ԽԱՉՈՒԱԾ ՈՉԽԱՐՆԵՐԸ

Թուխ պետեւի մը, սառնօրէն կը նայէր…, կարծէք արդէն վարժուած էր միշտ այսպիսի տեսարաններ դիտելու…, թեւերը հին հրացանի մը վրայ դրած, որ դէպի ուսերը եւ վիզին ետեւը կ՚երկարէր, գլխուն վրայ անհոգութեամբ կտաւ մը դրուած էր եւ հին հագուստ մը հագած, որ ո՛չ արեւէն եւ ո՛չ ալ փոշիէն կը պաշպտանէին զինք… իսկ անոր ինն ոչխարները իր չորս կողմը պառկած էին, լսելի կերպով կը շնչէին եւ յստակ էր, որ տաքութիւնը հիւծած էր զիրենք… 

Երբ ինքնաշարժներուն արագութիւնը դանդաղեցաւ եւ իր կողքը կանգնեցան, ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ տարօրինակ բարձր ջերմութիւնն է, որ ինծի պատկերացնել կու տայ, թէ այդ մարդը իրապէս այդտեղ կանգնած է…, հեռու ամէն ինչէ, պարզապէս նիհար ոչխարներ, կը լեցնեն իր առանձնութիւնը եւ իր հին հրացանը՝ իր ուսերուն վրայ դրուած… Պահ մը, կարծեցի նաեւ, թէ պէտք է շօշափեմ զինք իմ մատներովս, համոզուելու համար, թէ իրապէս ան գոյութիւն ունի եւ իրական է… 

Ետեւէս ձայն մը լսեցի, որ կը պոռար, սակայն վախով. 

-Ահաւասիկ առասպել մը առասպելներէն… մարդն ու աստուածը մէկ վայրի մէջ: Տեսնես ի՞նչ կ՚ընէ այստեղ: 

Միւս բժիշկը սառնօրէն պատասխանեց անոր. 

-Կ՚երկրպագէ…: 

Եթէ այսպէս սկսաւ, ապա նստած տիկիններուն ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալներէն մէկը քօղ մըն ալ պիտի տայ իրեն, որպէսզի աւելիով ներդաշնակուի զրոյցին, եւ թերեւս նստած տիկիններէն մէկը կաթիլ մը կամ երկու կաթիլ թափէ իր գաւաթէն իր հագուստին վրայ՝ ներքաշուած ըլլալով հաճելի զրոյցին մէջ: Իսկ ան, այդ պահուն անպայմանօրէն իր ուրախութեան գագաթնակէտին պիտի ըլլայ… եւ հարցումները բոլոր կողմերէն պիտի սկսին թափիլ իր վրայ. 

-Ի՞նչ կ՚ընէր այնտեղ: Մարմինով զօրաւո՞ր էր: Թուխ էր, չէ՞: Խօսեցա՞ք անոր հետ: Զինուած չէ՞ր: Կ՚ըսես, թէ կէս խե՞նթ մըն էր: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ մէկ պետեւի մը ինքնաշարժներու մեծ շարան մը կանգնեցնէ: Տարօրինակը այն է, որ յաջողեցաւ կանգնեցնել զանոնք: Անոր արաբերէնը գրակա՞ն էր…: 

Իսկ ինք, պիտի փքուէր դարձեալ եւ դարձեալ, մինչ անոնց ոգեւորութիւնը կը փորձէ մեղմացնել. 

-Ինչո՞ւ այսքան զարմացած էք: Այդ անապատին մէջ, որ աշխարհէն դուրս է, բժիշկը կրնայ որեւէ մէկ բան տեսնել… Հիմա ձեզի իրողութիւնը տարօրինակ կը թուի, սակայն, մեզի համար, պարզ երեւոյթ մըն էր… Այդ օրերուն ո՛չ մէկ բան մեր աչքերը կրնար զարմացնել, այդ պատճառով, մենք երբ տեսանք զինք այնտեղ առանձինն կանգնած՝ իր ինն նիհար ոչխարներուն հետ…, մեզմէ ո՛չ մէկուն միտքէն անցաւ զարմանալ կամ հիանալ, ինչ որ հիմա դուք կ՚ընէք… 

Ան ատիկա պիտի ըսէ պատմութիւնը պատմելով պարզապէս: Իսկ երբ զայն մեզի հետ տեսաւ…, երբ միասնաբար ինքնաշարժի փոշոտ պատուհանէն նայեցանք, զարմանք կը պատճառէր բոլորիս միաժամանակ… Պզտիկ կ՚երեւար հեռուէն եւ անոր չորս կողմը ինն փոքրիկ սեւ կէտեր՝ բորբոքած աւազներու կարմիրին մէջ… Ետեւէս ձայն մը լսեցի… Վարորդը իջած էր ինքնաշարժէն ու ինքնաշարժի պատուհանէն լսեցինք անոնց զրոյցը. 

-Հաճի կ՚երթաք, այնպէս չէ՞: 

-Այո՛: Ուտելիք կ՚ուզե՞ս:

Իջանք ինքնաշարժէն ու դէպի անոր ուղղուեցանք: Անոր աչքերը բան մը կը պարունակէին, որ չէր բացատրուէր եւ այնպէս թուեցաւ, թէ բացի զինք ձգելէն ու իրմէ հեռանալէն ոչինչ կ՚ուզէր մեզմէ… 

-Ուտելիք չե՛մ ուզեր: Ես շատ չեմ ուտեր: 

-Ի՞նչ կ՚ընես այստեղ,- ետեւէս ձայն մը հարցուց… Պետեւին աչքերը յանկարծակի զարմանքէն փայլեցան, կարծէք ըսել կ՚ուզէր, թէ անիմաստ հարցում մըն էր, ապա մրմնջաց. 

-Ասոնք կ՚արածեմ… 

-Ասո՞նք: Այստեղ ի՞նչ կը գտնես, որ անոնք արածես: 

-Փուշերը, տակաւին քիչ մը խոնաւ են… 

-Սակայն, այնպէս կը թուի, թէ ոչխարներդ յոգնած են: 

Նայեցաւ անոնց, կարծէք առաջին անգամն էր, որ կը տեսնէր զանոնք… եւ անոր սուր աչքերուն մէջ կարծր ցաւի նշոյլ մը փայլեցաւ… ու գլուխը շարժեց: 

-Ծարաւ են… 

-Ջո՛ւր տուր անոնց, ուրեմն: 

-Ջուր չունիմ… եւ ամբողջ օրը ո՛չ մէկ կաթիլ գտած եմ… 

Տխրութիւնը սկսաւ տարածուիլ անոր աչքերուն մէջ մինչեւ ամբողջ աչքերը լեցուց ու ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ ան պիտի լար… Սակայն, մարդիկը, որոնք ետեւս կանգնած էին, տակաւին կը փափաքէին շարունակել հարցումները:

-Իսկ դուն, ծարաւ չե՞ս:

-Ե՞ս: 

Գլուխը շարժեց դարձեալ, իսկ թեւերը տակաւին երկարած էին հրացանին վրայ, ու շարունակեց. 

-Իմ հոգս չէ, բայց այս խեղճերը ծարաւ են…: 

-Ի՞նչ կ՚ուտես այստեղ:

-Ամէն առտու ասոնց կուրծքերէն կաթ կը խմեմ…, սակայն անոնք ծարաւ են… 

-Ե՞րբ պիտի վերադառնաս ընտանիքիդ: 

Շրթունքները դարձուց եւ լռութեամբ դարձեալ սկսաւ գլուխը շարժել ու սկսաւ նայիլ իր կողքը պառկած ոչխարներուն ու փսփսաց. 

-Իմ հոգս չէ, սակայն այս խեղճերը ծարաւ են: 

Ապա խնդրող աչքերով մեզի նայեցաւ ու պաղատող ձայնով գոռաց. 

-Այս խեղճերուն համար ջուր չունի՞ք: 

Վարորդը խօսեցաւ. 

-Ո՛չ…, մենք շար ջուր չունինք…, սակայն եթէ կ՚ուզես, կրնանք քեզի ջուր տալ: 

Պետեւին անտեսեց առաջարկը եւ իր գլուխով նշան ըրաւ ինքնաշարժին, որ իր վրայ ջուրի տակառներ բեռցած էր: 

-Ատոնք ջուր չե՞ն:

-Այո՛, ջուրն են, սակայն ինքնաշարժներուն համար են… 

-Ինքնաշարժներո՞ն համար,- զարմանալով հարցուց: 

Վարորդրը դարձեալ խօսեցաւ.

-Ինքնաշարժները միշտ ջուրի կարիք ունին: 

-Սակայն ասոնք ծարաւ են եւ թերեւս ալ մեռնին… 

Ապշած հայեացքով նայեցաւ տակառներուն ապա շարժեց գլուխը այնպէս, որ անկարող էր հասկնալ իրողութիւնը եւ դարձեալ կրկնեց. 

-Ոչխարները ծարաւ են…, թերեւս ալ մեռնին… 

-Եթէ կ՚ուզես, խմցնենք քեզի…: 

-Ոչխարներուս համար ջուր կ՚ուզեմ, չէ՞ք տեսներ, թէ անոնք ծարաւ են: 

-Ուտելիք կ՚ուզե՞ս:

Դարձեալ շարժեց գլուխը… եւ իր աչքերը մեր բոլորին դէմքերուն վրայով անցուց, ապա աղէտալի ձայնով մը աղաչեց.

-Չէ՞ք տեսներ, թէ անոնք գրեթէ պիտի մեռնին: Անոնք ծարաւ են… 

-Սակայն մենք անկարող ենք ջուր տալու քեզի… 

-Ինչո՞ւ: 

-Ինքնաշարժները… 

-Ինքնաշարժնե՞րը: Այս բոլոր ինքնաշարժները կ՚արժե՞ն ոչխար մը ոչխարներէս: 

Պահ մը թուեցաւ, թէ նոր կատակ մըն էր…, սակայն, երբ անոր աչքերը սուր տխրութիւն զգեցան, վերադարձուցին մեզ իրավիճակի դառնութեան: 

-Ընտանիքդ այստեղէն շա՞տ հեռու են: 

Հրացանին վրայէն իր ափով ցոյց տուաւ իր կռնակին ետեւը եւ ձանձրացած, ըսաւ. 

-Շա՜տ հեռու… 

-Եւ հիմա ի՞նչ պիտի ընես: 

Դարձեալ ուսերը թօթուեց, նայեցաւ իր ոչխարներուն, ապա մեր դէմքերուն, եւ հանդարտութեամբ, կռնակը դարձուց մեզի ու սկսաւ անապատին նայիլ… 

Իսկ երբ ինքնաշարժները դարձեալ աշխատեցան, լսեցինք վարորդին վերջին գոռոցը, որով վերջին առաջարկը կու տար անոր. 

-Մենք պատաստ ենք տալու քեզի ինչքան ուտելիք որ կ՚ուզես եւ ջուր խմցնել ինչքան որ կ՚ուզես… կը փափաքի՞ս: 

Ինքնաշարժի պատուհանին փոշիին ընդմէջէն տեսանք, թէ կը դառնար խաչուած իր հրացանին վրայ, ինչպէս միշտ տեսանք զինք, մինչ անոր շրթունքները դողացող ձայնով գոռացին. 

-Անոնք ծարաւ են…, նոյնիսկ թերեւս այս գիշեր մեռնին… 

Ինքնաշարժները շարժեցան եւ խաչուածը սկսաւ կամաց կամաց անհետանալ, մինչեւ որ տապն ու փոշին կորսնցուցին զինք: 

* 

Փիլիսոփայական պոռթկումը տակաւին շղթայուած էր ետեւի նստարանին նստած ընկերակիցներու ուղեղներուն մէջ… ինքզինքս ստիպուած գտայ կրկնելու ես ինծի այն չարաճճի նախադասութիւնները, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր կը մաշեցնէին ուղեղս. 

-Տարօրինակ ճամբորդութիւն է ասիկա։ Այսօր ողբերգութենէ բացի ուրիշ բան չէ…, իսկ վաղը պիտի ըսենք, թէ արկածախնդրութիւն մըն էր…

Քուէյթ, 1960

(«12-րդ անկողինին մահը»)

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2 եւ վերջ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2026