«ՄԻԱՅՆ ՔԱՄԻՆ ԳԻՏԷ»

Ի՞նչ կ՚ընէիք, եթէ անցեալին երթայիք եւ դիտէիք այն իրադարձութիւնները, որոնք արդէն տեղի ունեցած են: Էմի Հարմոնի կողմէ գրի առնուած «Միայն քամին գիտէ» խորագրեալ գիրքի գլխաւոր հերոսը՝ Էնը կը ստիպուի ինքն իրեն տալ այս հարցումը, երբ կը վերադառնայ իր ընտանիքի սկզբնակէտին՝ այն ժամանակ, երբ կը կարծէ, որ ամբողջովին կորսնցուցած է իր ընտանեկան արմատները:

Իմ ուշադրութիւնը գրաւող կէտերէն մէկը այն է, որ գիրքը ունի պատմական իրականութեան հետ միախառնուած նիւթ, ինչպէս նաեւ երեւակայական տարրեր: Գիրքը աւարտելէ յետոյ հետազօտութիւն մը կատարեցի եւ շուարեցայ, երբ տեսայ նշուած հերոսներէն մի քանիի իրական լուսանկարները: Երեւակայական տարրերու հաւասարակշռութիւնը հնարաւորութիւն տուած է փոխանցուած պատմական իրադարձութիւնները աւելի լաւ ընկալելու:

«Միայն քամին գիտէ» ունի շատ յաջող եւ սահուն պատմուածք, ինչ որ կը գրաւէ ընթերցողը իւրաքանչիւր բաժինով եւ առանձնայատուկ գեղեցկութիւն կը հաղորդէ գիրքին: Պատմուածքի յաջողութեան շնորհիւ կարելի է ժապաւէն դիտելու նման երեւակայել գիրքի իւրաքանչիւր պահը։

Գիրքը իրականութեան մէջ ունի շատ յուզիչ, զգացական եւ տպաւորիչ նիւթ, որ կը զարգանայ ընդհանուր առմամբ Իրլանտայի պատմական իրադարձութիւններու շուրջ։ «Միայն քամին գիտէ»ի միջոցով Էմի Հարմոն նկարագրած է Իրլանտայի ամենադժուար ու անհանդուրժելի օրերը: Հատորին մէջ անցեալն ու ապագան կը միաւորուին եւ դէպքերը տեղի կ՚ունենան հասարակաց կէտի մը վրայ։

Գիրքի գլխաւոր հերոսը՝ Էն Կելըկըր հասցուած է իր մեծ հօր կողմէ՝ Իրլանտայի պատմութիւններով: Մեծ հօր մահէն յետոյ Էն կը մեկնի մանկութենէն ի վեր այցելել փափաքած հայրենի երկիրը՝ կատարելու համար իր մեծ հօր կտակը: Այնտեղ Էն կը ներքաշուի այլ ժամանակի մը մէջ, ինչ որ անսպասելի է եւ ամբողջովին կը փոխէ իր ճակատագիրը։

1921 թուականի պատերազմի եզրին գտնուող Իրլանտան վտանգաւոր վայր մըն է: Բայց այնտեղ Էն կը յայտնուի վիրաւորուած, ապակողմնորոշուած։ Սխալուելով տղայի մը վաղուց կորսուած մօր հետ՝ Էն կ՚ընդունի իր ինքնութիւնը՝ համոզուած ըլլալով, որ կնոջ անհետացումը կապուած է իրեն հետ:

Ինձ տպաւորող մանրամասնութիւններէն մէկը գիրքի մէջ քամիին տրուած իմաստներն են եւ ինչպէս պատմական իրադարձութիւնները կը փոխուին, բայց քամին, անձրեւը, հողն ու ջուրը ամէն ինչի վկայ են: Հեղինակը մեծ խնամքով եւ յաջողութեամբ հաստատած է հաւասարակշռութիւնը։ Քամին բոլորի վրայ կ՚ազդէ վատ օրուան ընթացքին եւ նոյն քամին տարիներ վերջ լաւ օրուան մը մէջ կ՚անցնի մարդոց վզի ետեւէն։ Սա ցոյց կու տայ, որ գիրքի մէջ ժամանակը ունի շատ իւրայատուկ հիւսուածք։ 

«Միայն քամին գիտէ» հատորը ընթերցողին կը փոխանցէ այն հաղորդագրութիւնը, որ իւրաքանչիւր աշխարհագրութիւն ունի պատմութիւն մը, որ վէրքեր կը բանայ եւ որեւէ ազգի անկախութիւնը դիւրութեամբ չի կերտուիր։ Կրնամ ըսել, որ մենք սա ամենալաւը կը հասկնանք։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 17, 2025