ԻՆՉՈ՞Ւ ՏԱՐԻՔԻ ՀԵՏ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐ ՀԱՍՏԱՏԵԼԸ ԿԸ ԴԺՈՒԱՐԱՆԱՅ

Տարիքի յառաջացման հետ, մարդոց ընկերային կապերը կը բարդանան եւ նորերը հաստատելը կը դառնայ դժուար։ Տարիքի հետ համահունչ, կեանքը կը դառնայ աւելի զբաղուն։ Աշխատանքային պարտականութիւնները, ընտանեկան բեռները եւ առօրեայ մտահոգութիւնները կը սահմանափակեն ազատ ժամանակը։ Ուստի, ընկերային միջավայրերն ալ կը նօսրանան, ուր նոր մարդոց հետ ծանօթանալու հնարաւորութիւնները սահմանափակ կը մնան։

Բաց աստի, հասուն տարիքի մարդիկ աւելի կշռադատող կը դառնան իրենց բարեկամութիւններուն մէջ։ Անոնք կը փնտռեն աւելի խոր, վստահելի յարաբերութիւններ եւ կը խուսափին մակերեսային կապերէ։ Այս բոլոր պատճառներով, նոր բարեկամութիւններու ձեւաւորումը աւելի ժամանակ կը պահանջէ եւ երբեմն դժուար կը դառնայ։

Ընկերային տեսանկիւնէն, տարիքի հետ բարեկամութիւն կազմելու դժուարութիւնը ունի բազմաթիւ պատճառներ, որոնք յաճախ կապուած են անհատի տեղին ու դերին՝ ընկերութեան մէջ:

Անձի բարեկամական ցանցերը տարիքի հետ կ՚ենթարկուին էական փոփոխութիւններու։ Երիտասարդութեան շրջանին դպրոցները, համալսարանները եւ աշխատանքային միջավայրերը բնական հարթակներ կը տրամադրեն նոր ծանօթութիւններ ձեռք բերելու համար։ Սակայն, հասուն տարիքին, երբ առաջնային դերը կը ստանձնեն աշխատանքը, ընտանիքը եւ անձնական պարտականութիւնները, այդ հարթակները կը նեղնան եւ նոր բարեկամութիւններ կազմելը կը դառնայ բարդ։

Հասուն տարիքին կը փոփոխուին նաեւ ընկերային դերերը։ Մեծ տարիքի մարդիկ աւելի շատ կը մտնեն ընտանեկան, ծնողային կամ խնամատարի դերերու մէջ։ Այս դերերը ժամանակ եւ յոյզերու մեծ ներդրում կը պահանջեն։ Հետեւաբար, ժամանակի պակասը եւ ուժի սահմանափակ ըլլալը նոր բարեկամութիւն ստեղծելու փորձերը կը դարձնեն աւելի բարդ եւ երբեմն անհնար։

Կարեւոր ընկերային գործօն մըն ալ մշակութային սպասումներու փոփոխութիւնն է։ Բազում մարդիկ ուշադրութիւն չեն դարձներ միջին տարիքի կամ տարեց անհատներու ընկերային կեանքին։ Ընկերութիւն եւ բարեկամութիւն սահմանումները աւելի շատ կը կապուին երիտասարդութեան հետ։ Այս մտածելակերպը կը յանգեցնէ թաքուն հոգեբանական մեկուսացման՝ նոյնիսկ եթէ անձը արտաքինէն «զբաղուած» երեւի։

Վերջապէս, մեծ տարիքի մարդիկ աւելի զգուշաւոր կը դառնան վստահելու հարցին մէջ։ Անցեալ փորձառութիւնները, խաբկանքները կամ կորսուած բարեկամութիւնները յաճախ կը բարդացնեն նոր յարաբերութիւններու սկիզբը։ Ի տարբերութիւն երիտասարդութեան, ուր կապերը կրնան աւելի արագ ձեւաւորուիլ, հասուն տարիքի մարդիկ կը փնտռեն աւելի խոր, համակշիռ եւ արժեհամակարգով ներդաշնակ յարաբերութիւններ։

Այս բոլոր պատճառներէն ելլելով՝ կը տեսնենք, թէ ինչո՛ւ բարեկամութիւնները տարիքի հետ կը դառնան աւելի սակաւաթիւ, բայց միեւնոյն ժամանակ աւելի իմաստալից։ Մեծահասակներու համար որակաւոր եւ խոր յարաբերութիւնները կ՚արժեն աւելին՝ քան թիւով շատ կապեր։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 19, 2025