ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆՈՐ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԸ ՄՆԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾՕՆ ՄԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենսի Երեւան այցը դուռ բացաւ կարեւոր դիտարկումներու, որոնց մէջ TRIPP ծրագիրը առաջնային կը համարուի։ Շատ տարբեր եւ տարողունակ կարծիքներ հնչեցին Վենսի Հայաստան տուած այցելութեան մասին։ Ի դէպ, սա Հարաւային Կովկաս տրուած այցելութիւն մըն էր։ Երեւանէն ետք, ան մեկնեցաւ Պաքու եւ ինչպէս Երեւանի պարագային՝ այնտեղ եւս արժանացաւ ամենաբարձր մակարդակի ընդունելութեան։ Հարկ է յիշեցնել, որ նախքան Երեւան ժամանելը՝ Վենս Հռոմի մէջ հանդիպում մը ունեցած էր Վրաստանի նախագահ Միխէյիլ Քաւելաշվիլիի հետ։
Այցը, ուրեմն, ունէր համապարփակ բնոյթ եւ զայն պէտք չէ համարել «մասնատուած» կամ սոսկ Հայաստանին տրուած այցելութիւն։ Ինչ խօսք, որ համեմատած մօտաւոր անցեալի փուլերուն հետ՝ այսօր Ուաշիկնթըն ունի շատ աւելի մտերմական յարաբերութիւններ Երեւանի ու Պաքուի հետ՝ քան ինչ որ ունէր Թիֆլիզի հետ։
Միւս կողմէ, Թիֆլիզ չի համարուիր նաեւ՝ յատկապէս նախագահ Թրամփի արտաքին քաղաքականութեան նշանակալից կէտերէն մին։ Այլ խօսքով, Վրաստան ԱՄՆ-ի համար միաւորներ հաւաքելու հանդիսավայր մը չէ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նման, որոնք կը համարուին «իրական» գործընկերներ, որոնց միջեւ առկայ դրական շունչը եւ թափը ամերիկացիք կը համարեն վառ օրինակ մը՝ արտաքին քաղաքականութեան մէջ իրենց ունեցած ձեռքբերումին տեսակէտէ։ ԱՄՆ-ի թիւ երկու պատասխանատուին այցելութեան հիմնական մասը պէտք է համարել TRIPP ծրագրին մասին շեշտակի յիշեցումներ կատարելու արարքը։ Այս այցով Վենս, հետեւաբար, Թրամփի վարչակարգը կու գար արտայայտելու իր վճռակամութիւնը այս նախագծին շուրջ։ Ճիշդ է, որ այդ ծրագրին վերաբերեալ ու՝ ի մասնաւորի Հայաստանի ընդդիմադիր շրջականերուն կողմէ առկայ են մեծ կասկածներ, բայց, եթէ մեծ պրիսմակով դիտարկենք այդ ծրագրի էութիւնը, ապա պէտք է ընդունինք, որ անոր որդեգրումը, իրականացումը չեն կրնար ըլլալ սոսկ իշխանութեան գլուխ գտնուած վարչակազմի մը, նեղ օղակին կողմէ ընդունուած ծրագիր մը ըլլալ։
Այս նոյն TRIPP-ի մասին խօսելու ատեն՝ յատկապէս պէտք է նկատի առնել, որ գործը ԱՄՆ-ի, այսինքն աշխարհի թիւ մէկ գերտէրութեան, ցարդ անմրցելի հանդիսացած գերտէրութեան հետ է։ Այլ խօսք, որ Հայաստանի ներկայ իրավիճակը բնաւ պիտի չթոյլատրէր, որ երկիրը TRIPP-ի կամ անոր նման ծրագրի մը հանդէպ «զէզոք» կամ «վախուորած» դիրք մը որդեգրէր։ Բայց եւ այնպէս, նման տարողունակ ծրագրի մը ծնունդը նոյնիսկ պիտի դառնար ու պէտք է դառնայ Հայաստանի եւ համայն հայութեան իրական փրկութեան լաստը։ Շատ են անոնք, որոնք հանդէս կու գան ազգային կարծր դիրքերէ։ Շատ են անոնք, որոնք դեռ կը խօսին մեծ Հայաստանի երազներուն մասին ու շատ են անոնք, որոնք տակաւին Ղարաբաղի հիմնահարցը կը փորձեն իրենց օրակարգին վրայ պահել՝ որպէս գրաւ եւ որպէս խաղաթուղթ։ Թող ընեն ատիկա, հարց մը չէ, իրենք է, որ պիտի կորսնցնեն, բայց TRIPP-ի նման ծրագրին դէմ կասկածներ ունենալէն անդին՝ վախերով եւ չարակամութեամբ արտայայտուիլը ուղղակի հարուած է Հայաստանի պետական շահերուն եւ ընդհանուր կարգավիճակին դէմ։
Չմոռնանք դիտարկել, որ TRIPP-ի մասին յայտարարութիւններէն անմիջապէս ետք, նախ Իրան, ապա Ռուսաստան ունեցան, մեղմ խօսքով, յստակ վերապահութիւններ։ Այսօր արդէն իսկ այդ վերապահութիւնները վերափոխուած են գործակցութեան յոյսի։ Ու այդ առումով ալ ամենէն ուշագրաւը Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Միխայիլ Կալուզինի խօսքերն էին. «Ինչ կը վերաբերի TRIPP նախագծին, ապա մենք արդէն իսկ յայտնած ենք մեր դիրքորոշումը։ Հայ-ամերիկեան նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները տակաւին ուսումնասիրութեան կարիք ունին։ Պատրաստ ենք խորհրդակցելու Երեւանի գործընկերներուն հետ՝ քննարկելու թէ՛ նախագիծի չափորոշիչները, թէ՛ ռուսական հնարաւոր մասնակցութիւնը՝ այս կամ այն ձեւաչափով»։
TRIPP-ի մասին ներկայացուած տեղեկութիւնները եւ այսօր առկայ համայնապատկերը անգամ մը եւս կը փաստեն, թէ ԱՄՆ ինչքանով լուրջ կապուած է այս կարեւորագոյն ծրագրին, որ ունի բաւարար ներուժը՝ յաջորդ տարիներուն ալ հանդիսանալու ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան հիմնարար յաջողութեան օրինակներէն մին։ Եւ, անշուշտ, այս ամբողջին մէջ, անկարելի է այդ ծրագիր-օրակարգը դուրս թողել Վենսի՝ Հարաւային Կովկաս այցելութեան ընդհանուր օրակարգէն։
Այս այցը կ՚արժեւորուի աշխարհաքաղաքական նոր դասաւորման մը լոյսին տակ։ Սա պէտք չէ դիտարկել՝ որպէս պարզ արարողակարգային կանգառ մը։ Վենսի Հայաստան այցը տեղի ունեցաւ ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Հարաւային Կովկասը կը վերաձեւաւորուի ուժային նոր հաւասարակշռութիւններու ազդեցութեան տակ, իսկ Հայաստան կը փորձէ վերագտնել իր տեղը՝ անվտանգային խոցելիութիւններու եւ արտաքին քաղաքական վերաիմաստաւորման միջավայրի մը մէջ։ Վենսի այցելութիւնը նախ եւ առաջ քաղաքական ազդակ մըն է։ Ան կը վկայէ, որ Ուաշինկթըն Երեւանը կը դիտարկէ՝ որպէս գործընկեր մը, որուն հետ կարելի է խորացնել ռազմավարական երկխօսութիւնը։ Վերջին տարիներուն Երեւանի արտաքին քաղաքականութիւնը աստիճանաբար կը հեռանայ բացառիկ կախուածութենէ մը եւ կը ձգտի բազմաբեւեռ մօտեցումի։ Այս համածիրին մէջ ամերիկեան բարձր մակարդակի ներկայութիւնը կը նշանակէ վստահութեան ամրապնդում եւ քաղաքական հովանաւորութեան որոշ չափաբաժին։
Անվտանգութեան հարցը, անշուշտ, կեդրոնական առանցք մըն է։ 2020-էն ետք ստեղծուած նոր իրադրութիւնը Հայաստանի համար յստակ դարձուց, որ միայն հին դրութիւնները այլեւս բաւարար չեն։ Վենսի պատգամները՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ աջակցութեան մասին, դիւանագիտական բառապաշարի սահմաններէն անդին՝ նաեւ կանխարգելիչ բնոյթ կրնայ ունենալ։ Անոնք կը ծառայեն՝ որպէս ազդարարում տարածաշրջանի դերակատարներուն, թէ ԱՄՆ ունի շահեր եւ դիրքորոշում Հարաւային Կովկասէ ներս։
Միեւնոյն ժամանակ, տնտեսական եւ ժողովրդավարական բաղադրիչը նուազ կարեւոր չէ։ Ամերիկեան քաղաքականութիւնը, սովորաբար, անվտանգային համագործակցութիւնը կը զուգորդէ կառավարման բարեփոխումներու, կաշառակերութեան դէմ պայքարի եւ տնտեսական նոր նախաձեռնութիւններու օրակարգով։ Հայաստան, որ կը ձգտի ներդրումներու եւ շուկաներու բազմազանեցման, կրնայ այս այցելութիւնը օգտագործել՝ որպէս նոր դռներու բացման հնարաւորութիւն՝ մասնաւորաբար բարձր թեքնոբանութեան, ուժանիւթի եւ ենթակառուցուածքներու ոլորտներուն մէջ։
Յամենայնդէպս, Վենսի այցը ունի նաեւ լայն տարածաշրջանային ընթերցում։ Ռուսաստան-Արեւմուտք մրցակցութիւնը, Իրանի գործօնը, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դերակատարութիւնը, այս եւ նման բոլոր տարրերը կը կազմեն այն բարդ գետինը, որու վրայ Հայաստան կը փորձէ պահպանել իր շահերը։ Վենսի ներկայութիւնը կը հաւաստիացնէ, թէ Հայաստան ամբողջութեամբ դուրս չէ մնացած միջազգային ուշադրութենէ, բայց, նաեւ կը յիշեցնէ, որ մեծ տէրութիւններու հետաքրքրութիւնը միշտ կը պայմանաւորուի իրենց ռազմավարական հաշիւներով։
Արդիւնքը կախեալ պիտի ըլլայ հետեւողականութենէն։ Բարձր մակարդակի այցելութիւնները խորհրդանշական կարեւորութիւն կ՚ունենան, սակայն, իրական փոփոխութիւնը կը պահանջէ գործնական քայլեր. օրինակ՝ պաշտպանական համագործակցութեան խորացում, տնտեսական համաձայնագրերու իրականացում եւ խաղաղութեան գործընթացի շօշափելի յառաջընթացը։
Վենսի Երեւան այցելութիւնը կարելի է գնահատել ազդանշան մը, թէ Հայաստան կը մնայ միջազգային քաղաքական օրակարգին վրայ, բայց, այս ազդանշանը արդիւնաւէտ դարձնելը նախ եւ առաջ Հայաստանի պետական ռազմավարութեան եւ դիւանագիտական ճկունութեան խնդիրն է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
