ԲԼԻԹ ՄԱՅԹԻՆ ՎՐԱՅ

Յաջորդող բոլոր օրերուն ձեւ մը կը փնտռէի, որպէսզի Համիտին կեանքը մտնէի, առանց որ ան զգար հետաքրքրասիրութիւնս: Այս գործողութիւնը շատ դժուար էր, որովհետեւ գաղթածներու դպրոցէն ներս, իւրաքանչիւր ոք կը յամառէր իր անձնական ողբերգութիւնը իրենը պահելու եւ կարծրօրէն սեղմելու զայն իր կուրծքին…, կարծէք միացեալ համաձայնութիւն կար, թէ այս մէկը անհրաժեշտութիւն մը եւ պարտականութիւն մըն է:

Փոքրիկ բաները երբ իրենց ժամանակին կը պատահին, անոնք իրենց իմաստէն աւելի մեծ իմաստ կը զգենուն, ըսել ուզածս այն է, որ իւրաքանչիւր մեծ իրադարձութեան համար փոքրիկ սկիզբ մը կայ…: Արդարեւ, օրին մէկը, փոքր եղբայրս դպրոց եկաւ ինծի կէսօրուան ուտելիք բերելով եւ երբ դպրոցի սպասաւորը իմացուց ինծի, Համիտը ղրկեցի, որպէսզի ուտելիքի ամանները առնէ: Համիտը երբ վերադարձաւ, զգացի, թէ այսպէս կամ այնպէս անարգուած էր եւ այդ պատճառով խնդրեցի անկէ, որպէսզի ճաշի դադարին հանդիպի ինծի ուսուցչարան:

Սովորութեան համաձայն, Համիտը ուսուցչարան մտաւ մտահոգ: Առանձին էի. սակայն, անոր մտահոգութիւնը չփարատեցաւ, անոր մատները իրարանցումով մը կը պտտցնէին իր գլխարկը եւ անոր աչքերը սովորութեան համաձայն կը փայլէին…:

-Համիտ, հաւնեցա՞ր եղբայրս:

-Եղբօրս կը նմանի…

Չէի պատկերացներ, որ այսքան արագ պիտի արտայայտուի…, եւ այդ պատճառով զարմացած հարցուցի անոր.

-Եղբօ՞րդ. ես գիտեմ, որ դուն երկու քոյրիկ ունիս միայն:

-Այո՛, բայց եղբայրս մահացած է…:

-Մահացա՞ծ է…

Ես ալ խառնուեցայ…: Այս փոքրիկը իր փոքրիկ կուրծքին տակ մե՜ծ գաղտնիքներ կը կրէ…:

-Քեզմէ փո՞քր էր…:

-Ո՛չ, ինձմէ մեծ էր:

-Ինչպէ՞ս մեռաւ:

Համիտը, սակայն, չպատասխանեց եւ տեսայ, թէ ան կը զսպէ արցունքները, որոնք վերջաւորութեան յաղթեցին իրեն եւ անոր փոքրիկ դէմքը արցունքներով լեցուեցաւ եւ որոշակի ամչկոտութեամբ սկսաւ սրբել զանոնք…

-Լաւ, մի՛ խօսիր: Գիտե՞ս, որ իմ միւս եղբայրս, մահացած է:

-Իրա՞ւ…:

-Այո՛…, մեծ ինքնաշարժ մը վրայէն անցաւ…:

Կը ստէի…, սակայն փափաքեցայ ձեւով մը մասնակից ըլլալ փոքրիկի ցաւերուն… Զգացի նաեւ, թէ սուտս ուղիղ կերպով մուտք գործեց անոր գլուխէն ներս, որովհետեւ անոր աչքերը յանկարծ ահով փայլեցան եւ սկսաւ դանդաղօրէն խօսիլ.

-Եղբօրս վրայէն ինքնաշարժ չանցաւ… Ան չորրորդ յարկին վրայ որպէս սպասաւոր կ՚աշխատէր եւ ուրախ էր…:

Համիտը, իր բազուկներուն կ՚ապաւինէր, որպէսզի յստակեցնէ իր խօսքը եւ անոր արցունքները կը հոսէին անզգալաբար…:

-Ան իր գլուխը երկարեց վերելակի վանդակին մէջ, որ իջած ատեն կտրեց իր գլուխը:

-Մեռա՞ւ:

Յիմար հարցում մըն էր, սակայն եւ այնպէս, անհրաժեշտութիւնը զգացի հարցնելու զայն, որպէսզի յանկարծակիօրէն մարմինէս անցած դողը մեղմացնեմ: Համիտը գլուխը շարժեց եւ յանկարծ հարցուց.

-Ինքնաշարժը եղբօրդ գլուխը կտրե՞ց:

-Եղբօ՞րս… Ա՜հ…, այո՛, այո՛, կտրեց անոր գլուխը…:

-Շատ նեղուեցա՞ր անոր համար:

-Այո…:

-Կու լա՞ս, երբ կը յիշես զինք:

-Ո՛չ այդքան…:

-Պարոն, ըսէ՛ ինծի. հայր ունի՞ս:

-Անշուշտ, ըսել կ՚ուզեմ այո՛, ինչո՞ւ:

Դէպի ինծի քայլեց եւ դողացող շրթներով հարցուց.

-Ան առո՞ղջ է:

-Այո՛…, ինչո՞ւ:

Անոր աչքերը ողբերգական վիշտով մը լեցուեցան եւ զգացի, որ ողբերգութիւնը կը սեղմէ իր թոքերը…, բայց վստահ էի, որ Համիտը ո՛չ մէկ հարցումի պիտի պատասխանէր… Անոր շրթունքները ամրօրէն գոց էին, իսկ անոր աչքերը սեւեռուած էին մերկ պատին…: Անոր տաբատը կարճ ու պատռտուած էր, իսկ կապոյտ վերնաշապիկը՝ աղտոտած ու մաշած…: Երբ նկատեց, որ զարմանքով կը նայիմ իրեն, ինքզինք հաւաքեց, դէմքը կարմրեցաւ քիչ մը եւ մատներուն մէջ եղած բուրդէ գլխարկը սկսաւ ա՛լ աւելի արագ դառնալ…:

Ատկէ ետք Համիտին խնդիրը կամաց-կամաց սկսաւ կեանքէս ներս մտնել: Չէի կրնար բնաւ անոր կեանքին մէջ անցորդ մը ըլլալ, դիտող մը իր ողբերգութեան եւ իմ դասարանիս տասնեակ ողբերգութիւններէն ո՛չ մէկը զիս քաշած է, ինչպէս Համիտին յուսահատած ու յուսախաբած աչքերը…: Սկսայ մնայուն կերպով մտածել իր մասին: Դպրոցէն դուրս յաճախ կ՚որոշէի, որ ես սկսիմ մնայուն փնտռտուք մը Համիտի կեանքին մասին, աւելին, օր մը մտածեցի փնտռել ձեւ մը, որպէսզի դրամական օգնութիւնը բնական երեւոյթ մը ըլլար իրեն համար, որ անարգանքի հոտ չ՚ունենար…: Սակայն, ամէն ինչ չորս կողմս կը պտտէր ու կը ձախողէր այն աչքերուն առջեւ, որոնք բացի վիշտէն, նաեւ մեծ քանակութեամբ հպարտութիւն եւ սէգութիւն կը պարունակէին…:

Սակայն Համիտին առնչուող յարաբերութիւններս աստիճանաբար մարեցան կարգ մը մանր մունր իրադարձութիւններէ ետք, որոնք ինծի տարօրինակ թշնամանք մը պատճառեցին այս փոքրիկ, հաշմանդամ արարածին նկատմամբ, որ գաղտնիքներով լեցուն էր, որ չէր վերջանար մինչեւ չսկսէր եւ չէր սկսեր, եթէ չշարունակուէր…: Օր մը, Համիտը բողոքեց պաշտօնակից ուսուցիչի մը մասին, որ չափազանցօրէն անարգած էր զինք: Այդ օրը, Համիտը թեթեւակի խոժոռ հայեացքով նայելով ինծի, ըսաւ.

-Որբ եմ…, այլապէս հայրս կը կանչէի…:

-Ա՜հ…, հայրդ մահացա՞ծ է:

Ամչկոտութեամբ եւ գլուխը շարժելով՝ ըսաւ.

-Այո…:

-Ինչո՞ւ նախապէս չէիր ըսած ինծի:

Համիտը հարցումիս չպատասխանեց եւ բաւարարուեցաւ գլուխը շարժելով ու լռեց։

-Ուրեմն դո՞ւն կը ծախսես ընտանիքիդ վրայ:

-Այո…, ես կը ծախսեմ… Մայրս քիչ կը շահի UNRWA-ի (Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Պաղեստինի փախստականներու օգնութեան եւ աշխատանքներու գործակալութիւն) պահեստները մաքրելով, բայց ես աւելի կը շահիմ…:

Համիտը քիչ մը լռեց եւ ապա իր փոքրիկ ձեռքերը դէպի ինծի երկարելով ու անոնց շարժումներուն ապաւինելով՝ ըսաւ.

-Երեք բլիթը տասը ղրուշով կը գնեմ…, իսկ ես ամէն մէկ բլիթ հինգ ղրուշով կը ծախեմ…:

-Տակաւին կը քնանա՞ս, երբ կը սպասես, որ սինեմա եկողները դուրս գան…:

-Ո՛չ, այլեւս վարժուեցայ գիշերը երկար նստելու…:

(12-րդ անկողինին մահը)

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 13, 2025