ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ

1. Ե՞րբ սկսաւ մկրտութիւնը. ի՞նչ էր Յովհաննէսի մկրտութիւնը եւ ի՞նչ օրինակ ունէր: 2. Քրիստոս Ի՞նքն ալ մկրտեց: 3. Ի՞նչ է մկրտութեան սկզբունքը: Մեղքը քանի՞ ձեւ է: 4. Որո՞նք ենթական են սկզբնական մեղքին: 5. Երեխան մեղք ունի՞. ե՞րբ պէտք է մկտրել եւ ի՛նչ ձեւով. ի՞նչ է վախճանը: 6. Ի՞նչ ըսել է մկրտութիւն. ուրիշ ի՞նչ իմաստ ունի: 7. Մկրտուելով վերստին ծնա՞ծ կ՚ըլլայ:

1. Մկրտութիւնը նախ ստուերապէս եւ ապա Քրիստոսով ի լոյս ընծայուեցաւ, ինչպէս որ Հինը Նորին ստուերն էր (Եբր 8.5, 9.23): Այս ստուերը աշխարհի սկիզբէն սկսաւ. «Աստուծոյ Հոգին ջուրերուն վրայ կը շրջէր» (Ծն 1.2): Նոյնին՝ նոյն ջուրին միջոցաւ ազատիլը, Մովսէսին՝ Կարմիր ծովը ճեղքելը մկրտութեան ստուեր ըլլալնին Պօղոսն ալ վաւերացուցած է. «Բոլորն ալ Մովսէսով ամպին ու ծովուն մէջ մկրտուեցան» (Ա Կր 10.2). դարձեալ. «Ութ հոգի ջուրէն ապրեցան, այնպէս ալ մկրտութիւնը մեզ կ՚ապրեցնէ» (տե՛ս Ա. Պտ 3.20). նոյնպէս ալ Յովհաննէսին մկրտութիւնը Քրիստոսի մկրտութեան նախապատրաստութիւնն է (Մտ 3.11: Մր 1.8: Յհ 1.33):

2. Քրիստոսի մկրտութեան վերաբերեալ ալ վէճեր եղան, թէ Քրիստոս անձամբ մկրտած է որոշ մարդիկ (տե՛ս Յհ 3.22, 4.1). այս ալ կայ, թէ՝ «ո՛չ թէ Յիսուս Ինք կը մկրտէր, այլ՝ աշակերտները». բայց ինչ ալ ըլլայ, յայտնի է, թէ շնորհական օրինաց մկրտութեան հեղինակը Քրիստոս Ի՛նքն է: Թագաւոր մը իր հրովարտակը եթէ ուզէ իր ձեռքով կը գրէ, եթէ ուզէ գրագիրին կը հրամայէ, որպէսզի գրէ. այսպէս կամ այնպէս հրովարտակը թագաւորինն է, մինչդեռ Քրիստոս անձամբ Յովհաննէսէն մկրտուելով սկիզբ դրած է եւ առ հասարակ վճռած է, որ ինչպէս մօրմէն չծնածին աշխարհ եկած չ՚ըսուիր, այդպէս ալ աւազանէն չմկրտուողին ալ քրիստոնեայ չ՚ըսուիր (Յհ 3: Եփ 5.25), որովհետեւ մարդիկ աւազանին մաքրութեամբ սրբուեցան1:

3. Մկրտութեան գլխաւոր սկզբունքը Ադամական մեղքէն ազատելու համար է. մեղքը երկու տեսակ է՝ սկզբնական եւ ներգործական: Սկզբնականը Ադամի գործած մեղքն է. սկզբնական ըսուելուն պատճառը առաջին մարդէն առաջին մեղք ըլլալն է. այն է՝ անհնազանդութիւն: Ներգործականը այն է, որ մարդ մկրտուելէն ետք կը գործէ: Առաջինը՝ բոլոր մարդկային ցեղին տիրեց, իսկ երկրորդը՝ միայն մեղանչողները զրկեց ու կը զրկէ Աստուածային փառքէն:

4. Սկզբնական մեղքը առ հասարակ ազդեցութիւն ըրած ըլլալուն համար բոլոր մարդիկ անոր մէջ կը ծնին, որովհետեւ զաւակը հօր թէ՛ պարտքերուն եւ թէ ստացուածքներուն ժառանգորդն է. «Մայրս զիս մեղքի մէջ ծնաւ» (Սղ 50.5). «Մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ» (Հռ 5.12). «Ուրիշներուն պէս մեղաց որդիներ էինք» (Եփ 2.3). իսկ ներգործականը՝ մկրտուելէն ետք՝ ազատ կամքով կը մեղանչէ, ատկէ ալ ազատելու համար պէտք է ապաշխարէ:

5. Երեխան ո՛չ մեղք ունի եւ ո՛չ վարձք, սակայն, Քրիստոս արգիլած չէ իրեն երթալ (Մտ 19.14). շատ փառք կը վայելէ կամ քիչ կը վայելէ՝ չենք գիտեր. «Տիրոջ միտքը ո՞վ գիտցաւ». հայրը, մայրը եթէ սուրբ ալ ըլլան, երեխան պիտի մկրտուի, որովհետեւ Պօղոս եւ Կոռնելիոս սրբուելէն ետք դարձեալ մկրտուեցան. միայն հաւատացեալ ալ ըլլայ, պէտք է մկրտենք, ինչպէս որ առաքեալներն ալ կը մկրտէին. «Իրենց սիրտերուն մէջ զղջացին… ու այն օրը մկրտուեցան եւ երեք հազար հոգիի չափ աւելցան» (Գրծ 2.37). ինք եւ իր տունը մկրտուեցան (Գրծ 16.15-32). ո՞վ կրնայ ըսել, թէ այդ երեք հազարին մէջ եւ այս ընտանիքներուն մէջ երեխայ չկար, մինչդեռ նոր հաւատացողները նոյնիսկ երեխայի պէս էին, քանի որ տակաւին Քրիստոսի կամքը չէին սորված, մկրտութիւնը անոնց հաց ուտելու անկարող երեխայի կաթ տալու պէս կը տրուէր. այդ պատճառով Քրիստոսի վճիռը ո՛չ մեկնութիւն եւ ո՛չ կեղծ վարդապետութիւն կ՚ընդունի, այլ՝ քրիստոնեայ ընտանիքի մը մէջ ծնած երեխան առանց մկրտութեան չի ձգեր, զգուշութիւն պէտք է, որովհետեւ քրիստոնէական առաջին կէտը մկրտութենէն կը սկսի:

Երեխան ծնելէն ետք կը մկրտուի ո՛չ թէ մօր արգանդին մէջ, որովհետեւ աշխարհ չեկածին ծնունդ չ՚ըսուիր2, միայն Քրիստոսի՝ «որ Անկէ ծնած է» ըսածը, նախ քան յաւիտեանները Հօրմէն ծնած ըլլալուն համար Անոր յատուկ է այդ խօսքը:

Մկրտութեան ձեւը աւազանին մէջ թաղելով կ՚ըլլայ, ո՛չ թէ ջուրը սրսկելով. որովհետեւ Քրիստոսի թաղման ալ օրինակ է [մկրտութիւնը] (Հռ 6.4: Ա. Կր 6.11). ըստ այսմ, Ամենասուրբ Երրորդութեան անունով երեք անգամ կը թաղուի (Մտ 28):

Մկրտութիւնը միայն ջուրով ըսել չեղաւ, այլ՝ մկրտութեան հեղինակին տուած հրահանգին համեմատ Աստուածային առաջին կանոնը, այսինքն՝ նիւթ, խօսք եւ նպատակ, որուն նիւթը ջուրն է, խօսքը՝ «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» նպատակը եւ վախճանը վերստին ծննդեան պատրաստութիւն եւ Ս. Հոգին առնելու սկզբունք. «Հաւատացողն ու մկրտուողը պիտի ապրի, իսկ չմկրտուողը՝ ո՛չ» (տե՛ս Մր 16.16):

6. Ս. Գիրքին մէջ մկրտութիւն անունով ուրիշ խօսքեր ալ կը յիշուին, զանազան իմաստով առնուած, այնպէս մը, որ հրէական լուացման տեղն է (Մր 7.4: Եբր 9.10). նոյնպէս չարչարանք կրելուն տեղն ալ մկրտուիլ կ՚ըսէ. «Մկրտութիւն մը ունիմ, որով պէտք է մկրտուիմ» (տե՛ս Ղկ 12.50). նոյնպէս մեր նախահայրերը «ապաշխարութեան արցունքը աւազան ըլլալով, մեղքերը կը լուայ» կ՚ըսեն, որ ներգործական մեղքերու լուացման կը վերաբերի. օրինակի համար, Ադամական մեղքէն ազատելու համար ջուրով մկտրութիւն, Ս. Հոգին առնելու միջոցը դրոշմ, որով Ադամական մեղքէն ազատելով դարձեալ ծնած եղաւ. սակայն, ետքը ներգործական մեղքերով ապականելու համար, արցունքի, հառաչանքի ու մեղայի միջոցաւ վերստին ծնիլ պէտք է, ոչ թէ երկրորդ անգամ ջուրով, քանի որ Քրիստոսի մկրտութիւնը մէկ է (Եփ 4). Քրիստոսի չարչարանքն ալ մեր մեղքերուն համար էր, ո՛չ թէ Ինք մեղք ունէր: 

7. Քրիստոսի մկրտութիւնը Աստուածային խորհուրդ է. իսկ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ այս կէտին մասին լաւ պէտք է մտածէ, թէ վերստին ծնունդը միայն մկրտուելով չ՚ըլլար. Քրիստոս ըսած է. «Ջուրէն ու Հոգիէն ծնածը Արքայութիւն կ՚երթայ»: Քրիստոս Իր խօսքը ետ չ՚առներ, հետեւաբար, եթէ բոլոր մկտրուողները կ՚երթան ըսենք, մենք մեզ խաբած կ՚ըլլանք. մկրտուելէն ետք գործուած մեղքը մարդուս վրայ աւելի կը ծանրանայ, որովհետեւ իր տիրոջ կամքը գիտցող ու չկատարող ծառային պատիժը ծանր է: Սակայն, քրիստոնեաներուն համար մկրտութիւնը անհրաժեշտ ըլլալուն էական կէտը այս է, որ Ադամական մերկութեան վրայ Քրիստոսի զգեստը կը հագուի, եթէ մեղանչէ ու հանուի եւ դառնայ նորէն, եթէ մեղայի գայ՝ այն հանած հագուստը պատրաստ եղած կ՚ըլլայ. քանի որ չմկրտուող քրիստոնեան գայ եւ մեղայ ալ եթէ ըսէ, զՔրիստոս զգեցած ու հանած չէր, որ իրեն համար պահուած ըլլար եւ դարձեալ հագնէր, որ ըսել է մկրտութիւնը զՔրիստոս հագուիլ է (Հռ 14.14: Գղ 3.27: Եփ 4.24: Կղ 3.10). բայց նախ հագուելով կ՚ըլլայ վայելելը, վայելումը հանուելու կու գայ, ո՛չ թէ հագուիլը վայելումին վրայ կու գայ: 

Քրիստոսի վճիռը հետեւեալն է. «Ով որ ջուրէն եւ Հոգիէն չծնի, չի՛ կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնել». նաեւ հոգեւոր իմաստով է. «Մարմինէն ծնածը մարմին է, Հոգիէն ծնածը՝ հոգի». հետեւաբար, մարդ նախ մարմինէն կը ծնի մեղքի մէջ, դարձեալ հոգեւոր ծնելու համար Քրիստոս մկրտութիւնը անհրաժեշտ քարոզեց, որ ըսել է մարմնաւորի մասին մկրտութիւնը վերստին ծնունդ է, իսկ հոգեւորի մասին առաջին ծնունդ եղաւ ո՛չ թէ վերստին:

Վերստին ծնելու համար բոլոր ներգործական մեղքերէն սրբուիլն է. «Սուրբ սիրտ եւ ուղիղ հոգի» ունենալ պէտք է նորոգութեամբ (Սղ 50.10). մէկ խօսքով, հոգեւոր եւ վերստին ծնունդը Ս. Հոգիին սերմն է, հերկուած երկիրը՝ նախապէս ջուրով մկրտուածներն են առ հասարակ:

«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»

Կ. Պոլիս, 1885

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 22

Վաղարշապատ


1 Աստուածային շնորհքը իր բաժանումը ունի, այդ պատճառով Պօղոսին աչքը չմկրտուած բացուեցաւ. Քրիստոս բազմաթիւ հիւանդներ բժշկած էր, բայց ատոնք մասնաւոր առանձին գործողութիւն են, մկրտութիւնը՝ ընդհանուր գործողութիւն եւ անհերքելի վճիռ է, քանի որ Պօղոս աչքը բացուելէն ետք դարձեալ մկրտուեցաւ (Գրծ 9.18). նոյնպէս Կոռնելիոս Ս. Հոգին ստացաւ, բայց դարձեալ մկրտուեցաւ (Գրծ 10.44), որ ըսել է, Աստուածային պարգեւներու տեսակ-տեսակի բաժին մըն է: Նոյնպէս Քրիստոսի երեսուն տարեկանին մկրտուիլը, երեխան չմկտրելու փաստ մը չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ մեռնիլ ու չմեռնիլ Իր կամքէն կախեալ է:

2 «Եթէ մայրը մահուան վտանգի մէջ ըլլայ, երեխան մօր արգանդին մէջ գործիքով մկրտել պէտք է» ըսողներ ալ եղան (Պիւլվարդ, յաղագս մկրտութեան), «որ Անկէ ծնած է» հրեշտակին ըսածը որպէս վկայութիւն բերելով, սակայն, վիժածը նոյնիսկ երաշխաւորութեան տակ չէ: Քրիստոս անմայր՝ Հօրմէ եւ անհայր՝ մօրմէ ծնունդ է:

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2026