ՀՐԷԱԿԱՆ ԵՒ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ՏԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ…
-Գնա՛… եւ եկուր, երբ հաճոյքէն արթննամ:
Քիչ մը հեռացիր ինձմէ, որպէսզի երազը բաժնուի իմ ոսկորներէս:
Ես ծխել սորվեցուցի քեզի, իսկ դուն սորվեցուցիր ինծի ծխախոտին հետ ընկերութիւն ընել:
Գնա՛… եւ եկուր:
-Ուրիշ ի՞նչ ըսիր անոր:
Սիրոյ մասին չխօսեցայ անոր: Խօսքերս մութ էին, ես իսկ չէի հասկնար զանոնք, բացի անոր քնանալէն ետք: Ան շատ կ՚երգէր, բայց անոր երգը չէի հասկնար, բացի երազին մէջ: Ան գեղեցիկ է… գեղեցիկ: Այն օրը երբ տեսայ զինք, ամպը ինկաւ ուղեղիս վրայ, զայն փախցուցի ու տարի տուն եւ ըսի անոր, թէ զայն սէր համարէ:
Ամենէն մութ պահերուն իսկ կը խնդայ եւ կը խնդայ:
Զինք կը կանչէի կեղծանունով մը, որովհետեւ այդպէս աւելի լաւ էր: Կը սպաննէի զինք, բայց համբոյրէ համբոյր կը ցանկայի զինք եւ կը զգայի, թէ պիտի կորսնցնեմ զինք, եթէ դադրի համբուրելէ:
Աւազին ու ջուրին մէջ, ըսաւ. կը սիրեմ քեզ:
Ցանկութեան եւ չարչարանքին մէջ, ըսի. կը սիրեմ քեզ:
Իսկ երբ սպան հարցուց անոր, թէ ի՞նչ կ՚ընես այստեղ, պատասխանեց. ո՞վ ես դուն:
Սպան պատասխանեց.
-Դուն ո՞վ ես:
Ըսաւ.
-Ես անոր սիրուհին եմ, եւ եկայ մինչեւ բանտի դուռը, որպէսզի հրաժետ տամ անոր, ո՜վ որճրագործ: Ի՞նչ կ՚ուզէք անկէ:
Ըսաւ.
-Գիտցիր, որ ես սպայ եմ:
Ըսաւ.
-Ես ալ եկող տարի սպայ պիտի ըլլամ, ո՜վ որճրագործ:
Եւ անոր երկարեց զինուորական ծառայութեան անոր ուղղուած կոչումնագիրը: Սպան ժպիտով մը ողջունեց զինք, իսկ զիս արմուկէս բռնելով քաշեց դէպի խուցս:
Յաջորդ տարին պատերազմ էր: Կրկին անգամ խուցս վերադարձայ: Մտածեցի անոր մասին. ի՞նչ կ՚ընէ հիմա. Նապլուսի՞ մէջ էր, թէ ուրիշ քաղաքի մը մէջ. ազատագրողներէն մէկը…, որ թեթեւ հրաձան մը բռնած է: Թերեւս ալ այն պահն է, երբ կը հրամայէ մարդոց իրենց ձեռքերը բարձրացնել կամ գետնին ծունկի գալ: Կամ թերեւս հարցաքննութեան մը, կամ իր տարիքին եղող արաբ աղջկայ մը չարչարելուն կը վերահսկէր…, որ իր երբեմնի գեղեցկութիւնը ունէր:
Ցտեսութիւն չըսաւ:
Դուն ալ չըսիր անոր. գնա՛յ եւ եկուր:
Դուն անոր ծխել սորվեցուցիր, իր իսկ անիկա քեզի ծխախոտին ընկերակցիլ սորվեցուց քեզի:
***
-Միացեալ թատերգութիւն մը գրե՞նք:
-Գրենք:
-Փնտռե՞նք հանդիպման կէտ մը:
-Փնտռենք:
-Խնդիրը իր բոլոր ուժգնութեամբ ներկայացնե՞նք:
-Ներկայացնենք:
-Թող տունի մը շուրջ վէճը թատերգութեան հանգոյցը ըլլայ:
-Թող ըլլայ:
-Մէկ ամիս ետք հանդիպի՞նք:
-Հանդիպինք:
Այդ վայրկեանին, Խատիճէն հրաժեշտ կու տար իր վրաններուն մէջ, եւ անոր կը յանձնէր այն տան բանալին, որ Եաֆայի մէջ նշանաւոր դարձած էր «Կարմիր տուն» անունով:
Նոյն պահուն, Սարան, որ «Կարմիր տան» մէջ կը բնակէր, հրաժեշտ կու տար իր զաւակին, որ կ՚անսար իր զինուորական միաւորին կոչին:
Երկու տարբեր ուղղութիւններէ եկող երիտասարդները անտառին մէջ տեղ մը հանդիպեցան իրարու, իրարու հետ կռուեցան. կարեւոր չէ որ գիտնանք, թէ ո՞վ միւսին սպաննեց:
-Արարը ամբողջացուցի՞ր:
-Ամբողջացուցի:
«Սփիւռքին մէջ, հայրս անձնասպանութիւն կամ յուսահատութիւն չսորվեցուց ինծի, ինչպէս նաեւ չսորվեցուց հրաժարիլ հրէականութենէս: Ան զիս դաստիարակեց այնպէս մը, որ կարծես ես ծնած եմ, որպէսզի փախստական մը ըլլամ. այդ բոլորով հանդերձ, կեանքը սորվեցուց ինծի»:
-Իսկ դուն ի՞նչ գրեցիր:
«Սփիւռքին մէջ, հայրս անձնասպանութիւն կամ յուսահատութիւն չսորվեցուց ինծի, ինչպէս նաեւ չսորվեցուց հրաժարիլ պաղեստինցիութենէս: Ան զիս դաստիարակեց այնպէս մը, կարծես ես ծնած եմ, որպէսզի փախստական մը ըլլամ. այդ բոլորով հանդերձ, կեանքը սորվեցուց ինծի»:
-Այս մէկը կարեւոր հանդիպման կէտ է:
-Եւ տունը, որ մեր ճակատագիրը իր մէջ կը ներառէ, հանդիպմա՞ն, թէ՞ հրաժեշտի կէտ է:
-Պայքարի կէտ է:
-Թատերգութիւնը ինչպէ՞ս պիտի լուծէ զայն:
-Ենթադրենք, թէ իրաւունքը ժառանգականութենէն չի՛ ծագիր, այլ՝ անհրաժեշտութենէն եւ արժանիքէն: Այդ հիման վրայ, յիսուն տարի առաջ այս տունը կառուցող մարդը, այս տան վրայ իրաւունք չունի, որովհետեւ անոր այստեղէն հեռանալը՝ ինչ պայմաններու տակ ալ ըլլայ այդ, համազօր է հրաժարիլ իր իրաւունքէն, որու կարիքը չունի: Իսկ ներկայի սեփականատէրը, ճիգ թափած է տիրանալու այս տունին, որմէ զատ ուրիշը չունի:
-Իսկ ո՞ւր է արդարութիւնը թատերգութեան մէջ:
-Արդարութիւնը…, արդարութիւնը: Այս պահուն փնտռենք արդարութիւնը: Խղճահարութեան պահը տան մէջ տիրող մթնոլորտի մը վերածենք, մինչ ժամանակը իր ազդեցութիւնը կը գործէ: Թող որ հրեային մեղքի զգացումը փոխահատուցում թող ըլլայ արաբին համար՝ իր տունը կորսնցնելուն առընչութեամբ:
-Կը հանդիպինք:
Այդ վայրկեանին ուրիշ տուներ՝ ուրիշ քաղաքներու մէջ, իրենց բնակիչները կը փոխէին: Արաբական սփիւռքին մէջ նոր բանալիներ կու գային բարդուելու հին բանալիներուն վրայ, որու տարածութիւնը պատերազմ պատերազմի ետեւէ պատահելուն պատճառով կը նեղնար: Իսկ գիշերը, երիտասարդներ իրենց բանալիները կը շալկէին, բայց չէին վերադառնար:
(«Տխրութեան սովորական օրագիր»)
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ