ՇԵՂԵԼ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մերձաւոր Արեւելքի պատերազմները եւ անոնց նկատմամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հասարակութեան ընկալումները վերջին շրջանին շատ յաճախ օրակարգի վրայ կու գան: Պատճառը միայն յառաջիկայ աշնան ԱՄՆ-ի մէջ նախատեսուած ընտրութիւնը չէ: Իրանի դէմ պատերազմը աւելիով խորացուցած է Մերձաւոր Արեւելքի տագնապները։ Սկիզբ առած, ընթացող կամ նոյնիսկ աւարտած պատերազմները, որոնք առաջին հայեացքով կրնան դիտուիլ՝ որպէս աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան հերթական դրսեւորում, իրականութեան մէջ, աւելի բարդ եւ բազմաշերտ պատկեր մը կը ներկայացնեն՝ յատկապէս երբ դիտարկուին ԱՄՆ-ի ներքին հասարակական ու քաղաքական մթնոլորտին մէջ։ Հարցը այլեւս միայն արտաքին քաղաքականութեան կամ անվտանգութեան խնդիր չէ, այլեւ ներքին օրինականութեան, ժողովրդավարական գործընթացներու եւ հանրային վստահութեան հետ առընչուած առանցքային խնդիր մը։

Ի դէպ, Իրանի պատերազմը ԱՄՆ-ի հասարակութեան մէջ լայն աջակցութիւն չի վայելեր եւ շատերու կողմէ կը գնահատուի՝ որպէս հակասահմանադրական քայլ։ Ամերիկեան քաղաքական համակարգին մէջ պատերազմ յայտարարելու իրաւասութիւնը կը պատկանի երկրի խորհրդարանին՝ Քոնկրէսին, մինչդեռ ներկայ զարգացումներու պարագային նման որոշում չէ ընդունուած, ինչ որ հանրութեան զգալի հատուածին մօտ կը ստեղծէ անօրինականութեան եւ ինքնագլուխ քաղաքականութեան տպաւորութիւն մը։ Այս ընկալումը միայն իրաւական բնոյթ չունի, այլեւ խորապէս կը կրէ վստահութեան ճգնաժամի նշաններ՝ պետական հաստատութիւններու հանդէպ։

Միեւնոյն ժամանակ, ամերիկացիներու մեծ մասը այս պատերազմը չի դիտեր՝ որպէս ուղղակի իր շահերէն բխող հակամարտութիւն մը։ Թէեւ Իրան կը դիտուի՝ որպէս սպառնալիք Մերձաւոր Արեւելքի որոշ երկիրներու դէմ, սակայն, լայն տարածում ունի այն համոզումը, թէ ան անմիջական վտանգ չի ներկայացներ ԱՄՆ-ի դէմ։ Այս հանգամանքը կը վերածուի առանցքային հարցադրումի մը. ինչո՞ւ պէտք է ամերիկեան հասարակութիւնը կրէ պատերազմի տնտեսական եւ մարդկային բեռը, երբ վտանգը չ՚ընկալուիր անմիջական։ Այս տրամաբանութիւնը կը խորացնէ պատերազմի դէմ անվստահութիւնը եւ կը սասանէ երկրի իշխանութեան իրաւազօրութիւնը։

Ներքին քաղաքական գործօնները եւս էական ազդեցութիւն ունին այս պատկերի ձեւաւորման վրայ։ Հանրային դաշտին մէջ յաճախ կը շրջանառուի այն տեսակէտը, թէ արտաքին լարուածութիւններու սրացումը կրնայ ծառայել՝ որպէս միջոց շեղելու ուշադրութիւնը ներքին խնդիրներէն կամ քաղաքական դժուարութիւններէն։ Այս ընկալումը, անկախ իր ամբողջական ճշգրտութենէն, կը վկայէ հասարակութեան մէջ խորացող կասկածամտութեան մասին՝ իշխանութեան որոշումներու շարժառիթներուն դէմ։ Հետեւանքը կը դառնայ հանրային վստահութեան նուազում եւ քաղաքական բեւեռացման խորացում։

Տնտեսական իրականութիւնը եւս կը ծանրացնէ այս ընդհանուր մթնոլորտը։ Քարիւղի եւ վառելիքի գիներու բարձրացումը անմիջապէս կ՚անդրադառնայ ամերիկեան ընտանիքներու առօրեային վրայ՝ յատկապէս միջին եւ միջինէն վար խաւերու համար։ Այս պարագային պատերազմը այլեւս վերացական քաղաքական իրադարձութիւն մը չէ, այլ շօշափելի ազդեցութեամբ գործօն մը՝ կենցաղային ծախսերու աճի եւ տնտեսական անորոշութեան տեսքով։ Ասիկա կը դարձնէ դժգոհութիւնը աւելի լայնատարած եւ խորքային։

Քաղաքական համակարգին մէջ եւս կարելի է ակնկալել վերադասաւորումներ։ Եթէ ընտրական գործընթացները փոխեն ուժերու համամասնութիւնը, ապա Քոնկրէսին մէջ կրնայ ձեւաւորուիլ նոր վերահսկողութիւն մը, որ կրնայ սահմանափակել գործադիր իշխանութեան քայլերը եւ կը բանայ դուռը աւելի խիստ քաղաքական պատասխանատուութեան։ Այս հեռանկարը կը ստեղծէ լրացուցիչ լարուածութիւն՝ իշխանութեան տարբեր ճիւղերուն միջեւ եւ կը խորացնէ ներքին քաղաքական պայքարը։

Յատկանշական է նաեւ գործող իշխանակարգին եւ անցեալի խոստումներուն միջեւ գոյացած հակասութիւնը։ Անցեալին «հակապատերազմ» դիրքորոշմամբ ներկայացած ղեկավարի մը համար ներկայ զարգացումները կը ստեղծեն վստահութեան լուրջ ճգնաժամ։ Երբ քաղաքական ուղեգիծը կը շեղի նախնական խոստումներէն, ապա հասարակութեան մէջ կը ծագի հիասթափութիւն եւ կասկած կը յառաջանայ առաջնորդութեան հետեւողականութեան դէմ։

Այս բոլորի կողքին կը հնչէ նաեւ այլ կարեւոր հարցադրում մը՝ ազգային առաջնահերթութիւններու մասին։ Շատեր կը կարծեն, թէ ԱՄՆ-ի ներքին խնդիրները՝ ենթակառուցուածքներու վերանորոգում, առողջապահական համակարգի բարելաւում եւ կրթութեան զարգացում պէտք է աւելի բարձր դիրք զբաղեցնեն՝ քան արտաքին ռազմական ներգրաւուածութիւնը։ Այս հակադրութիւնը կը վերածուի գաղափարական պայքարի՝ արտաքին ազդեցութեան եւ ներքին կայունութեան միջեւ։

Իրանի պարագային առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանի է այն համոզումը, թէ կայուն փոփոխութիւն կրնայ իրականանալ միայն ներսէն։ Արտաքին միջամտութիւնը, նոյնիսկ եթէ ժամանակաւոր ազդեցութիւն ունենայ, դժուար թէ կարողանայ արմատական փոփոխութիւններ բերել՝ խոր արմատներով հասարակութեան մը մէջ։ Աւելի՛ն, ռազմական միջամտութեան ծայրայեղ տարբերակները՝ յատկապէս Իրանի դէմ ցամաքային ներխուժումը կը դիտուին՝ որպէս բարձր ռիսքով քայլեր, որոնց հետեւանքները անկանխատեսելի են։

Այս բոլորին հետեւանքով ձեւաւորուած է բազմաշերտ եւ բարդ իրավիճակ մը, ուր արտաքին քաղաքական որոշումները անմիջական կերպով կը խաչաձեւուին ներքին քաղաքական, տնտեսական եւ հասարակական գործընթացներուն հետ։ Այս փոխազդեցութիւնը կը ստեղծէ լարուած եւ անկայուն միջավայր մը, որու ազդեցութիւնը կը տարածուի ո՛չ միայն ԱՄՆ-ի ներսը, այլեւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի եւ ծոցի տարածաշրջանի վրայ։

Ամերիկեան հասարակութեան պառակտումը եւ Մերձաւոր Արեւելքի նոր իրականութիւնը զիրար կը պայմանաւորեն: Վերջերս «Reuters/Ipsos»ի կողմէ հրապարակուած հարցախոյզի համախմբուած պատկերը կը ցոլացնէ ԱՄՆ-ի հանրային կարծիքին խորունկ բաժանումը՝ Իրանի դէմ իրականացուած ռազմական գործողութիւններուն շուրջ։ Ըստ հարցախոյզին՝ միայն 27-ը տոկոսը կը յայտնէ աջակցութիւն ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կողմէ իրականացուած հարուածներուն: 43 տոկոսը կը մերժէ այդ քայլը, իսկ մնացեալը անորոշ դիրք կը պահէ։ Այս տուեալը կը մատնանշէ, որ հասարակութեան մեծամասնութիւնը վերապահութիւն ունի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ռազմական ներգրաւման վերաբերեալ՝ մանաւանդ, երբ անիկա կրնայ բերել լայնածաւալ անկայունութիւն։

Միաժամանակ, հարցախոյզին մէջ կ՚երեւի երկրորդ, ոչ-նուազ նշանակալի շերտ մը. ամերիկացիներու 56 տոկոսը կը կարծէ, թէ նախագահ Տանըլտ Թրամփ պատրաստ է ռազմական ուժի կիրառման՝ արտաքին քաղաքական նպատակներու համար։ Այս տեսակէտը կը տարածուի ո՛չ միայն ընդդիմադիրներուն, այլեւ որոշ Հանրապետականներու շրջանակին մէջ՝ ցոյց տալով, որ հարցը կուսակցական սահմաններէն դուրս կ՚ելլէ։ 

Հանրային մտահոգութիւնները կեդրոնացած են նաեւ գործնական հետեւանքներուն վրայ. պատերազմի երկարաձգումը եւ Միջին Արեւելքի լարուածութիւնը կը բարձրացնեն ամերիկացի մեծաթիւ զինուորներու մահուան վտանգը, ինչպէս նաեւ վառելանիւթի գինի աճի մտավախութիւնը։ Այս գործօնները հարցումը կը վերածեն ո՛չ միայն արտաքին քաղաքականութեան, այլեւ ներքին տնտեսական կայունութեան քննարկման։

Ընդհանուր պատկերին մէջ կը ձեւաւորուի երկակի իրականութիւն մը. իշխանական մակարդակի վրայ գործողութիւնները կը շարունակուին ուժային տրամաբանութեամբ՝ մինչդեռ հասարակական մակարդակի վրայ աճող կասկածն ու վերապահութիւնը կը ցոլացնեն պատերազմի դէմ յոգնածութիւն եւ նոր միջամտութիւններու դէմ զգուշութիւն։ Այս բոլոր բազմաշերտ դիտարկումներու լոյսին տակ կը պարզուի, որ Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութիւնները այլեւս չեն կրնար դիտուիլ միայն՝ որպէս հեռաւոր աշխարհաքաղաքական բախումներ։ Անոնք վերածուած են այնպիսի գործընթացներու, որոնք խորապէս կը խաչաձեւուին ԱՄՆ-ի ներքին քաղաքականութեան, հասարակական վստահութեան եւ տնտեսական կայունութեան հետ։ Պատերազմի օրինականութեան շուրջ ծագած հարցադրումները, հանրային կարծիքի աճող վերապահութիւնը եւ տնտեսական անմիջական ճնշումները միասին կը կազմեն բարդ պատկեր մը, ուր արտաքին քաղաքականութիւնը կը դադրի ըլլալէ զուտ ռազմավարական ընտրութիւն եւ կը դառնայ ներքին հասարակական համերաշխութեան փորձաքարի։

Այս համապատկերին վրայ յստակ կը դառնայ, որ ուժի կիրառումը՝ առանց լայն հասարակական եւ համակարգային համաձայնութեան, կը յառաջացնէ ո՛չ թէ կայունութիւն, այլ՝ նոր լարուածութիւն։ Իսկ երկարաժամկէտ լուծումները կը պահանջեն աւելի խորունկ վերաիմաստաւորում՝ թէ՛ արտաքին ներգրաւումներու սահմաններուն եւ թէ ներքին առաջնահերթութիւններու վերադասաւորման առումով։ 

Ի վերջոյ, այս հակամարտութիւններու ճակատագիրը պիտի որոշուի ո՛չ միայն ռազմադաշտերու վրայ, այլեւ հասարակութիւններու գիտակցութեան, քաղաքական պատասխանատուութեան եւ վստահութեան վերականգնման կարողութեան մէջ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 13, 2026