ՄԱՐԴԻԿ ՉԱՐԱՄԻ՞Տ ԵՆ
Երբ կը նայինք մեր շուրջը, կը տեսնենք պատերազմներ, սով, ցեղասպանութիւն, գողութիւններ, սպանութիւններ, երկրաշարժներ, հրդեհներ, ջրհեղեղներ եւ այլն։ Մենք գիտենք, որ նման աղէտներ սպասելի են, բայց ինչո՞ւ իմաստը չենք տեսներ կամ չենք ուզեր տեսնել: Այո, անոնք կը դիտարկուին որպէս բնական աղէտներ, բայց, ի վերջոյ, այս բոլորը պէտք է վերագրել պատճառի մը: Ո՞վ է այս չարութիւններու ետին կանգնած «հերոսը», մարդի՞կ:
Ինչո՞ւ ամէն տարի ականատես կը դառնանք անթիւ մանկական մահերու, մարդոց միջեւ կամ յատկապէս կանանց դէմ բռնութիւններու: Ո՞րն է այն նպատակն ու աղբիւրը, որ մարդիկ բռնութիւն կը կիրառեն իրարու դէմ: Ինչո՞ւ մարդիկ այսքան անվերջ զայրոյթ կամ վրդովմունք կը դրսեւորեն:
Թէեւ այս աշխարհի վրայ մեր սրտերու այս սեւ դատարկութեան պատճառը անյայտ է, սակայն, ինչո՞ւ մարդիկ կը պատժեն ուրիշները՝ ստիպելով տառապիլ այն վայրի մէջ, ուր կ՚ապրինք բոլորս: Ցաւն ու այս քաոսը պէտք է տարիներու ընթացքին աւելի ու աւելի հեռանայ հասարակութենէն։ Թէեւ բազում յանցագործութիւններ անպատիժ չեն մնար, սակայն, ինչո՞ւ իւրաքանչիւր օր լրատուամիջոցները ողողուած են ցաւալի լուրերով։
Ինչպէս կը յառաջանայ չարիքը: Չարութիւնը կը յառաջանայ մարդու ազատ կամքէն։ Մարդիկ ազատ կամքով երբեմն կ՚ընտրեն ճիշդ, երբեմն՝ սխալ ճանապարհը, իսկ մենք սովորաբար սխալ բան կ՚ընտրենք: Ագահութիւնը եւ տիրապետելու փափաքը կրնայ մեզ մղել վերջ տալ այլ կենդանի էակներու կեանքին կամ ճնշում բանեցնել անոնց վրայ: Արդիւնքին չարութիւն կը յառաջանայ։ Արդեօք չարութիւնը յո՞յզ մըն է։
Մարդկային բնոյթի մետիայի վրայ ներկայացումները հակուած են աւելի շատ կեդրոնանալու մարդու մութ կողմերու վրայ. ինչպէս՝ սպանութիւններ, կողոպուտներ, բռնաբարութիւններ, անկարգութիւններ, պատերազմներ… Այնուամենայնիւ, բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ եւ երեխաներու դիտարկումներու տուեալներ կը մատնանշեն այն փաստը, որ մարդիկ ընդհանուր առմամբ ունին խղճամիտ վարքագիծի բնածին կարողութիւն, որ կրնայ հակակշռել կամ ճնշել թշնամական հակումները: Աւելին, մենք ունինք մտածելու հիանալի կարողութիւն, որ կրնայ ուղղել որեւէ կողմնակալութիւն կամ խեղաթիւրում:
Մարդկային էութեան օգտակար կողմի ըմբռնումը կրնայ օգնել կանխել վնասակար վարքագիծը: Մեր հեռանկարը ընդլայնել կը նշանակէ մօտենալ այլ մարդոց՝ համակրական հասկացութեամբ եւ կարեկցիլ անոնց տառապանքին եւ յարձակման խոցելիութեան: Օրինակ, 1980-ականներու կէսերուն հեռատեսիլի մէջ ցուցադրուած եգիպտացիներու սովամահութեան վիճակը յանգեցուց անոնց հանդէպ կարեկցանքի հեղեղման եւ անոնց դժբախտութիւնը մեղմելու նպատակով սկսան սնունդի օգնութեան արշաւներ:
Անշուշտ, ՄԱԿ-ի նման միջազգային կազմակերպութիւնները կրնան բացայայտել տնտեսական եւ ընկերային գործօնները, որոնք կը խթանեն կամ կը սրեն կանխակալ գաղափարները։ Անոնք նաեւ կրնան կանխել ռազմական գործողութիւնները, որոնք կը յանգեցնեն հակամարտութիւններու:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ