքսանդրիոյ, կամ նոյնիսկ իրաքեան Քերքիւք քաղաքին մէջ…։
Ու այդ ամեհի առաքելութիւնը դրուած է, դրուած պէտք է ըլլայ՝ մանաւանդ հայ երիտասարդ լրագրողներու ուսերուն։ Այս առումով այս աշխատանքը փայլուն կը կատարէ Հալէպէն՝ լրագրող Յովիկ Շէհիրեան, որ ժամանակ մը հեռու մնալով «Սանա» պետական գործակալութենէն, վերջերս վերադարձած է անոր շարքերուն։ Ան բարդ ճանապարհ մը բոլորեց։ Գործի անցաւ այն օրերուն, երբ Հալէպը կրակներու տակ էր, ապրեցաւ պատերազմի սեւն ու սպիտակը, բաժնեց ու տեղեկագրեց այդ ամբողջ տառապանքը, որմէ անցաւ, բայց, շարունակեց կանգուն մնալ Հալէպ քաղաք-ծննդավայրին մէջ, ու այդ ըրաւ, որովհետեւ շատ սիրեց իր ծննդավայրը ու դեռ ալ կը շարունակէ իր երթը առանց նահանջի։ Գրեց հայկական համայնքի մասին ու տեղեկագրեց այն ամէնը, որմէ անցաւ ու դեռ ալ կ՚անցնի մայր գաղութը եւ սա ըրաւ շատ սո՛ւղ պայմաններու մէջ։ Այսօր ալ ան կը շարունակէ ապրիլ բարդ պայմաններու ներքեւ, բայց, քանի սիրած է իր ասպարէզը՝ վստահ եմ, որ պիտի շարունակէ բոլորիս համար այնքան կենսական գործն ու ասպարէզը։
Յովիկը Շէհիրեան հարկ է դառնայ մեր բոլորին ուշադրութեան առարկան, որովհետեւ Լիբանանի, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու շատ մը այլ լրագրողներու նման չէ փոխած իր ազգանունը, չէ հրաժարած իր ինքնութենէն ու ամենակարեւորը՝ կը պահպանէ իր անկախութիւնը։
Շատ լաւ կը հասկնամ, որ ինչքան դժուար է այս ժամանակներուն Հալէպի կամ ընդհանրապէս Սուրիոյ մէջ լրագրող ըլլալ, անկախ ըլլալ ու գործել յանուն լրագրութեան, յանուն արագ լուր հասցնող ըլլալու առաւելութեան, յանուն ճշմարտութեան։ Ու այս առումով ալ Շէհիրեանի գրածին, անոր գիրին կամ վաւերագրութեան պէտք չէ խոշորացոյցով նայիլ, այլ փորձել զատել ցորենը որոմէն, ճիշդ հասկնալ պատգամները, համբերատար կերպով դիտարկել այն վիճակը, որու մէջն է, որմէ կ՚անցնին Յովիկն ու իր նման արի լրագրողները։
Ամէն լուր, ամէն գրութիւն, ամէն վաւերագրում յաճախ մեր սրտով կրնայ չըլլալ ու այդ առումով է նաեւ, որ հարկ է համբերատար ըլլալ, որովհետեւ ամենակարեւորը՝ այս պատմութեան մէջ այն է, որ ենթական բարձր պիտի պահէ Հայաստանի ու հայութեան շահերը, ճիշդը ներկայացնէ այնտեղ ստեղծուած կացութեան մասին ու աւարտին ալ իր նպաստը բերէ հայ-սուրիական դարաւոր կապերու ամրացման։
Բարի երթ իրեն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան