ԵՐԲ ՊԱՏԱՆԻ ԵՆՔ… ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՍԷՐ

Երբ պատանի ենք, կեանքը ինքնին ընկալում մըն է բոլորիս համար։ Իսկ պատանեկութիւնը միակ շրջանն է, որու ընթացքին մարդ կը տոչորուի, կ՚եռայ ու կը հրաբուխէ իր տեսականութիւնն ու գործնականացումը։ Պատանեկութիւնը ապագայապաշտութեան ու կերտման մարմնացումն է՝ առանց ապագան գալստաւորելու, այլ լոկ ծրագրելու անոր բերքը ու միայն զայն համտեսելու։ Պատանի բերքը պատանիի, պարմանի երազներն ու քայլուածքն է, շարժուձեւն ու պահուածք-վարմունքն է. հոն է, ուր ապագան կ՚իյնայ ինքն իր մէջ ու դարձեալ ոտքի չ՚ելլեր բնաւ: Մարդկային հոգիի ամենաջինջ ու առինքնող տեսակաւորուածութիւնը պատանեկանն է, որու ընթացքին հոգին ժամանակ կը տենչայ, միեւնոյն ատեն ժամանակը տապալելով։ Այդ շրջանին հոգին կը հիւսէ ամենամերկ ու անանցեալ կարօտն ու ազնուագոյն ըլլալիքը չըլլալիքով կա՛մ նոյնիսկ չըլլալիքը ըլլալիքով: Եթէ հոգիի առաքելութիւններէն ամենաշէնշողն ու զիլը՝ զգացումներու, ապրումներու, զգայնութեան, զգացականութեան ու զգացողութեան մեծագոյն քուրայ ու սփրիչ փարոս ըլլալն է, ապա պատանեկութեան առհասարակ հոգին կը գտնէ ինքզինք, թէեւ իր ձեւաւորման ու շաղախման մէջ կը մնայ մեկնարկային: Երբ պատանի ենք, մենք միայն փափաքներ ու ցանկութիւններ ունինք աշխարհին հանդէպ, աշխարհի ամենավառ գոյներով՝ երբ տուայտացող ու շերտաւորող կուտակումները չկան մտքին մէջ, այլ սոսկ ոգեղէն է ամէն ինչ պատանեկօրէն, երբ հոգին չէ լեցուած ինքնապայթեցմամբ, ռմբահարմամբ ու պոկումներով:

Ես այդ շրջանին կը քալէի թաղերով ու կը վազէի ամբոխներու կողքով, ամէն մէկ հայեացք տիեզերական յոյզ էր ու հոգ, տիեզերական շեշտ էր ու բերկրանք եւ մարդկութիւնը անդրմարդկային ու գերմարդկայնացած ու տհաս էր տակաւին:

 Կը յիշեմ դէպքեր, որոնք գծագրող են ներկայիս այս վիճակս ու վիճարկող կեանքի թաւալային ինքնաոչնչացումը՝ քաղաքներու լոյսերով ու տեղաբանութիւններով:

Մինակ ըլլալու տեղ չկայ ու փախուստ չէ քայլելս։ Ես դեռ չեմ գիտեր, թէ ո՛վ էի, կարծես կեղծ կայացում մը… Այդ մէկը ամենասրտագին վիճակս է, ուր նետուած է եսս իբրեւ ուռկան՝ ամէն չառանձնացումներու, հաւաքագրկումներու, հանրային շահերու, տնտեսական համակարգերու ու բարօրութիւններու չորս կողմը ու ես կը քալեմ… Տեսայ գեղեցիկ աղջիկ մը, որ կարծես կը նայէր ինծի՝ կռահելու համար, թէ ո՞վ եմ ես։ Տակաւին նոյնիսկ ես չեմ գիտեր ո՛վ ըլլալս… Թերեւս զիս հանճար մը կարծէր, բայց ես իրականութիւնը գիտէի։ Ես հանճար չէի, այլ բորբ ու իրականացած պատանի մը։

Քաղաքները կը պեղէի, կարծեմ այդ էր պարտականութիւնս, ապագայ քաղաքներ, կորած քաղաքներ, ապրող քաղաքներ: Առանց գիտնալու ինչ էր բնական վիճակը տիեզերքին, առանց կռահելու որ կրնայ անհատը չքանալ դիւրաւ պարզ անտէրութեամբ կամ լքուածութեամբ մը: Երբ ուզելու-ուզուելու, ցանկալու-ցանկացուելու եզրահասնումն ու համադրումը անգիտանալով դեռ կը ձգտէի անոնց, ինչպէս ամէն չգիտակցուած պտուղ, ցանկութիւն, զեղում ու անանձկութեան ճիգ: Քաղաքներու բերքը երեւակայած ու անոնց նէքթարն ու ձգուածութիւնը երազող թաղերը ամէն տեղ թէ նեղութիւն էին, հոգ եւ թէ փրկութիւն էին ու հորիզոններ բացող:

 Քաղաքագործութիւնն ու պատանեկութիւնը հոմանիշութիւն կը խաղան ու իրարու հետ կը կայանան։ Քաղաքները կ՚ուզեն փտիլ, ծլարձակուիլ, պատմաբանուիլ ու ապագայաբանուիլ, անկախ այն հանգամանքէն, թէ ո՛վ կառուցած ու քանդած է զիրենք, իսկ պատանիները պիտի ապրին ու բանան զանոնք:

 Ճոխացէ՛ք քաղաքներ, ես ձեզ կը սիրեմ պատանեկութենէս, ես կ՚ուզեմ ձեզ զգալ ամէն մէկ սրտի զարկով, ամէն մէկ շունչով ու գոյակցութեամբ: Ճոխացում՝ մի՛ խժռեր առանձիններն ու ինքնութիւնները, չէ՞ որ մենք տեղ մը կը ջերմանանք խեղճութեամբ ալ, չէ՞ որ մենք կ՚ըլլանք գերզգացուած ու մարդացած՝ տիեզերական հալածախտին պատճառով: Մեր անկիւնները, մեր անկողիններն ու սեղանները պատանեկանօրէն կ՚ուզեն յաւերժ ճախրել։ Այո՛, որքան ես, հաւանաբար բոլորս ալ կը սիրենք փայլուն, դասաւորուած, չնաշխարհիկ ու գերլիացած, հանրայնացած գեղեցկութիւններ. տեղ մըն ալ մեր եսը մեծ խոց է մեզի համար ու ան մինչեւ վերջ պիտի չենթարկուի մեր իսկ կատարելագործուող քաղաքներուն: Թող չկորչի համայնավարութիւնը, բայց, ան թող չվերադառնայ: Ես ազատ եմ ու պատանեակ, գեղեցիկ եմ ու դիւթող, վեհ եմ ու կարօտալի:

•շարունակելի…

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 15, 2025