ԱԿՆԱՐԿ - 122 - ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԷՄ ՍԱՆՁԱԶԵՐԾՈՒԱԾ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌԻԹՈՎ
Վերջին շրջանին Հայաստանի իշխանութիւնները կատաղի կերպով սկսած են յարձակում գործել Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին դէմ: Իրենց յարձակումը արդարացնելու համար, պատրուակ բռնած են Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետը՝ ըսելով, թէ ան զաւակ ունի եւ խախտած է կուսակրօնութեան ուխտը: Ասիկա՝ ինչպէս արձանագրեցի, անոնց յառաջ բերած պատրուակն է:
Իրականութեան մէջ, սակայն, իրենց նպատակակէտը ո՛չ թէ Ամենայն Հայոց Հայրապետին զաւակ ունենալուն կամ չունենալուն հարցն է, այլ՝ տկարացնելն ու հեղինակազրկելն է Հայ Եկեղեցին, ի մասնաւորի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, որ Նորին Սրբութեան գահակալութեան տարիներուն բարգաւաճած ու ա՛լ աւելի զօրացած է, մնալով իր դարաւոր պարտականութեան գիտակցութեան բարձրունքին, այն է՝ տէրն ու տիրականը մնալ Հայ ժողովուրդին, անոր արժէքներուն, աւանդութեան, մշակոյթին, գիր ու գրականութեան, մէկ խօսքով այն բոլոր տարրերուն, որոնք ի զօրու են կազմելու մեր պետականութիւնը եւ ամուր դարձնելու մեր Մայր Հայրենիքը:
Չեմ ուզեր անդրադառնալ Հայաստանի իշխանութիւններուն գրութիւններուն, անոնց տուած հարցազրոյցներուն ընթացքին արտայայտած յիմար եւ անհիմն միտքերուն ու կարծիքներուն, որովհետեւ այդ բոլորը փողոցի մակարդակէն անդին չե՛ն անցնիր: Ատոնց պատասխանելու համար պէտք է անոնց մակարդակին իջնել…: Աւելին, ընդունուած ճշմարտութիւն է, որ երբ տգէտին պատասխանես կը սկսի մտածել, որ ինք խելացի է. այստեղ ալ, երբ փողոցայինին պատասխանես կը սկսի մտածել, որ ինք զարգացած է…: Այնպէս որ այդ խումբ մը փողոցէն եկած փողոցայիններուն պատասխանելը ո՛չ միայն ժամանակավրէպութիւն է, այլեւ՝ ժամանակի անտեղի մսխում:
Ինչպէս վերը յայտնեցի նպատակը մէկն է, հեղինակազրկել եւ տկարացնել Հայ Եկեղեցին, այդպիսով կարենալու համար Հայ ժողովուրդը դարձնել անողնաշար եւ ստրուկ՝ արտաքին եւ տարածաշրջանային պետութիւններու համար:
Իշխող վարչակարգը, որ ակնյայտ կերպով հակահայ օրակարգի է, որ կը ծառայէ, հրաման ստանալով յարձակիլ ու հարուածել Հայ Եկեղեցիին, իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրած է եւ ամենէն լկտի ու անբարոյական ձեւերով, որպէսզի կարենայ հրամանը կատարել: Ինչո՞ւ. որովհետեւ Հայ Եկեղեցին՝
* Հայ մարդուն ՀԱՅ պահող միակ կռուանն ու ամրոցն է:
* Հայոց դարաւոր պատմութեան միակ կենդանի վկան է:
* Հայկականութեան, ազգայնականութեան, հայրենասիրութեան վառարանն է:
* Հաւատքի կռուանն է եւ դէպի Աստուած տանող կամուրջը:
* Հայուն հայ պահող, գիր ու գրականութիւն եւ մշակոյթ տուող ու պահպանող օրանն է:
* Հայ ինքնութեան ձուլարանն է:
Ուրանալ Հայ Եկեղեցւոյ կենսական դերակատարութիւնը մերօրեայ կեանքէն ներս, կը նշանակէ հրաժարիլ երակէն: Հարուածել Հայ Եկեղեցիին կը նշանակէ հարուածել Հայ ժողովուրդին:
Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետը խօսելով Հայ Եկեղեցւոյ կենսական դերակատարութեան մասին, կ՚ըսէ. «Եկեղեցին մեր ժողովուրդին հոգեւոր տունն է, ուր կ՚ամրապնդուի մեր հաւատքը, լեզուն, մշակոյթը եւ ազգային ինքնութիւնը»: Կա՞յ հայ մը, որ կրնայ հակառակը պնդել: Մարդոց եւ ի մասնաւորի հոգեւորականները դատելով ու ցեխ արձակելով անոնց վրայ, դեռ չի՛ նշանակեր, որ ճշմարտութիւնը նահանջած է, կամ Հայ Եկեղեցին թերացած է իր առաքելութեան մէջ:
Վիգէն Արք. Այգազեան հարցազրոյցի մը ընթացքին հետեւեալը ըսած է Հայ Եկեղեցւոյ մասին. «Ես չեմ բաժներ Հայ Եկեղեցին ու Հայ ժողովուրդը. ինծի համար կայ Հայ Առաքելական Եկեղեցի եւ իր զաւակները…:
[Հայ] Եկեղեցին իւրաքանչիւր հայու հոգեւոր ծննդավայրն է: Իւրաքանչիւր Հայ Եկեղեցւոյ մէջ կը տեսնէ իր անցեալը, իր պատմութիւնը, իր Հայրենիքը: Եկեղեցին բոլորինն է»:
Ինչպէս վերը նշած էինք, Եկեղեցին Հայ ժողովուրդին, հայուն ամէն ինչն է, իր անցեալը, ներկան ու ապագան, եւ եթէ Հայ Եկեղեցին տկարանայ կամ հեղինակազրկուի, ապա Հայը ի՛նքն է, որ տկարացած ու հեղինակազրկուած կ՚ըլլայ:
Այո՛, Եկեղեցին բոլորինն է, Եկեղեցին ժողովուրդինն է, բայց Եկեղեցին անգլուխ կառոյց մը չէ, որ ինչ որ մէկը՝ այս պարագային ներկայիս իշխանութիւնները, ըստ իրենց քմահաճոյքին փոփոխութիւններ ուզեն իրականացնել, պատրուակելով թէ իրենք եկեղեցւոյ հետեւորդ են, թէ եկեղեցականները պէտք է բարոյականութեան տէր ըլլան եւ առաքինի մարդիկ ըլլան: Նախ եւ առաջ բարոյականութեան մասին իրաւունք ունին խօսիլ անոնք, որոնք իրենք բարոյականութեան տէր են, եւ ո՛չ թէ անօրինական յարաբերութեան մէջ են, եւ այդ յարաբերութենէն ունին չորս ապօրինի զաւակներ… Բարոյականութեան մասին կրնան կամ իրաւունք ունին խօսիլ անոնք, որոնք եկեղեցւոյ անդա՛մ են, եւ ո՛չ թէ հետեւորդ: Մարդ կրնայ այս ինչ կամ այն ինչ կազմակերպութեան, կուսակցութեան, աղանդին կամ միութեան հետեւորդ ըլլալ, եւ այդ հետեւորդութիւնը պահի տակ կամ պարագաներու բերումով կրնայ փոխել: Իսկ անդամ ըլլալ, այն ալ Հայ Եկեղեցիին, կը պահանջէ բարձր գիտակցութիւն, ընդունելու նոյն այդ եկեղեցիին Մայրութիւնը: Հետեւորդ մը, չի՛ կրնար այդ գիտակցութիւնն ու ճանաչումը ունենալ, որովհետեւ հետեւորդութիւնը ուրիշ բան է, իսկ անդամութիւնը՝ ամբողջութեամբ ուրիշ: Այնպէս որ, իրենք զիրենք հետեւորդ անուանելով ու հպարտանալով այդ հետեւորդութեամբ, տակաւին չի՛ նշանակեր, որ իրենք իրաւունք ունին փոփոխութիւններ կատարել:
Ինչպէս վերը նշեցի, Եկեղեցին վարչական կառուցուածք ալ ունի եւ ըստ այդ վարչական կառուցուածքին է, որ կը կանոնաւորէ ու կը կազմակերպէ իր գործուէնութիւնը. իսկ այդ կանոնաւորման ու կազմակերպման գործընթացի առիւծի բաժինը Հայ հոգեւորականինն է, այսինքն, Հայ հոգեորականներն են, որոնք իրաւասութիւն ունին արմատական փոփոխութիւններու դիմելու եւ ո՛չ թէ երկրի իշխանութիւնները, որոնք փողոցէն գալով չյաջողեցան փողոցը իրենց ետին ձգել…: Եւ հիմա, անսալով օտար օրակարգերու, ջանք չեն խնայեր հարուածելու Հայ Եկեղեցիին՝ թուլացնելու եւ հեղինակազրկելու զայն:
Աւարտենք, Աստղիկ Ստամպոլցեանի հետեւեալ տողերով.
«Հայոց Եկեղեցին ինչպէս դարեր շարունակ, այնպէս ալ մեր ժամանակներուն, չէ՛ կորսնցուցած իր խոհեմութիւնն ու իմաստութիւնը, եւ՝ ինչպէս բոլոր ժամանակներու ընթացքին, այսօր եւս եղած է ու կը մնայ աշխարհով մէկ սփռուած իր ժողովուրդին ո՛չ միայն հոգեւոր, այլ՝ ազգային ամենէն մեծ կառոյցը, ինքնութեան եւ հայապահպանութեան պատուարը, իսկ Հայրենիքին մէջ՝ պետականաշինութեան ամուր յենասիւներէն մէկը: Վստահաբար, կրնանք ըսել, որ Հայոց Եկեղեցին այսօր՝ առաւել քան երբեք, կոչուած է իր բուն առաքելութեան, այսօր՝ առաւել քան երբեք՝ իր ծառայական կերպին մէջ է:
Հետեւաբար թուլցնել Եկեղեցին, կը նշանակէ ջուր լեցնել թշնամիի ջրաղացին մէջ, կը նշանակէ կասկածի տակ դնել մեր վաղուան օրը»:
Յ.Գ.- Իսկ բոլոր այն հոգեւորականները՝ գործող թէ՛ նախկին, որոնք ի՜նչ ինչ դրդապատճառներով ցնծութեան մէջ են ու այսպէս կամ այնպէս կ՚աջակցին Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն կատարած յարձակումներուն՝ Հայ Եկեղեցւոյ դէմ, ապա վստահաբար գիտեն, որ իրենք որո՞ւ կը ծառայեն…:
Հաստատ՝ ո՛չ Ամենակալ Աստուծոյ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
16 յունիս 2025, Վաղարշապատ