ԹՇՈՒԱ­ՌՈՒ­ԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՆ­ՀԱ­ՏԸ Ի­ՐԵՆՑ ԳՈ­ՅԱ­ԲԱ­ՆԱ­ԿԱՆ ՈՒ Ա­ՌՕ­ՐԷԱ­ԿԱՆ Ե­ՐԵ­ՍԱԿ­ՆԵ­ՐՈՎ

Ներշնչանքը ինքնին կրնայ համարուիլ ներփակող ու նուաճող ամէն տեսակի թշուառութեան: Միեւնոյն ժամանակ  յուզականութիւնն ու վիպապաշտութիւնը տիեզերքը շարժող ուժեր են, բայց անոնք կը մնան ոգեղէն ու տեղ մըն ալ բնազանցական, նաեւ չեն կրնար շօշափելիօրէն վերացնել այն խնդիրները, որոնք կը տառապեցնեն: Եւ ինքնին ներշնչուածութիւն ու յուզականութիւն ներթողելն ու սերմանելը բոլոր մարդկային ոգեղինութեան հիմքը կրնանք համարել: Իսկ կրօնական, մշակութային եւ ընկերային համակարգներու ստեղծումը ջանացած է ներշնչանք, հաւատք ու յուզական յոյս փոխանցել մարդկութեան: Այո՛, մարդը իբրեւ անհատ իր գիտական, ոգեղէն-բնազանցական կառուցուածքով ու փիլիսոփայութեամբ՝ անդադար թէ՛ ինքնայայտնաբերող եւ թէ կազմուող-կոփուող ու յայտնաբերելի է։ Բայց, միեւնոյն ժամանակ մարդը բնազդային ու ենթադրեալ ստեղծուած մասով-կտրուածքով յուզական է ու ներշնչուող:

 Ներշնչանքն ու ներշնչուածութիւնը քաղաքակրթական արժէքի վերածելով մարդկութիւնը աւելիով զարգացաւ, բացի կրօնական թմրաշահարկումէ ու քաղաքական նպատակներու իւրացումէ: Ներշնչանքը՝ հաւատքով ու յոյսով բացարձակութիւն կրնայ համարուիլ մարդու արժեհամակարգին մէջ, իսկ արհեստագիտութեան եւ, ներկայիս արհեստական բանականութեան հասանումով, ան իր խթանումը կարծես թէ հասցուց առաւելագոյնի: Մարդկութեան խթանիչ, շարժիչ հիմնական, առարկայական ու անմիջական ուժը կը մնայ նիւթը եւ նիւթի ձեռքբերման գործունէութիւնը, բայց, եթէ մարդը չհամոզուի (ինքնախաբէութեամբ կամ ոչ), որ ինք ունի նաեւ շարժիչ ներշնչանքի չապականուած ու չցամքող աղբիւրը (որ մարդկութեան կու տայ ամէն վայրկեան աստուածային էոյթ ու ինքնակերտ բնաւորութիւն), նիւթն ու նիւթականը միայն չեն փրկեր զայն: Երջանկութեան ձգտումը այստեղ իր լրացուցիչ հանգամանքներով կրնայ ընկերային, դաստիարակչական ու համակարգային ըլլալ, բայց տեղ մը երջանիկ դառնալէ անդին, ինքնին երջանիկ-զուարթ գիտութեան-գոյութեան, երջանիկ-զուարթ նպատակներու եւ իրականութեան ի վերուստ եւ ի սկզբանէ կայացուածութիւնը մարդուս մօտ, փրկող է ու գերմարդկային: Գիտական նուաճումները, յառաջդիմութիւնը եւ ինչքերը երջանկացնելու լծուած են մարդկութիւնը եւ անոնք երբեք անցողիկ ու ժամանակաւոր հասկացողութիւններ չեն, այլ՝ հիմքը մարդկային գործունէութիւններուն:

Արհեստագիտութիւնը երջանկացնող հիմնական գործիքի վերածելու ազնուութիւնը ամենայարգելին է, եթէ նուազեցնենք անոր մարդկութեան ղեկավարումի եւ հսկողութեան նկրտումները: Ինչո՞ւ արհեստագիտութիւնը մեր ներշնչանքին ու ոգեղինութեան խթանիչներէն է ու արդիւնքը մեր պատկերացումներու գագաթնակէտացման։ Այն պատճառով, որ արհեստագիտութեան նպատակներուն մէջ է ո՛չ միայն մեր բարօրութեան ապահովումն ու թշուառութեան կրճատումը, այլ ան կը ձգտի տիեզերքի բացայայտման, իսկ տիեզերքի բացայայտումը կը համարուի գերմարդկային արարք ու նոյնինքն այսպէս ըսած՝ աստուածացման գործընթաց: Սկզբնաւորութեան ու վերջաբանի խնդրականութիւններն ու առեղծուածութիւնը մեզ կը մղեն յաճախ խելագարութեան, բայց, ինչպէս վերյիշեցինք, միեւնոյն ժամանակ մեզ կը դարձնեն աւելի գերմարդկային ու աստուածային: Դժուար է ըսել, թէ ո՞վ կրնայ յայտնաբերել տիեզերքը կամ մենք ինքնին տիեզերածին ենք կամ տիեզերայայտ, բայց, կրնանք հետեւցնել, որ մեր ապրած կեանքերուն կարեւորութիւնը անգնահատելի է ու համապարփակ-ամբողջական, ամբողջացնող: Տեղ մըն ալ կ՚արժէ ըսել, որ ամենամեծ ներշնչանքն ու հաւատքը մեր ապրած կեանքներն են,  նոյնիսկ իրենց ամենամանր ու ճղճիմ երկրորդականութիւններով, երրորդականութիւններով, առօրեայով... եւ այլն: Մեր ինքնութեան աստուածացման առաքելութիւնը սուրբ կը համարենք, բայց, անոր կողքին ամենաճղճիմ ու մանր առօրեան մեզի համար սնուցիչ է ու տիրական։ Ահաւասի՛կ, այս է մեր յաղթանակը շատ մը առումներով:

Տրուիլ առօրեային ամենաթուրդ ձեւով միաժամանակ ըլլալ տիեզերատենչ ու քննող: Մարդկութեան ճակատագրապաշտութիւնը կը կայանայ անոր անհոգութեան, ծայրայեղ պարզամղումին ու տեղ մըն ալ արմատական վճռակամութեան՝ տիեզերքի բոլոր հարցերը լուծելու: Ահա, այս կէտին կը նահանջէ քաղաքակրթութեան ժամանակային հասկացողութիւնը, այսինքն, մենք չենք կրնար մարդկային քաղաքակրթական կերտումը դասակարգել ժամանակային զարգացմամբ: Օրինակ՝ հաւանաբար, հին եգիպտականը աւելի տիեզերական էր, քան ներկայիս արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը։

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•շարունակելի…

Երեւան

Շաբաթ, Մարտ 22, 2025