ԱՊԱԳԱՅԻ ԳՐԱԴԱՐԱՆԸ
Ալ-Պիւֆթէք»ը (Beef-steak) առաջին անգամ անձնապէս ճանչցայ 1958-ին, Եուսէֆ ալ-Խալին տունը, այդ ալ «բանաստեղծական» շաբաթական գեղեցիկ երեկոյթի մը ընթացքին, որ ինծի համար ամենէն կարեւորն էր բանաստեղծական, մտաւոր եւ քաղաքական առումով…, որովհետեւ, նախ եւ առաջ, ամբողջութեամբ նուիրուած էր, որպէսզի մեզի ներկայացնէ Էլիոթի նշանաւոր բանաստեղծութիւնը՝ «Ամայի երկիր»ը…, եւ երկրորդ, որովհետեւ այդ երեկոյթը տեղի կ՚ունենար հիւրասենեակին մէջ, որ խոհանոցին մօտիկ էր:
Ոչ ոք բացակայեցաւ: Անմիջապէս որ հասանք, ինչպէս որոշուած էր մեզմէ իւրաքանչիւրը իր տեղը զբաղեցուց… երկրի վրայ, նստարաններուն վրայ, փոքրիկ սեղաններուն վրայ… եւ երկիւղած կը սպասէինք, եւ նիստին նախագահը՝ Եուսէֆ ալ-Խալը սրահին մէջ կ՚երթար ու կու գար՝ նոր թարգմանած իր բանաստեղծութեան թուղթերը իրարու վրայ դիզելով, պատրաստելով զանոնք այս անմահական երեկոյին համար: Բոլորին աչքերը անոր յառած էին, Էլիոթին, համաշխարհային հնարամտութեան եւ գիտութեան երկինքին մէջ թեւաւորուած: Իսկ Ֆուատ Րաֆքան1 ու ես, մեր աչքերը ուղղուած էին դէպի խոհանոց, մի քանի պատճառներու համար, որ եթէ այստեղ ուզեմ բացատրել, ապա քայլ առ քայլ քաղաքականութեան կը հասնիմ:
Կարեւորը, Եուսէֆը միայն սկսաւ բանաստեղծութիւնը արտասանել եւ իր չորս կողմը եղողները՝ կենդանի կամ քարացած, ինք եւ ներկաները թռչեցան լուսային հազար տարի հեռու՝ Լիբանանի, արաբական եւ համաշխարհային իրականութենէն, ինչպէս նաեւ աշխարհիկ անցողակի փուճ բաներէն: Ֆուատն ու ես այդ երեկոյթին՝ ինչպէս ասոր նախորդող այլ երեկոյթներու, անհամբեր կը սպասէինք, որպէսզի միւսները դուրս գային մեր իրականութենէն:
Երբ համոզուեցանք, որ բոլորն ալ քնափութեան մէջ են եւ բոլոր աչքերը սեւեռուած են առաստաղին ու ոչ ոք ուշադրութիւն կը դարձնէ մեզի, շտապեցինք խոհանոց, արագութեամբ կուլ տալով այն ինչ որ մեր ձեռքերը կրնային հասնիլ սառնարանէն, յատկապէս «համմուսը», որ այդ ատեն Էլիոթէն2 եւ Էզրա Փաունտէն3 աւելի կը սիրէինք: Ապա շտապելով վերադարձանք մեր տեղերը ներկաներուն մէջ, մեր նայուածքները սեւեռելով միւսներուն նման առաստաղին, շարունակելով ծամել եւ միւս կողմէ ալ՝ լսել:
Բանաստեղծական երեկոյթներէն մէկուն ընթացքին, երկու օր եղած էր, որ բացի բանաստեղծութենէն եւ քննարկումներէն ուրիշ բան չէինք համտեսած, սառնարանին մէջ եղածները՝ նոյնիսկ քառակուսի սառոյցները սրբեցին եւ անոր մէջ բացի ընկերութեան անունէն եւ սառնարանի տեսակի անունէն բան չմնաց:
Եուսէֆը կը շարունակէր կարդալ բանաստեղծութիւնը, իսկ ներկաները իւրաքանչիւր գեղեցիկ պատկերի մը կամ տարօրինակ կտորի մը դիմաց կ՚արտաբերէին հետեւեալ բառերէն մէկը. զարմանալի, հետաքրքրական, սքանչելի եւ այսպէս, մինչեւ Եուսէֆը հասաւ բանաստեղծութեան այն հատուածին, որ կ՚ըսէ.
Ապրիլը ամենէն ծանր ամիսն է:
Գետնասունկեր կամ «կոլկաս (taro), լաւ չեմ յիշեր» կ՚արտադրէ ծառերուն եւ ժայռերուն տակէն:
Այդ ատեն դրան զանգը հնչեց եւ բացի ինձմէ ոչ ոք ուշադրութիւն դարձուց ատոր. բացի, թաղի նպարավաճառն էր ու ձեռքին ամսուայ պարտամուրհակը: Զուգադիպութիւնները տարօրինակ էին… Ապրիլ ամսուան պարտքերն էին: Առի զանոնք անկէ եւ ներկայացուցի Եուսէֆին, որ առաւ զայն՝ առանց նայելու եւ բանաստեղծութեան թուղթերուն միացուց: Ներկաներէն ոմանք կը կարծէին, թէ ինչ որ կը լսէին բանաստեղծութեան շարունակութիւնն է, ատոր համար կը շարունակէր զարմանալ ու արձագանգել. զարմանալի, հետաքրքրական, անկարելի:
Եուսէֆը երբ հասկցաւ սխալը, որու մէջ ինկած էր, իրար անցաւ, բարկացաւ ու բորբոքեցաւ, եւ այլեւս չէր գիտեր ինչպէս վարուէր ներկաներուն կամ նպարավաճառին հետ, որ տակաւին կանգնած էր ու իր հաշիւը կ՚ուզէր: Խոհանոցէն շտապեցի, որպէսզի օգնեմ իրեն եւ իրավիճակը փրկենք եւ բարկութիւնս սկսայ թափել նպարավաճառին վրայ, մեղադրելով զինք տգիտութեամբ, անուսութեամբ, որովհետեւ մեզ Էլիոթի եւ տարբերակումի աշխարհէն վերադարձուց լոլիկի, պանաններու եւ նման բաներու աշխարհ: Եուսէֆը ըսաւ ինծի. մի չափազանցներ ու ձգէ զինք: Ի՞նչ կայ բերանիդ մէջ: Ըսի. «համմուս»: Դարձաւ Ֆուատին ու հարցուց անոր, թէ քու բերանդ ի՞նչ կայ: Ըսաւ. «մութապալ»: Ըսաւ. հրաշալի՜: Այսպէս պիտի փոխենք աշխարհը եւ յառաջ ընթանանք արդի բանաստեղծութեան հարցին մէջ, Պաղեստինի հարցին եւ այլ ճակատագրական հարցերու մէջ, որոնք մեր ուսերուն ծանրացած են: Իրականութեան մէջ դուք երկուքդ շատ կամ քիչ չէք տարբերիր այդ նպարավաճառէն՝ մտածելու խորութեամբ կամ ապագային նայելու տեսութեամբ: Մենք կը չարչարուինք ու կը պայքարինք փնտռելու, փորփրելու եւ թարգմանելու, որպէսզի շաբաթական դրութեան ձեզի ներկայացնենք ամենէն նոր գրական փորձերը աշխարհի վրայ, իսկ դուք միշտ կազմ ու պատրաստ կանգնած էք սառնարանին դիմաց: Պիտի ջարդեմ զայն, գրադարա՞ն է: Ըսի անոր. այո՛, ապագայի գրադարանն է:
Տասը տարի ետք ծանօթացայ (բանաստեղծներու երէցին կամ հարցերու հօր), վերադարձի բանաստեղծ՝ «Ապու Սալմա»յին4, այն ալ՝ «ալ-Մըհաննա քաղցրաւենիքներ»ու ճաշարանէն ներս, Դամասկոսի ալ-Մարճէ հրապարակին վրայ, ուր վաթսունականներու ամենէն համեղ «միսէ հացիկներ»ը կը մատուցէր: Միշտ կը յաճախէինք այդ ճաշարանը եւ մեր զրոյցի ընթացքին կը քննարկէինք արաբական դաշտին վրայ եղած հարցերը…, հին բանաստեղծութիւն, արդի բանաստեղծութիւն, միասութիւն, բաժանում, յատուկ կերպով նաեւ հարցերու հարցը՝ Պաղեստին: Ապու Սալման յանկարծ կ՚անհետանար ամիս մը կամ երկու ամիս, ապա կը վերադառնար ու պատահականօրէն կը հանդիպէինք նոյն ճաշարանին մէջ. ու ես բարի գալուստ կը մաղթէի իրեն ու կը հարցնէի.
-Ո՞ւր էիր:
-Եգիպտոս, Պաղեստինի հարցին համար:
Երկու կամ երեք ամիս ետք դարձեալ կը հարցնէի անոր, ո՞ւր էիր:
-Ալճերիա, Պաղեստինի հարցին համար, Պաղտատ, Ապու Տապի Պաղեստինի հարցին համար:
Եւ անգամ մըն ալ, երկար ժամանակ անհետացաւ եւ չէի գտներ կամ տեսներ զինք կամ լուր առնէի իրմէ ճաշարանի մը, սրճարանաի մը կամ փողոցի մը մէջ: Յունիսի պատերազմը սկսաւ, Ապըտ ալ-Նասէրը մահացաւ եւ ալ-Սատաթը յայտնուեցաւ, դէմքեր բացակայեցան եւ ուրիշ դէմքեր յայտնուեցան, տարօրինակ զարգացումներ տեղի ունեցան, ինչպէս օրինակ, ես հրաւիրուեցայ Սովետական Միութիւն՝ Արաբ Գրողներու պատուիրակութեան հետ: Այցելութեան վերջին օրը, մինչ ես «Ռուսիա» հիւրանոցի ընդարձակ սրահին մէջ կը հետեւէի ասիական, ափրիկեան եւ եւրոպական հարիւրաւոր պատուիրակութիւնները կը դիտէի, որոնք այս ու այն կողմ կ՚օրօրուէին, եւ իւրաքանչիւր անդամ իր կուրծքին նշան մը կը դնէր եւ իր պայուսակով ու հարցով ժողովասրահին չորս կողմը կը դառնար, այնտեղ, հեռուէն տեսայ «Ապու Սալմայն», որ իր հերթին ժողովասրահին չորս կողմը կը դառնար իր պայուսակով ու հարցով, ոգեւորութեամբ ձայն տուի անոր եւ զարմացայ անոր ներկայութեամբ. Պաղեստին, արդի բանաստեղծութիւն, հին բանաստեղծութիւն, զինեալ պայքար, քաղաքակիրթ պայքար, բայց չլսեց զիս ու դէպի ինծի ալ չդարձաւ: Այստեղ, անմեղօրէն պոռացի. «Միսով հացիկներ», եւ ահա, ան անմիջապէս դարձաւ՝ քաղաքավարի եւ հետաքրքրութեամբ նայելով:
Ձեռքս անոր երկարելով ու բարեւելով ըսի անոր.
-Միսով հացիկներ ո՜վ Ապու Սալմա:
Գլուխը շարժելով եւ արցունքը ստուերները աչքերուն ըսաւ.
-Այո՛…, միսով հացիկներ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
1 Սուրիացի բանաստեղ եւ թարգմանիչ: Ծնած է 1930-ին, Սուրիա, Թարթուս նահանգի ալ-Քաֆրուն գիւղին մէջ: Տասը տարեկանին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Լիբանան: Գերմանիոյ մէջ աւարտաճառ ներկայացնելով՝ «Բանաստեղծութեան տեսութիւնը Մարթըն Հայտկէրին մօտ» նիւթով, փիլիսփայութեան դոկտոր դարձած է: Վերադարձած է Լիբանան եւ դասախօս եղած է Պէյրութի Համալսարանական կաճառին մէջ (ներկայիս կը կոչուի Լիբանանեան-Ամերիկեան համալսարան): Բազմաթիւ գործեր թարգմանած է եւ ինք եւս հեղինակած է բազմաթիւ գործեր՝ բանաստեղծութիւններ եւ արձակ: Մահացած է 13 մայիս 2011-ին Լիբանանի մէջ, սակայն իր կտակին համաձայն թաղուած է Սուրիոյ մէջ՝ իր ծննդավայրը:
2 Թոմաս Սթերնս Էլիոթ, անկլո-ամերիկեան բանաստեղծ, արուեստի տեսաբան եւ մշակոյթի պատմաբան: Ծնած է 26 սեպտեմբեր 1888-ին: 1948-ին ստացած է գրականութեան Նոպէլեան մրցանակ: Հեղինակ է շարք մը բանաստեղծութիւններու, ոտանաւորներու եւ չափածոյ տրամաներու ժողովածուներու: Իր նշանաւոր աշխատութիւններէն են՝ «Բանաստեղծութեան նպատակը եւ քննադատութեան նպատակը» (1933), «Բանաստեղծներու եւ բանաստեղծութեան մասին» (1957) եւ այլն: Մահացած է 4 յունուար 1965-ին:
3 Ամերիկացի նշանաւոր բանաստեղծ, հրատարակիչ եւ խմբագիր: Ծնած է 30 հոկտեմբեր 1885-ին: Համարուած է ամերիկեան արդիական բանաստեղծութեան հիմնադիրներէն: Ան կը համարուի նաեւ պատկերապաշտական գրական հոսանքի ամենէն յայտնի ներկայացուցիչներէն մէկը եւ իր հրատարակած գիրքը՝ «Des Imagistes» կը համարուի այդ հոսանքի տեսութիւն եւ ծաղկաքաղ: Հեղինակ է նաեւ բազմաթիւ այլ գիրքերու եւ գրութիւններու: Մահացած է 1 նոյեմբեր 1972-ին:
4 Ապըտ ալ-Քարիմ ալ-Քարմի, ծանօթ որպէս՝ «Ապու Սալմա», իսկ տիտղոսը՝ «Պաղեստինի ձիթենի»: Ծնած է 1909-ին: Պաղեստինցի գրող, բանաստեղծ եւ հասարակական գործիչ: Հեղինակ է բանաստեղծական ժողովածուներու: Այդ ժողովածուներէն մէկը՝ «Թափառաշրջիկը» (1951), նուիրած է պաղեստինցի արաբ փախստականներուն: 1978-ին, Պէյրութի մէջ լոյս տեսած է անոր երկերու լիակատար ժողովածուն: 1987-ին արժանացած է միջազգային «Լոտոս» գրական մրցանակին: Մահացած է 11 հոկտեմբեր 1980-ին: