ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐԵՆՑ ԳՈՅԱԲԱՆԱԿԱՆ ՈՒ ԱՌՕՐԷԱԿԱՆ ԵՐԵՍԱԿՆԵՐՈՎ

«Որքան որ տիեզերքը կը շարունակուի եւ որքան որ դիտորդ արարածները կը մնան, ես ալ նոյնպէս մնամ, որպէսզի այս աշխարհէն վերացնեմ թշուառութիւնները»
ՇԱՆԹԻՏԵՒԱ
(Հնդիկ փիլիսոփայ, 8-րդ դար)

Անհատական մակարդակով մարդկային կեանքի երկար պատմութիւնը կրնանք կապել տարբեր տեսութիւններու: Եւ ինքնին մարդկային կեանքի յառաջացումը ոչինչէն կա՛մ ուրիշ կենդանական շառաւիղէն՝ գիտական հասկացողութիւն ըլլալու կողքին, մեզի կը յուզէ ու կը շարժէ ամենաշատը փիլիսոփայական ու ընկերային-մշակութային առումներով: Մարդկութիւնը ինչքան ալ ահռելի ու ամոքելի ջանքեր թափած է կրօններով, վարդապետութիւններով, ընկերաբանութիւններով ու նոյնիսկ գիտութիւններով, հաւաքական հոգի ու տարողութիւն ստեղծելու ու տեղ մըն ալ միաձուլուելու, չէ կրցած յաղթահարել այսպէս ըսած՝ ողբերգականութիւնը անհատ-անձնային ըլլալուն: Ի վերջոյ, մէկ մարմնով կը ծնինք, կ՚ապրինք ու կը մահանանք: Մարդը յաւերժօրէն ջանացած է անհատ ըլլալու իր եսականութեան տառապանքները թօթափել եւ այդ մէկը փորձած է կատարել համայն մարդկայնութիւն եւ յարաբերակցութեան բարձրագոյնութիւն կերտելու ընդմէջէն: Կարծելով՝ որ մահը յաղթահարելի է այդ հաւաքականութեամբ (երբ անհատ չենք, ուրեմն չենք անէանար), մարդը ստեղծած է իրեն անհատ-հաւաքական քաղաքակրթութիւնը, զայն կատարեալ համարելով, բայց ցարդ ձախողելով չէ կրցած վերացնել անհատութեան-եսութեան տառապանքի աղբիւրները:

Արիստոտելի «մարդը ընկերային կենդանի է» հաստատագրումը ընկերային տեսանկիւնէ փրկութիւն կը համարուի, բայց, այդ մէկը չի փարատեր մարդուս անհատական գոյութեան խնդրականութիւնն ու ողբերգականութիւնը: Բոլոր ընկերաբանական ու քաղաքական հասարակարգերը իբրեւ սկզբունք լծուած են նոյն անհատ մարդը ուրախացնելու, թէեւ շահադիտական են անոնց գործադրումները: Եւ հոս կը ծագի հարցերուն հարցը, որ ինքզինք յաւիտենապէս կը պարզէ եւ հեռու է կրօնական ու կրօնագիտական կա՛մ նոյնիսկ բարոյականութեան չափանիշներէն․ մարդու իբրեւ անհատ առաքինի ըլլալը, կամ ոչ։ Ի՞նչ է անհատ մարդուն այսպէս ըսած՝ կատարելացման ու խորհրդանշման առարկան (ոչ իր ընթացքով՝ այսինքն մարդկային զարգացման ու յարափոփոխութեան հետ, այլ իբրեւ վեր ու հաստատուն տեւական արժեբանութիւն): Հարցումին պատասխանը կը տանի հոն, որ մենք չունինք ծագումնաբանութեան նախասկիզբը, չենք հասկցած, թէ ի՛նչ էր սկիզբէն առաջ, կամ նոյնինքն սկիզբը ինքնին ի՛նչ է: Այո՛, մարդուն ստեղծուած ըլլալու համոզումը մեզ կ՚ազատագրէ բեռէ մը, բայց, տեղ մը ունինք այն թաքուն ու թաղուած գոյատանջանքը, որ մեր բոլոր կատարածները մխիթարութիւններ են միայն: Ընթացագործութիւնը իբրեւ փրկարարութիւն մեր հետ եղած է առաջին օրէն, իսկ մարդկային կոյր, ամնմացորդ, լիակատար նուիրուածութիւնը ընթացքին տեսակ մը հատուցման ջանք է՝ անողոք ու անբացայայտ սկիզբի անիմացութենէն: Ընթացքի թաւալման անյագութիւնը հասկնալու ու աւարտին հասնելու մարմաջի գայթակղութիւնները տիրական են մշտապէս: Վրէժ մը կայ մարդուն մէջ գոյութենէն լուծելու ու այդ վրէժը կ՚ուզենք տեսնել՝ մեզ թուացող յառաջդիմութեան, սլացքի, նուաճման ու ժամակերտման մէջ:

Մարդ անհատի կատարելագործման համար մղուած է ամբողջ քաղաքակրթական համակարգը, սակայն, լիովին չէ հասկցած, թէ ի՛նչ է մարդկութեան առաքելութիւնը կա՛մ նուազագոյնը անոր փնտռտուքը, ինչ որ մարդկութիւնը յաճախ մատնած է անհեթեթութիւններու, որոնք բնորոշային դարձած են: Մարդու երջանկացման համակարգը, ինչպէս ըսինք, կու գայ նոյն մարդկային հաւաքական կերպագործումէն ու անոր ապրուածութենէն, բայց, մարդկութիւնը իբրեւ հաւաքական միաւոր չկայ (մէկ կառոյցով ու հոգիով), ինչպէս կայ անհատը: Ի սկզբանէ տէր ունի անհատը, իսկ այդ տէրը ինքն է, իր անձն ու կեանքը, այս մտապատկերէն ալ յառաջ կու գայ ազատութեան գաղափարը։ Ազատութիւնը իր միս ու ոսկորով պետութիւնները չեն կազմեր, ոչ ալ հոգեկան ու ոգեղէն հաւաքական ձգտումները կու տան, նոյն ատեն երազուած կամ օգտագործուած իւթոփիան ալ չէ այդ մէկը: Ազատութիւնը մարդ անհատն է իր եսի ներկայացուածութեամբ։ ԵՍ ու անձնականութիւն, որոնք բացի չարիք ու ագահութիւն, տիրակալութիւն ըլլալէ (ընկերաբանութեամբ դրսեւորուած), ստիպողաբար կան ազատ ըլլալու վիճակով:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•շարունակելի…

Երեւան

Շաբաթ, Փետրուար 22, 2025