ԼՈՒՍԻՆԸ ՀՈՐԻՆ ՄԷՋ ՉԻՆԿԱՒ

-Կորսուած դրա՞խտ մըն է [Պաղեստինը]:

Ուշադիր եղիր այս եզրոյթէն. որովհետեւ ատոր հանդէպ համոզումը եւ ընդունումը՝ իրաւական եւ գոյաբանականօրէն, հասած է իր վերջնական սահմանին: Կտրականապէս կորսուած դրախտին եւ պաղեստինեան ընկալումով դրախտի միջեւ տարբերութիւնը, հակամարտութեան տարածքին նկատմամբ կարօտի, ինչպէս նաեւ հոգեբանական եւ իրաւական վիճակի բացակայութիւնն է: Այնքան ատեն որ հակամարտութիւնը կը շարունակուի, դրախտը կորսուած չ՚ըլլար, այլ՝ գրաւուած կ՚ըլլայ, եւ ենթակայ՝ վերադարձուելու: Նկատի չունիմ կեդրոնանալ պատերազմին պարտուելու հասկացութեան վրայ, ինչպէս նաեւ պատերազմին չպարտուելու, որ կը կայանայ ինքզինք պաշտպանել պատերազմին պարտուելու դէմ: Այլ, նկատի ունիմ, թէ պաղեստինցին չի՛ կրնար իր հայրենիքին հետ այս հասկացողութեամբ վարուիլ, ինչպէս որ արաբները կը վարուին ալ-Անտալոսին հետ, կամ ինչպէս որ հաւատացեալները նուէրի կը սպասեն: Պաղեստինի եւ ալ-Անտալոսի միջեւ մահուան չափ տարբերութիւն կայ: Որոշ զբօսաշրջիկ յեղափոխականներ, որոնք խնդիրին կը նային նմանութեան տեսանկիւնէն, այս հասկացողութեան առումով լաւ է մտադրութիւնը, բայց վատ՝ արդիւնքը, եւ կը սկսին ձեւական գեղագիտութեան եւ վերահսկող համերաշխութեան դիրքերէն: Անոնք քեզմէ աւելի պիտի լան, եթէ յանձնուիս այս նմանութեան եւ իրաւունքներդ եւ գոյութիւնդ սահմանափակես հրացանի կարօտի ցանկաթելին, ցոյց տալու համար տարածութեան հեռաւորութիւնը Պաղեստինի եւ ալ-Անտալոսի միջեւ, ինչպէս նաեւ պատմական ներդաշնակութեան գեղեցկութեան խախտումը: Կորսուած դրախտի գաղափարը կը գայթակղեցնէ անոնք, որոնք յուզիչ նիւթ մը կը փնտռեն, սակայն պաղեստինեան վիճակը կը մղէ արցունքներու շատացումին եւ արեան պակասի: Եւ ասիկա ազգային գերազանցութիւն է դրախտին նկատմամբ, որովհետեւ կը նմանի անոր եւ որովհետեւ կարելի է:

-Օրին մէկը այս ծայրին վրայ չե՞ս կանգնած, երբ դուն քեզ մանկութեան սեփականութենէն դուրս գտար: 

Նախքան այդ, մանկութիւնը յատուկ տարածքի մը մէջ հրաւէր չունի: Այն վայրը՝ ուր ծնած ես, միշտ չէ որ հայրենիքդ է, բացի եթէ ծնունդը հաւաքական էր եւ բնական: Եթէ ծնունդը անհատական էր եւ արհեստական, ապա վայրը պատահական կ՚ըլլայ: Այդ է որ կը կազմէ պատմական տարբերութիւնը Մահմուտին եւ Իսրայէլին ծնունդին՝ մէկ վայրի մէջ հիմա: Ասպատակողները երբ սերնդագործեն ուրիշներու հողին վրայ, այդ մէկը իրենց ազգային իրաւունք մը չի՛ տար: Իսկ եթէ ժողովուրդ մը սերնդագործէ իր հայրենիքին մէջ, ապա ատիկա ազգայնականութեան շարունակականութիւնն ու օրինականութիւնն է: Այս իրավիճակին ամբողջացումին պարտադիր կանխումը հիմա, աքսորելու պատճառով, իրերու կազմութեան մէջ որոշիչ ո՛չ մէկ բան կը փոխէ: Այսինքն, ծննդեան հաւասարումը չի՛ կրնար աւարտիլ, բացի եթէ արդիւնք է յարաբերութեան մը՝ ասպատակողներու, սուրի եւ Թորայի միջեւ: Այսպիսով, այս պարագային մենք չենք վախնար իրաւունքի հասկացութիւններու փոփոխութենէն:

Այս կը նշանակէ, որ ես զիս մանկութեան սեփականութենէն դուրս չեմ գտած տակաւին: Ինծի օգնած է չմօտենալու պարտութեան այս զգացումին, միւս հաւասարեցնողն է այս իրավիճակին, որ յանկարծ կանգնեցաւ, սակայն իմ էութեանս մէջ չփոխուեցաւ, որովհետեւ իմ հեռանալս իմ ընտրութեամբս չէր, ճամբորդութիւն չէր, այլ՝ աքսոր էր ու վտարում: Այդ հաւասարեցնողը՝ աքսորավայրին մէջ դիմադրելն էր դաժան պայմաններուն, որոնց լուծումը չէր կայանար զանոնք մերժելու կամ զանոնք դիմադրելու ներքնապէս, այլ վերադառնալու իմ արմատներուս..., որ կը սկսի հարցնելով, թէ ի՞նչ բանն էր, որ զիս անոր հասցուց: Մենք հիմա աւելի մեծ տարիքի մէջ ենք, եւ մենք ի վիճակի ենք հակառակելու պաղեստինեան յուսահատութիւնը միայն գաղթակայանի ներքին վիճակի վերածելու երեւոյթին. ատիկա յաղթանակ կը շնորհէ աքսորի պատճառներուն եւ աքսորը պատճառողներուն, որովհետեւ որճագործը կրցաւ երկպառակութիւն մտցնել վիրաւորներուն եւ հիւանդանոցի տնօրէնութեան միջեւ: Ասիկա չեմ ըսեր, մատնանշելու համար լաւ ու շիտակ կառավարումը, այլ՝ յիշեցնելու համար, որ ասպատակողները պէտք չէ մեր ուշադրութենէն վրիպին, երբ մեր ներքին գործերու մանրուքներով կը զբաղինք:

Չէիր կրնար զսպել բարկութիւնդ, երբ աքսորի մէջ հասակակիցներդ կը զգուաշացնէին քեզ, թէ դուն պաղեստինցի ես եւ թէ իրաւունք չունիս, որ դասերուդ մէջ յաջողիս: Այդ անարգանքները գիտակցութեանդ առաջին բանալիներն էին այն վիճակին, որ տարիներ ետք պիտի տիրապետէր ամբողջ էութեանդ, որով պիտի հասկնաս, որ քու խնդիրդ չի՛ սահմանափակուիր իրաւունքի հաւասարութիւն պահանջելով եւ աւելի հաց ստանալով արտասովոր վիճակներու ընթացքին: Սակայն, փոքր տարիքիդ՝ բնազդօրէն կարծեցիր, թէ անարգանքէն ձերբազատիլդ կը կայանայ այն պայմաններէն, որոնք պատճառ եղան այդ անարգանքին: Ատիկա սկիզբն էր անհրաժեշտ առնչութեանդ -ոչ պատահականօրէն-, քու առաջին աշխարհիդ: Նեղ փողոցներով մութ գիւղդ՝ Աքքայի հարթավայրին փոքր բլուրի մը վրայ կանգնած, վերածուեցար խնդիր մը լուծողի, որ չե՛ս հասկնար: Ասկէ, այնտեղ ձգուած մանկական բաներուդ վերադառնալն ու զանոնք պահելը զէնքի վերածուեցան, որոնք կը փաստեն պարզ նմանութիւնդ ուրիշներուն, ինչպէս նաեւ փաստեր են, թէ ունիս մարդկային պայմաններ, որոնք առիթ չեն տար, որ անարգանքի ենթարկուիս: Այս փաստին մասին զգացումդ կը բորբոքէր յատկապէս տօնական օրերուն: Միւս փոքրիկները նոր հագուստներ կը հագուէին եւ զատկական ուտելիքներու մասին կը խօսէին, իսկ դուն հօր եւ մեծ հօրդ հետ մուրացկաններու շարքին մէջ կը կանգնէիր, որպէսզի քեզի բաժին հասնող ուտելիքն ու հագուստները ստանաս:

-Ե՞րբ պատահեցաւ ատիկա:

1949-ին: Հեռանալէն մէկ տարի ետք:

-Իսկ ինչո՞ւ 1948-ին չպատահեցաւ…, հեռանալու տարին:

Ահա, այդ ատեն զբօսաշրջիկներ էինք: Ծերս դրամի մեծ տոպրակ մը կը շալկէր եւ Լիբանանի մէջ կը պտտցնէր մեզ: Մեզ կը տանէր խնձորի այգիները, որպէսզի ծառէն կախուած պտուղները ընտրէինք: Տակաւին, ամէն շաբաթ մեզ Պէյրութ կը տանէր՝ որ Աքքայէն ետք առաջին տեսածս քաղաքն էր: Գաղթել չէր. ճամբորդութիւն ու պտոյտ էր: Կը սպասէինք արաբական զօրքերուն յաղթանակին ասպատակողներուն վրայ՝ շաբաթներու ընթացքի, որմէ ետք ալ-Պիրուա պիտի վերադառնային: Վրանի տակ չենք բնակած. Րամիշէն անցանք եւ ապա գիշեր մը Պընդ Ճըպէյլի մէջ անցուցինք, որ լեցուած էր աքսորուածներու պոռչտուքներով, եւ որ մարդկային ախոռ մըն էր: Երկրորդ գիշերն էր, որ տունէն դուրս կը գիշերէին: Առաջին գիշերը պատաուիական վրաններուն տակ էր՝ Գալիլիոյ մէջ, ուր “տասնեակաւոր հիւրեր” տապկուած հաւկիթ կերան՝ մէկ ամանի մէջէն: Ճըզինի մէջ՝ ուր գիշերեցինք, տեսայ, որ ջրանիւներ կը բնակին Պէյրութի մէջ, ինչպէս նաեւ ջրվէժն ալ տեսայ: Երբ եղանակը սկսաւ պաղիլ, ալ-Տամուր տեղափոխուեցանք եւ պանանի այգիներէն անցանք, ծովեզերքին վրայ խաղացինք եւ ծովուն մէջ լողացինք: Օր մը, լայն փողոցը եղբօրմէս առաջ անցայ՝ որ ետեւէս եկաւ. ինքնաշարժ մը զարկաւ անոր, սակայն վէրքեր չյառաջացուց, այլ՝ ապշութիւն պատճառեց անոր, որմէ չկրցաւ ձերբազատիլ բացի տարիներ ետք: Մեծ հայրս լաւ պարբերաթերթեր ընթերցող մըն էր, որոնք խոստացած էին իրեն մօտ ատենէն վերադառնալ: Մենք անոր չորս կողմը կը դառնայինք, երբ ան լուրերը կը կարդար բարձր ձայնով եւ կախուած ակնոցով մը: Պարբերթաթերթը զինք պայուսակները հաւաքելէ քիչ մը համբերելու, եւ ապա սպասելու կը տանէր, մինչեւ որ նկատեցինք դանդաղ փոփոխութիւն, որ կը սողար դէպի իր բարձր ձայնը՝ որ սկսաւ ցածնալ, իսկ ակնոցները սկսան բարձրանալ իրենց բնական տեղը: Ձմրան գիշերները օտարութեան եղբայրներն ու զրուցողները կարծիքներ կը փոխանակէին Պաղեստինի հողին վրայ մղուած պատերազմներու մասին, ինչպէս նաեւ կարդացին ալ-Պիրուայի անկումին մասին:

-Ատկէ առաջ չէ՞ր ինկած:

Մէկ գիշեր միայն ինկաւ, ապա անոր պարտիզպան տէրերը իրենց նախնական զէնքերով եւ դրացի գիւղերուն օգնութեամբ՝ ազատագրեցին: Զայն ազատագրելէն անմիջապէս ետք անոնք պատրաստուեցան հաւաքելու բերքը՝ որ իրենց կը սպասէր դաշտերուն մէջ: Սակայն, ազատագրումէն ետք, փրկութեան բանակը տիրացաւ գիւղին, եւ չենք գիտեր, թէ ատկէ ետք հրեաները ինչպէ՞ս յանձն առին զայն:

«Տխրութեան սովորական օրագիր»

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մարտ 19, 2025