ԱԿՆԱՐԿ - 147 - ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք վերի վերնագիրը կրող գրութիւնը, լոյս տեսած թերթիս 12040 թիւին մէջ, 59-րդ տարի, չորեքշաբթի 12-7-1967-ին, գրուած՝ Տ. Արսէն Աւ. Քհնյ. Սիմէոնեանցին կողմէ: Գրութիւնը թէեւ դրուագի մը մասին է՝ Խրիմեան Հայրիկի տուած մէկ այցելութենէն Ռուսաստան, սակայն իր մէջ ուղիղ եւ զօրաւոր պատգամներ ունի այսօրուան համար, երբ ցաւօք, Հայաստանի իշխանութիւնները ամէն կերպ կը փորձեն խլել Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անկախութիւնը:
*
Առհասարակ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները միշտ յայտնի եղած են իրենց անբարեհաճութեամբ, մեծամտութիւնով եւ մոլեռանդութեամբ: Ինչպէս ցարերուն կառավարութիւնները ստոր, արհամարհական աչքով նայած ու հալածած են իրենց պետութեան փոքր ազգերը, նոյն վերաբերմունքը ցուցադրած են Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ բարձր հոգեւորականները փոքր ազգերու եկեղեցիներու հանդէպ:
Միայն կայսրուհի Եկատերինէ Մեծի օրով Ռուսիոյ մէջ գտնուող այլադաւաններուն թոյլ տրուեցաւ կառուցանել սեփական եկեղեցիներ՝ իրենց համայնքներու կրօնական կարիքները հոգալու նպատակով: Ռուսիոյ մայրաքաղաքի Փեթերսպուրկի մէջ կայսրուհիի հրամանով, ընդարձակ հողաբաժիններ տրամադրուեցան հայերուն, կաթոլիկներուն եւ լութերականներուն: Այնքան ընդարձակ էին այդ հողերը մայրաքաղաքի նշանաւոր Նեվսկիյ փրոսփեկտ կոչուած պողոտայի վրայ, որ հայոց եկեղեցւոյ բակում կառուցուած տուներն ու խանութները տարեկան երկու հարիւր հազար ոսկի րուբլի արդիւնք կը բերէին (աւելի քան հարիւր հազար ոսկի տոլարի): Միայն կառուցուած տաճարները զուրկ պէտք է ըլլային զանգակատուներէ, երեւի որպէազի ուղղափառ ռուսերու լսողութեան այդ տաճարներու զանգերուն ձայնը չհնչուէր…: Այնքան մտաբոբիկ էին անոնք:
Այսպէս Մոսկուայի մէջ 1769-ին կառուցուած Ս. Աստուածածնայ եկեղեցին, ուր կը գտնուէր Քազան քաղաքի հայոց մատուռէն բերուած հին Աստուածածնայ պատկերը, չունէր զանգակատուն: 1780-ին կառուցուած Ս. Խաչ եկեղեցին Հայոց փողոցին վրայ՝ արհեստական մարմարիոնով պատած գեղանի տաճարը Լազարեան ճեմարանին դիմացն՝ արդէն զանգակատուն ունէր: Երկուքն ալ այսօր ոչ եւս են: Միայն գերեզմանատան մատուռը դեռ կանգուն է: 1828-ին երբ Հայաստանի մէկ մասը Ս. Էջմիածնի հետ նուաճուեցաւ ռուս զօրքերուն կողմէ եւ մենք հպատակ դարձանք ռուս պետութեան, ռուս հոգեւորականութիւնը պարտք կը համարէր զանազան որակումներով անարգել մեր եկեղեցին. արիոսական հերձուածող եւ այլն անուանելով: Հոգելոյս Ներսէս Ե. Աշտարակեցի կաթողիկոսը առանձին գրքոյկով ռուս լեզուով գրուած, ներկայացնելով Հայոց Եկեղեցւոյ դաւանութեան ճշգրիտ պատկերը՝ ռուս կառավարութեան պահանջ դրաւ, որ վերջ տրուին ռուս հոգեւորականութեան այլանդակ զրպարտութեանց եւ ոտնձգութեանց:
Սակայն, ռուս ժողովուրդի կողմէ նման բան մոլեռանդութիւն չէր նկատուեր: Այսպէս, Խրիմեան Հայրիկ, Մատթէոս Բ. Իզմիրլեան եւ Գէորգ Ե. Վշտակիր կաթողիկոսները ժամանելով Փեթերսպուրկ ներկայանալու Նիքոլայ Բ. կայսեր, թէ՛ այդ քաղաքի եւ թէ Մոսկուայի հայ գաղութներու կողմէ փառաւոր ընդունելութիւն կ՚ունենային, փառաւոր արքայական փակ կառքերու մէջ, որոնց լծուած էին երեք զոյգ հսկայ ձիեր, իսկ կառքին ետեւը կարմիր զգեստներով կանգնած կաթողիկոսին շաթիրներն, իսկ կառքի առջեւէն երկու պատկառելի քահանաներ Հայրապետական գաւազանն ու խաչ իրենց ձեռքին մէջ, ձի հեծած կ՚առաջնորդէին դէպի հայոց եկեղեցին:
Վեհափառներու կառքի ետեւէն ալ մօտ եօթ-ութ փառաւոր փակ կառքերով շքախումբը կ՚ուղեկցէր. մի քանի տասնեակ սեփական կառքերով ու ժողովուրդը: Հայոց եկեղեցիին մօտիկ, լեփ-լեցուն հայ ժողովուրդի հետ ռուսերն ալ պոռացել էին. «Կեցցէ՛ Հայրիկ, կեցցէ՛ Հայրիկ»:
…Վեց տարի ետք, երբ ես Մոսկուա եկայ, մեր փողոցի խանութպանները դեռ չէին մոռցած «Կեցցէ՛ Հայրիկ»ը…:
Իվերիայի - Վրաստանի Աստուածածնայ հին պատկեր մի փոքրիկ մատուռի մէջ դրուած տարուայ բոլոր ժամանակ, օր ու գիշեր բաց կ՚ըլլար եւ աղօթողներով լեցուն: Երբ հոգելոյս Խրիմեան Հայրիկ ժամանած եկած է այդ մատուռը, Աստուածածնայ պատկերին երկրպագելու՝ ռուս հաւատացեալ ժողովուրդը զայն շրջապատած ո՛չ միայն աջը կը համբուրէր, այլեւ քղանցքներն ու շրջապատին հազիւ հազ յաջողուել է Հայոց Հայրապետը մի կերպ դէպի կառքը առաջնորդել:
Հոգելոյս Գէորգ Ե. Վշտակիր կաթողիկոսը այցելութիւն տուաւ կայսրուհիի քրոջը, Ելիզավետա մեծ իշխանուհիին, որ ահաբեկման ենթարկուած մեծ իշխան Սերկէյ Ալեքսանդրովիչի, Նիքոլայ Բ. կայսեր հօրեղբօր կինն էր: Շատ բարեհամբոյր եւ բնաւորութիւնով առաւել համակրելի քան քոյրը կայսրուհին, ամուսնոյն մահէն ետքը կրօնաւոր եղաւ, վանք հիմնեց ու սարկաւագուհիի աստիճանով հոն կը բնակէր: Գէորգ Ե. Հայրապետը ռուս լեզուին տիրապետելով, մեծ դքսուհիի կողմէ մեծ պատիւներու արժանացաւ: Երբ իր վանքի շինութիւնները ցոյց կու տար Վեհափառին, շէնքէն ներս մտնելու պահուն Վեհափառի քայլերը կը դանդաղէին, որպէսզի մեծ դքսուհին մտնէ, սակայն վերջինս իբրեւ սարկաւագուհի համեստաբար կանգ կ՚առնէր, որ Վեհափառն առաջ մտնէր: Մոսկուայի շատ տաք օրերէն մէկն էր. Փեթերսպուրկի հովիւ Ռուբէն Աւ. Քհնյ. Բէգդիւլեանի հետ Վեհափառի խաչն ու գաւազանը բռնած կը սպասէինք դուռին առջեւ, որպէսզի շքախումբով Վեհափառը ելլէ քրտնած բոլորովին: Անսպասելիօրէն հրամցուցին մեզի ռուսական Կվաս կոչուած ոչ ոգելից զովացուցիչը, խոշոր գաւաթներով: Դա ռուսի սեւ հացէն պատրաստուած թթուաշ հեղուկ է, որ բարիք եղաւ մեզի համար:
Մեր երեք հոգելոյս կաթողիկոսներն ալ կայսեր այցելութենէն ետքը, երբ Նիքոլայ կայսրը անոնց վեղարին խաչը կը պարգեւէր, թանկարժէք խոշոր ադամանդներէ ընդելուզեալ, կ՚ուզէին այցելութիւն տալ նաեւ երկու մայրաքաղաքներու ալ ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ գլուխ մետրապոլիտներուն, որպէսզի վերին իշխանութիւնը չկարծէր, թէ մեր հայրապետները կ՚արհամարհէին զանոնք, սակայն երկուքն ալ այդ ժամանակ տասը-տասնհինգ օրեր շարունակ «բացակայ» կ՚ըլլային Փեթերսպուրկէն ու Մոսկուայէն: Այսքան «հեզ» ու «խոնարհ» էին անոնք, Քրիստոսի, սիրոյ ու եղբայրութեան Մեծ Վարդապետի սպասաւորները, ռուս հաւատացեալ ժողովուրդին համեմատութեամբ…:
Թերեւս առարկողներ ըլլան, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին միանար ռուս հզօր ուղղափառ եկեղեցիին հետ՝ մեզ կը գուրգուրային ու չէին հալածեր այլեւս: Քաւ լիցի: Մեզի դրացի վրացի ժողովուրդը դեռ 610 թուականին բաժնուեցաւ մեզմէ ու միացաւ յոյն հզօր պետութեան ուղղափառ եկեղեցւոյ: 187 թուականին, երբ Վրաստանի վերջին թագաւորը յօժար կերպով իր իշխանութիւնը զիջեց Ռուսիոյ ցարերուն, վրաց թագաւորներու հետ կաթողիկոսութիւնն ալ վերջ գտաւ: Կաթողիկոսներու փոխարէն էքզարքութիւն հաստատեցին, որուն գլուխ ռուս եպիսկոպոս մը կարգեցին եւ վրաց եկեղեցիներու մէջ մայրաքաղաք Թիֆլիզում ժամերգութիւը տեղի կ՚ունենար մէկ դասում ռուսերէն, միւս դասում վրացերէն...: Անոնք նախանձով կը դիտէին, թէ ինչպէս Հայոց անկախ եկեղեցւոյ պետին՝ Խրիմեան Հայրիկի արքայական ընդունելութիւն կ՚ընէին հայերը:
***
Հայաստանի այսօրուան հայ գիտնականներն հնադարեան վանքերը կը կոչեն համալսարաններ, ուր լուրջ, խորիմաստ նուիրեալ տաղանդաւոր եւ հանճարեղ հոգեւոր մշակներու անդուլ ջանքերուն շնորհիւ ծաղկել, զարգացել ու պճնուել է հայ գիտութիւնը, գիրն ու գրականութիւնը եւ մշակոյթը:
Հաղբատն ու Սանահինը, Գանձասարն ու Ս. Էջմիածինը, Կարմիր վանքն ու Հռոմկլան, Նարեկայ եւ Ս. Կարապետի, Վարագայ ու Աղթամարայ վանքերը հանդիսացած են հայ ժողովուրդի համար համալսարաններ, գիտութեան եւ արուեստի կեդրոններ ու իսկական բերդեր:
Ահա՛, թէ ինչո՞ւ մենք ջանացած ենք պահել պահպանել մեր Սուրբ եւ Առաքելական Եկեղեցւոյ անկախութիւնը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ