Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԱՊՐԻԼ 21-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ

«Ինչպէ՞ս ապրիլ» թէ՛ անհատական ու թէ պետական մակարդակներով, անշուշտ, ներկայ բաց ու գերգովազդուած աշխարհին մէջ կան հրամցուած ու այսպէս կոչեցեալ կերտուած ոճեր, որոնք ակամայ հետեւելի են մարդոց զանազան խաւերուն կողմէ։ Բայց եւ այնպէս, տակաւին իտէալական ու գերերջանկացնող ապրուստի փիլիսոփայութիւնը, գործադրումը, կերտումը եւ այլն… կը մնան անկատար, նաեւ մարդկային անհատական ու հաւաքական-հասարակական ձգտում: Իտէալականացման գործադրումի հասնիլը՝ միշտ շարժիչ ուժը եղած է որեւէ քաղաքակրթութեան եւ մշտապէս ուղեցուցային, ինչքան ալ տարբեր չափանիշներով ու չափորոշիչներով յաջողի կամ ձախողի որեւէ հասարակարգ ու մեծ առումով քաղաքակրթութիւն ստեղծել մարդկային ապրուստի ընդունելի, ուրախալի, մատչելի, հեշտագին, երանելի դրութիւններ: Մարդ անհատի երեւակայած, փափաքած ու ապրելի դարձուցած աշխարհը, բնականաբար, տարբեր մարդոց հաւաքական կերպարով ստեղծուած աշխարհէն եւ այդ երկու իրական կամ անիրական, շօշափելի կամ մտացածին, անգոյ եւ կերտուող աշխարհները յուզելու, ներշնչելու, ապրեցնելու կողքին՝ տանջող են իրենց կերտումի եւ իմացման-իւրացման ընթացքներով: Պարզ այն պատճառով, որ մարդը չի գիտեր, թէ ի՞նչ կը փնտռէ առարկայօրէն, բացի այն անխախտ համոզումէն, որ իր փնտռածը երջանկութիւնն է եւ անոր այսպէս ըսած՝ ամենապահեայ ուրախութիւնները: Միաժամանակ լիակատար կամ բաւարար ձեւով անգէտ ըլլալով այն միջոցներուն, որոնք կ՚առաջնորդեն երջանկութեան: Ապրիլ մինակ, ապրիլ հարուստ, ապրիլ ընկերաբար, ապրիլ աղքատ, ապրիլ թունդ կամ մեղմ։ Ի՞նչ աշխարհագրութիւն ու վարչակարգ ընտրել եւ շատ մը հարցեր, մշտապէս կախուած են մարդ անհատի երջանկութեան որոնումէն: 

Ինքնին մարդու ազատականացման ու ազատ ըլլալու համակարգէն ալ կախեալ են այս հարցումներու հնարաւորութիւնները, իսկ անոնց պատասխաններն ու գործադրումը նոյնպէս կախեալ են ընդհանուր անհատական ու հաւաքական զարգացուածութեան աստիճաններէն: Եւ այս կէտին պէտք է հաստատենք, որ հակառակ ներկայ դարու ու կարգերու բոլոր բացասականութիւններուն, դաւադրութիւններուն, ահռելի մոլորակային ապականման (մարդկային գերգործունէութեան ի արդիւնք), յարաբերաբար մարդ արարածը իբրեւ անհատ հիմա աւելի ազատ է ու զարգացած՝ քան էր նախկին դարերուն, ինչ որ կը տանի դէպի երջանկութեան ա՛լ աւելի իւրացում։ Քանի երջանկութիւնն ու ուրախութեան ապրումը գիտակցական համակարգ է, իսկ երբ մարդը զարգացած չէ ու անուս, կամ իրազեկուած չէ, բնականաբար, աւելի ապերջանիկ կրնայ համարուիլ, ինչքան ալ ըլլան բացառութիւններ. Օրինակ՝ մահմետական արեւելքով հաւաքական կերպարի ստեղծմամբ տրուած անհատական երջանկութիւններն ու գոհունակութիւնները:

Ի՞նչ ընել ըլլալու համար աւելի ուրախ. այս մէկը հարցերուն հարցն է: Բայց, մեր ժամանակներուն յաջողած երկիրներն ու անհատները կու տան կարգ մը բանալիներ ու ցոյց կու տան կարգ մը ճանապարհներ, որոնք այսպէս կամ այնպէս մարդս կը դարձնեն աւելի ուրախ: Հիմնականը նիւթական աշխարհի մէջ տեսնելով ուրախութիւնը տեղ մը ծայրայեղութեան կ՚երթայ դրամատիրութիւնը, բայց, չենք կրնար ուրանալ, որ զարգացած ու կայացած մարդն ու հասարակութիւնը միայն նիւթականի վրայ չէ ապաւինած կերտելու երջանկութեան կառոյցը, ընհակառակը նիւթն ու դրամը երբ յայտնուած են զարգացածին քով, ան գոնէ անհատական մակարդակով, ուրիշին վնաս պատճառելու միջոց չէ դարձած կամ նուազագոյնը առիթ ու միջոց հանդիսացած է մարդկային կեանքը աւելի գեղագիտօրէն ու արուեստաբանական ոճով ապրելու ու վայելելու (արուեստ պեղելու):

Ի՞նչ կը նշանակէ ապրիլ մեր դարուն. ապրիլ կը նշանակէ նախ ըլլալ սիրուած, ունենալ լաւ ու յարգելի-տաքուկ, խենթ, սիրալիր, պայծառ, դրական ու անկեղծ շրջանակ եւ ընկերներ, որոնք յաճախ ձեռքբերելի չեն՝ մանաւանդ դրամատիրական համարուած համակարգով, սակայն, ընդհանուր մարդկային միտումը ներկայիս կարծէք կը յառաջանայ ընկերութեան ու ընկերաբանութեան արժէքի ու ապրեցման շեշտադրումներով:

Ըլլալ ինքնաբաւ, որպէսզի չզրկուիլ հիմնական բարեմասնութիւններէն, զորս կ՚ընծայէ ներկայ աշխարհը իր գերառատ վիճակով, ճամբորդել, եթէ ոչ տեւաբար այլ գոնէ պարբերաբար, յայտնաբերելու ու ապրելու մշակոյթներն ու ինքին մշակութաբանութիւնը: Մեր կարծիքով՝ ասոնք հիմնական բաներն են, որոնք մարդս կը դարձնեն նուազագոյն ձեւով ուրախ: Բնականաբար, հոս չենք խորանար պետական, ազգային, տարածաշրջանային ու աշխարհագրական խնդիրներուն ու անոնց ձգած ազդեցութիւններուն մէջ, որոնք, այո՛, էական են, բայց, անհատական մակարդակով ներկայ մեր ժամանակներուն մէջ շրջանցուած ըլլալու հնարաւորութիւնը ունին՝ թէ՛ դրամատիրական համակարգի ընծաներով եւ թէ գերհամաշխարհայնացած աշխարհով:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•վերջ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 21, 2025