ՆՈՐ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌՋԵՒ
Մերձաւոր Արեւելքը նոր իրականութեան մը առջեւ է եւ առաջին բանալին Լիբանանը կը հանդիսանայ։ Տարածաշրջանի պարագային օրըստօրէ երեւելի սկսած են դառնալ նոր ձեւափոխութիւններ։ Գետնի վրայի իրադարձութիւնները, Կազզէի պատերազմը, Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ յարձակումը եւ ի վերջոյ Սուրիոյ իշխանափոխութիւնը, բնականաբար, աչքի առջեւ դրին նոր իրավիճակ մը, որ տակաւին չէ հասած իր վերջին հանգրուանին։ Եւ այս առումով ալ բոլորին համար յստակ է, որ Մերձաւոր Արեւելքը կը նմանի հրաբուխի մը, որ երբեք քուն ու դադար պիտի չունենայ։ Եթէ նոյնիսկ այդ հրաբուխը ժայթքումներէ հեռու ըլլայ, ապա միանշանակ է, որ անոր մէջ մետաղներու արտահոսքը, անոնց տարբաղադրումը կամ բնութեան միւս գործօններուն հետ անմիջական շփումը պիտի պատրաստէ նոր ժայթքումներ։
Ուրեմն, երազել եւ փափաքիլ, որ ներկայ գործընթացները կը յանգեցնեն ամբողջական խաղաղութեան մը, ապա սա երազախաբութեան պէս բան մըն է։ Այս առումով ալ եւ վերադառնալով բուն նիւթին՝ հարկ է նշել, որ Լիբանանի դէպքերը, որոնք կերպով մըն ալ յոյս կը ներշնչեն շատերու, կարծէք ցոյց կու տան, որ այդ երկրի, հետեւաբար ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ընթացք տուած են նոր որակի իրադարձութիւններու, որոնք կրնան ստեղծել համընդհանուր նոր տեսարան մը։
Վերջին երեսուն տարիներուն Պէյրութը՝ որպէս «քաղաքական օղակ» ամբողջական կերպով յայտնուած էր Իրան-Սուրիա տեսադաշտին մէջ։ Պարզ խօսքով՝ Լիբանանի քաղաքական հիմնական ուղղութիւնը կը խմորուէր ու կը պատրաստուէր այդ երկու երկիրներուն մէջ։ Այսօր կայ նոր իրավիճակ մը, որ պայմանաւորուած է, անշուշտ, տարածաշրջանային ազդեցութիւններով։ Ճիշդ չէ, անշուշտ, ըսել, որ Լիբանան փրկուեցաւ իր տագնապներէն, բայց եւ այնպէս, այդ երկրին հանդէպ Միացեալ Նահանգներու մեծ հետաքրքրութիւնն ու քայլերը ցոյց կու տան, որ գործ ունինք նոր իրականութեան մը հետ։
Անշուշտ, կասկածէ վեր է, որ յառաջիկայ օրերը կարեւոր յստակացումներ պիտի բերեն Լիբանանի ներքին իրավիճակին։ Երկիր մը, որուն հիմնական բանալին եւ արտաքին աշխարհին հետ ամենակարեւոր կապի միջոցը օդակայանն է, անցեալ օրերուն դարձեալ դարձաւ ուշադրութեան կեդրոն։ Իսրայէլի կողմէ լսելի դարձուած եւ շատ հաւանաբար ամերիկացի բանագնացի կամ բանագնացներու բերնով լիբանանցի պաշտօնատարներու սեղանին հասած լուրջ սպառնալիքները կամ սպառնալիքներու խօսոյթը շատ բան փոխեցին գետնի վրայ։
Իրանեան օդանաւ մը, հաւանաբար մէկէ աւելի օդանաւեր, որոնք կը պատրաստուէին Պէյրութ հասնիլ, վերջին պահուն ջնջեցին իրենց թռիչքները եւ չուերթի նոր թուականներ չյայտարարուեցան։ Ի պատասխան Լիբանանի շիի համայնքի անդամները, որոնք առաջին հայեացքով այդքան ալ կազմակերպուած չէին, իջան փողոց, ճանապարհներ փակեցին, ՄԱԿ-ի ուժերուն դէմ քայլեր առին, հրասայլ վառեցին եւ մէկ խօսքով՝ Պէյրութը տակնուվրայ ըրին։ Խնդիրը, անշուշտ, միայն տակնուվրայութիւն մը ստեղծելը չէ՝ ինչքան որ «Հիզպուլլահ» եւ անոր շրջանակը պատրաստակամ ըլլայ երկրին մէջ բողոքի նոր ալիքներ իրականացնելու։
Ծանօթ է, որ «Հիզպուլլահ» առաջուան ուժը չունի, զէնք չունի Իսրայէլին հարուածներ տալու համար։ Ուժը եւ ներուժը չունի առաջուան կազմակերպուած աշխարհազօրայիններով մարտ մղելու, առաջուան ուժը եւ ներուժը չունի նոր պայքարի մը սկսելու համար, ու առաւելապէս առաջուան խստաբարոյ եւ կարգապահութիւն պարտադրող Սէյիտ Հասան Նասրալլան չունի, որպէսզի կարողանայ գետնի վրայ նոր եղանակ մը ստեղծել։ Այս բոլորը, անշուշտ, կը խօսին այն մասին, թէ «Հիզպուլլահ» ո՛չ միայն առաջուանը չէ, այլեւ այնպիսի բարդ վիճակի մը մէջ է, որ շրջանային ուժեր սկսած են իսկապէս դիտարկել, թէ Լիբանանի մէջ ամերիկեան նոր ծրագրին դէմ լուրջ բողոքի ձայն մը պիտի չելլէ։
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի ներքին ճակատին, ապա հասարակութեան կարեւոր մէկ մասը շատ լուրջ հայեացքով մը կը հետեւի զարգացումներուն եւ իր մտքին մէջ է «Հիզպուլլահ»ի այն տխուր արարքները, որոնք տեղի ունեցան մօտիկ անցեալին։ 2008 թուականին «Հիզպուլլահ» բողոքի ալիք մը հունաւորեց, հրապարակ իջաւ, բռնի ուժ կիրառեց եւ զօրաւոր ապտակ մը իջեցուց երկրի սիւննի բաղկացուցիչին։ Անկէ ետք գոյացաւ Տոհայի համաձայնութիւնը, որմէ ետք ալ «Հիզպուլլահ» եւ նոր կողմակիցները կարողացան ամբողջութեամբ իրենց ձեռքերուն մէջ առնել Լիբանանը։ Տհաճ ըլլալէն բացի, պատահածը վիրաւորական էր բոլոր լիբանանցիներուն համար։ Բնաւ արդարանալի չէր այն պատճառը, որուն համար «Հիզպուլլահ» փողոց իջաւ։ Այդ օրերուն Լիբանանի կառավարութիւնը որոշած էր անվտանգութեան նոր պատասխանատու մը նշանակել Պէյրութի օդակայանին համար. բան մը, որ շատ ծանր որոշում համարուեցաւ «Հիզպուլլահ»ի կողմէ ու անկէ ետք այդ կուսակցութեան համբերութեան բաժակը յորդեցաւ։
Այս դրուագը, ի հարկէ, փոքր պատում մըն է այն վիճակներէն, որոնք առաւելաբար կը պատմեն «Հիզպուլլահ»ի միահեծանութեան մասին, որ անցեալ տարիներուն տիրական էր Լիբանանի մէջ։ Այս բոլորէն անդին, նոյնինքն «Հիզպուլլահ» շատ լաւ հասկցած է, որ Լիբանանի մէջ մօտիկ անցեալի իրավիճակը այլեւս չկայ։ Կայ միջազգային ուշադրութիւն, կայ ուժեղ նախագահ եւ կան, անշուշտ, վճռական արտայայտուող վարչապետ ու կառավարութիւն։ Ու եթէ այս բոլորը քով-քովի շարուի, ամենայստակ հարցադրումին սլաքը պիտի ուղղուի դարձեալ «Հիզպուլլահ»ին։ Արդեօք այս կուսակցութեան մէջ ներկայ վարքին դէմ մօտեցում ունեցողներ կա՞ն կամ ոչ։ Եւ արդեօք Լիբանանի բանակը բաւարար ուժ եւ կամք ունի՞ գետինը իր ձեռքերուն մէջ պահելու։
Լրատուական աղբիւրներ, որոնք անցնող օրերու իրավիճակը վերլուծել փորձեցին, իրենց թողարկումներուն մէջ շարադրեցին կարգ մը կարեւորագոյն հարցումներ, որոնք կապ ունէին Լիբանանի քաղաքական ընդհանուր իրավիճակին՝ առաւելաբար «Հիզպուլլահ»ին հետ՝ այն իմաստով, որ այս կուսակցութիւնը, եթէ այս վարքով շարունակէ իր գործունէութիւնը, ապա կրնայ դառնալ լուսանցքային ուժ կամ նման շարժումները աւելիով կրնա՞ն զօրացնել զինք։ Ամենակարեւորը, ի վերջոյ պիտի փարատի՞ն այն մեծ կասկածները, թէ ո՞վ է այսօր Լիբանանի ներքին կացութեան իսկական տէրն ու տիրականը։ Ի դէպ, Իրանի օդանաւերու Պէյրութ հասնելուն դէմ դրուած արգելքը դիւրին պատառ մը չէ «Հիզպուլլահ»ին համար եւ Սուրիոյ վիճակը դիտարկելով՝ բոլորին համար արդէն յստակ է, որ առնուազն նիւթական նեցուկի կամ այլ տեսակի զօրակցութիւն ունենալու համար Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի» օդակայանը կը շարունակէ մնալ այն միակ օղակը, որու ճամբով «Հիզպուլլահ» պիտի կարողանայ թթուածին ունենալ։
Մէկ խօսքով, այսօր Լիբանանի իրական արեւելումն ու քաղաքական նոր վիճակը իրողապէս հասկնալու համար, անկասկած, հարկ է նայիլ, թէ որո՞ւ ուժին եւ իշխանութեան տակ կը գտնուի օդակայանը։ Ասկէ դուրս բոլոր տեսակի բողոքի ալիքները պարզապէս ժամավաճառութիւն են։ Լիբանան թեւակոխած է նոր կարեւոր հուն մը եւ այս երեւոյթին հետ հաշուի նստելու պարտաւոր են բոլորը՝ հասկնալու համար նոր իրողութիւնները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան