ԱՆԻԾՈՒԱԾՆԵՐԸ…
Եւ այդ մեղքը ինք իր ուսերուն վրայ պիտի տանէր մինչեւ կեանքին վերջը… Սակայն ինչպէ՞ս։
Առաջին դասարանի ուսուցչուհին էր։ Սեւազգեստ գլուխէն մինչեւ ոտքերը։ Ամառ թէ ձմեռ սեւ հաստ գուլպաներ կը հագուէր։ Մազերը ետեւ հաւաքած՝ կլոր մը դարձուցած ծոծրակին վրայ։
Կօշիկները ո՛չ կանացի էին, ո՛չ ալ տղամարդու։ Սերունդներ այդպէս ճանչցան ու կը յիշեն զինք։ Խիստ նայուածքով, յօնքերը կիտած նոյնիսկ երբ ժպտար։ Երկար, հաստ գաւազանը մի՛շտ ձեռքին։ Որքա՜ն պճըճիկ ձեռքերու բարակ մատիկները ուռած են եւ չեն կրցած շարունակել հարիւրէն մինչեւ հազար տող հասնող պատիժը եւ գաւազանը անխղճօրէն իջած է իրենց դեռ փափուկ կռնակներուն։ Զբօսանքին տունէն իրենց հացիկն ու պանիրը պայուսակնուն մէջ մնացած է, որովհետեւ պատժուածները, անմեղ բայց մեծ յանցագործներ են՝ ձեռքերնին ծալած չեն նստած, կամ առանց հրամանի ետեւ դարձեր են։ Իսկ տկար աշակերտները, որոնց համար դաս պատրաստելը տաժանակիր աշխատանք էր, նոյնիսկ մարած են գաւազանի հարուածներուն տակ… Քանի՜ գաւազաններ ալ կոտրած են։
Չեմ հաւատար, որ չար մէկն էր օրիորդ Արշակուհին, պարզապէս սերունդ հասցնելու եղանակն էր այդ, թերեւս սիրտն ալ կը ցաւէր, բայց հաւատարիմ էր իր կոչումին, հաւատարիմ էր այն սկզբունքին, որ «Ծեծով մարդ կը դառնան»։ Մեր մանկութեան՝ Տէր Թոթիկեան օրէնքները եւ պատիժները դեռ ուժի մէջ էին դժբախտաբար։ Բայց նաեւ Աստուածաշունչը կը կարդար. «Առկ 13:24: Որ խնայէ ՚ի գաւազան՝ ատեա՛յ զորդի իւր. իսկ որ սիրեն՝ խնամով խրատէ»։ Աշխատասէր, խելացի աշակերտները կ՚արժանանային իր շռայլ գովասանքներուն, իսկ տկար աշակերտները՝ վայ իրենց չար բախտին։ Իսկ ո՞վ էր յանցաւոր անոր տկար ըլլալուն համար։ Այս քրիստոնէական սկզբունքներով առաջնորդուող վարժարանին մէջ չկրցան հասկնալ, որ զօրաւորն ալ, տկարն ալ՝ բոլորը Աստուծոյ ստեղծածներն են։
Բախտն ալ զինք ծեծած էր անգութօրէն, թէ ոչ քսաներեք տարեկան երիտասարդուհին ինչո՞ւ ամբողջ կեանք մը պիտի կաշկանդուէր սեւ զգեստներու մէջ…
«Անիծուածները» ընտանիքին տասը զաւակներէն՝ երրորդն էր, հինգ ողջ մնացած աղջիկներէն առաջինը։ Ութէն երկուքը մեռած ծնած էին, իսկ մէկը ծնունդէն քիչ ետք մահացած։
Ինչպէս միշտ, պատերազմ է նորէն, երուսաղէմեան անորոշ վիճակ։ Գաղթական եկած հայը կորսնցուցած հայր, եղբայր, ամուսին, զաւակ՝ ո՛չ հայուն համար այլեւս զինուոր չունէր ղրկելու եւ հայ երիտասարդները զինուորահաւաքի ժամանակ՝ ով կարելիութիւնը ունէր քաղաքէն հեռանալու՝ կը հեռանար, իսկ մնացածը պահուըտելու հնար մը կը փնտռէր։ Ո՞վ կ՚ուզէր իր պատանի-երիտասարդ զաւակը նետել պատերազմի կրակներուն մէջ։
Զաքարն ալ իր եօթ զաւակներով ընտանիքը պիտի ապրեցնէր… Լրտես-մատնութիւնը, ինչպէս բոլոր ժամանակներուն, Զաքարին համար ալ եկամուտի լաւ աղբիւր էր։ Իր եկամուտը այդ ձեւով ապահոված էր՝ ոստիկանութեան տեղեկացնելով, թէ ո՛ր տան մէջ պահուած երիտասարդ կայ։
Դրացիներ, բարեկամներ, ծանօթներ զգուշացան եւ կամաց-կամաց հեռացան Զաքարէն ու իր ընտանիքէն, դուրս պահելով իրենց շրջանակներէն։ Իսկ դուստրերը կը մեծնային, ո՞վ այլեւս աղջիկ կ՚առնէր այդ ընտանիքէն, որ սիրտերնին այրած մայրերու անէծքներուն տարափին տակ դրոշմուեցաւ «Անիծուածները» ածականով…
«Պատիժը Աստուծոյ ձգէ», կ՚ըսենք։ Բայց մեր Աստուածը սիրող Աստուած է եւ ոչ թէ պատժող… Պատիժը մենք կը հասցնենք մեզի՝ մեր արարքներուն պատասխան ու կ՚ըսենք. «Աստուած պատժեց»։ Շատ հարցերու դատաստանը Տէրը մեզի կը ձգէ։
Այսօր ոչ մէկ ժառանգ կայ այդ մեծ ընտանիքէն, որովհետեւ… Անիծուած էին։
Եւ ո՛չ միայն ոչ մէկ ժառանգ, անոնց ապրիլն ալ ապրիլ չէր։ Ընտանիքին հինգ դուստրերէն մէկը միայն ամուսնացած էր։ Երեք զաւակներու ծնունդներէն շատ չանցած՝ դարձած հօր տունը՝ չորս քոյրերուն հետ մեծցնելու իր երեք տհաս զաւակները, որոնք երեք հսկաներ էին մարմինով եւ անոր հակառակ չաճած ուղեղներով…
Զաքարը լաւ գիտէր, թէ ինչ կրնայ հասնիլ իր արու զաւակներուն եւ վախցած հասնելիք վտանգէն՝ երկրէն կը փախցնէ, անոնք ալ օտարութեան մէջ մնացին անզաւակ եւ ունեցան տխուր եւ անփառունակ վախճաններ։
Օրիորդ Արշակուհին միակն էր, որ ժառանգ ձգեց… Յիսուն տարի սերունդներ իր գաւազանին տակ հայոց այբուբենը սորվեցան։
Սեւ զգեստներով չէր ծնած, ոչ ալ գաւազանը ձեռքին։ Աղջկական քնքուշ սիրտը նուիրած էր իրենց նման Կիլիկիայէն գաղթած ընտանիքի մը միակ զաւակին, որուն հետ գաղտնի կը ժամադրուէին եւ օրիորդ Արշակուհին կը սպասէր մեծ օրուան, որպէսզի Հեթումը այդ օղակը անցընէր իր մատը։
Սակայն… Այդ օղակը երբեք չտեսաւ։ Այդ վերջին հանդիպումն էր իրենց, որ փշրեց իր օրիորդական սիրտը։
Ան իր սիրածէն գիտցաւ իրականութունը եւ առաջինը ինք անիծեց իր բախտը։
-Հայրդ զիս ալ մատնած է…
-Ի՞նչ մատնելու մասին է խօսքը։
-Ես ալ զինուոր կ՚երթամ, եթէ նոյնիսկ վերադառնամ՝ չենք կրնար ամուսնանալ… Հայրդ լրտես է… Որքան ալ սիրեմ քեզ, դուք անիծուած էք… Մեր ամուսնութիւնը անկարելի է…
Հարուածը մէկ չէր, այլ՝ երկու։ Հայրը լրտես-մատնիչ էր, որ պատճառ դարձաւ ո՛չ միայն իր սիրելիէն բաժնուելուն, այլ որքա՜ն երիտասարդներ անվերադարձ մեկնեցան։ Ուրեմն, ինք արժանի էր ապրելու այն նոյն ցաւով , որ ուրիշներ ալ կ՚ապրէին… Հնազանդեցաւ իրեն բաժին հասած այլեւս տխուր կեանքին… Սիրտը պահեց իր սեւ զգեստներուն տակ, ուրկէ ալ արեւն ալ չկրցաւ ներս թափանցել… Այո՛, արժանի էին սեւերու մէջ ապրելու, արժանի էին անիծուելու, արժանի էին երեք տհաս ժառանգներ ունենալու, որոնցմով պիտի մարէր իրենց տան ճրագը։
Սակայն ինչպէ՛ս կարելի էր ջնջել այդ անէծքը։
…Իր ընտանիքէն այդ միայն ի՛նք կրնար ընել։ Ուխտեց կեանքը նուիրել հայ մանուկներուն։ Լրտես հօրը պատերազմի երթալու պատճառ եղած հայ երիտասարդներուն պատասխան՝ հայ մանուկներուն սորվեցնել հայոց այբուբենը։ Սերունդներ դաստիարակելով՝ թերեւս իր նուիրումով կարենար մոռցնել տալ հօր անպատուաբեր «արհեստը»։
Քսանմէկ տարեկան էր, երբ նուիրուեցաւ ուսուցչութեան, որ շարունակուեցաւ յիսուն տարի։ Տարիները շուտ անցան, թեթեւ անցան թէ ծանր՝ այդ միայն ինք գիտէր, սերունդները յաջորդեցին իրարու։ Աշակերտ-աշակերտուհիները ամուսնացան, անոնց զաւակներուն ալ սորվեցուց… Անոնք ալ ամուսնացան եւ անոնց զաւակներուն ալ սորվեցուց։ Տարիները յաջորդեցին, գրասեղանները փոխուեցան, աշակերտուհիներուն համազգեստները փոխուեցան, նոր եւ աւելի արդիական դասագիրքեր մէջտեղ եկան, մատիտի տեղ գրիչը գործածուեցաւ, օրիորդ Արշակուհին մնաց իր սեւ զգեստներուն մէջ իր մեծ գաղտնիքով։
Ութը աղջիկ եւ երկու տղայ ունեցած էին ծնողները։ Ութը աղջիկէն երեքը կամ մեռած ծնած էին եւ կամ մահացած ծնունդէ քիչ ետք։
Օրիորդ Արշակուհին բախտաւոր չապրողներէն էր, թէ՞ անբախտ ապրողներէն՝ միայն ինք գիտէր… Ապրեցաւ սիրտը ծակող իր գաղտնիքով… Իր զգեստներուն նման մութ մնաց նաեւ իր աշխարհը։
Իր նախնիները Կիլիկիայէն ուխտաւոր եկած ու մնացած էին Երուսաղէմ՝ դարեր առաջ։
Հարուստ եկած էին, բայց սնանկացած։ Չորս տունը մնացած եւ մէկ հատն ալ երեք զաւակով տուն դարձած աղջիկներուն հոգը դիւրին չէր։ Կեանքի պայմանները կը ստիպեն մարդուս սխալելու, սակայն, ազգի դաւաճանները ներում չունին…
Հայրը օր մը ձեռքը կուրծքին տուն կը մտնէ կարծես հազար քիլօ բեռ շալկած, թերեւս այնպիսի բան ըրած էր, զոր ինք ալ չէր կրնար ներել իր անձը, այդպէս աչքերը բաց ձեռքը թուղթ մը կ՚իյնայ գետին։ Արշակուհին կը կարդայ հեռագիրը եւ առանց մէկուն ցոյց տալու անմիջապէս կ՚այրէ։ Հայրն ալ չէր գիտեր, որ իր եկամուտին գաղտնիքներուն միակ տեղեակը Արշակուհին էր… Այդ թուղթն ալ կը դառնայ գաղտնիք։ Քանի մը ժամ ետք սիրած տղուն մայրը մազերը փետտելով կ՚անիծէր որդիին զինուոր երթալու պատճառ եղողին…
Օրիորդ Արշակուհին մեծ յարգանք ունէր ծնողքիս հանդէպ, որ վերածուած էր սիրոյ ինծի հանդէպ։ Իր շատ սիրած աշակերտուհիներէն էի ես եւ թերեւս այդ էր պատճառը, որ ինծի համար սարսափազդու մէկը չէր, բայց նաեւ չէի կրնար արդարացնել այդ գաւազանը։ Մէկ անգամ միայն սարսափեցայ, երբ ճակատիս վրայ կարդաց, որ կէսօրին դարձեալ ճաշ չեմ կերած եւ հաստ գաւազանը ցոյց տուաւ, շունչս բռնեցի եւ աչքերս խոշոր բացուեցան. «Այս գաւազանին նման բարակ պիտի մնաս», ըսաւ։ Ուրեմն այդ դեռ բարակ գաւազանն էր…
Երկա՜ր բանաստեղծութիւններ կու տար, որպէսզի հանդէսներուն արտասանեմ… Եւ ես ատոր համար աւելի կը սիրէի զինք։ Դպրոցին մէջ ով ակռայի կամ փորի ցաւ ունենար, կը վազէր օրիորդ Արշակուհիին։ Շաբաթը երեք անգամ գոնէ ակռայի ցաւ կ՚ունենայի, որպէսզի քովը երթայի եւ բամպակը օղիի մէջ թաթխած ակռայիս վրայ դնէր։ Այնքան համով էր այդ «ակռայի ցաւ»ը, որ օղի կը բուրէր։ Օրիորդ Արշակուհիին զգուշացումով մայրս ատամնաբոյժի տարաւ զիս, որ զարմացած հարցուց.
-Ո՞ր ակռադ կը ցաւի:
-Ոչ մէկը։
-Ինչո՞ւ եկած ես։
-Որ օղի դնեմ։
Մայրս սկսաւ երկու ամիսը մէկ շիշ մը օղի ղրկել ակռայի կամ փորի չունեցած ցաւս դարմանելու համար։
Բայց միայն այդ չէր. ամէն անգամ, որ երթայի, օրիորդ Արշակուհին դասարանին առջեւ արտասանել կու տար զիս եւ ես կը կարծէի, որ աշխարհի ամենամեծ բեմին վրայ եմ։ Հիմա խոստովանիմ, որ երբեմն ալ դասէն ձանձրացած փախուստի միջոց էր ակռայի ցաւը…
Ելեկտրականութիւնը արդէն շատոնց շքեղութիւն չէր, սակայն «Անիծուած»ներուն ընտանիքին վերջինը հասաւ։ Տան պատերը իր զգեստին նման սեփսեւ էին։ Տունը դեռ լապտերով կը լուսաւորուէր։ Կը լուսաւորուէ՞ր… Հազիւ դեղնած լոյս մը հինցած ճաշասեղանին վրայ, ուր քրիորդ Արշակուհին իր դասերը կը պատրաստէր, սրբագրութիւնները կ՚ընէր, իսկ քրոջ զաւակները իրենց դասերը կը սերտէին կամ իրենց հաստ գլուխներով գոնէ կը փորձէին սերտել։
Հիւանդացաւ… Հակառակ մօրս կամքին՝ ուզեցի անպայման իր հետ այցելութեան երթալ։ Ճիշդ իր արտաքինին համապատասխանող սեւ տուն մըն էր տունը։ Գոյն չկար այնտեղ… Սեւցած պատեր, վարագոյրներ, որոնք թերեւս ճերմակ էին նախօրօք, բայց, այժմ այնքան սեւցած էին, որ արեւը չէր կրնար ներս թափանցել։ Իր կամքով սեւցած զգեստներն ալ սպիտակ էին, երբ սէրը կը թեւածէր իր շուրջ։ Բացի իրմէ մէկ քոյրը մնացած էր, որուն կմախքային արտաքինը շատ կը համապասխանէր այդ սեւ տան։
Հեքիաթներուն մէջ վհուկները կ՚ապրին այդպիսի տեղ, բայց հոս՝ յիսուն տարուան ուսուցչուհի մըն էր։
-Օրիորդ Արշակուհի, ըսաւ մայրս, ո՛չ միայն այցելութեան եկած եմ, այլեւ անձնաթուղթդ առնելու, որ կենսաթոշակի եւ ելեկտրականութիւնը տունդ հասցնելու համար դիմում կատարեմ։
-Չէ՜, տիկին Արփինէ, թող այսպէս սեւ մնայ մեր տունը, մենք արժանի ենք անոր…
-Բայց դուն որքա՜ն մանուկներու միտքը լուսաւորած ես, այբուբենը սորվեցուցած ես, ինչ ըսել է արժանի ես այս մթութեան…
Անզուսպ հոսող արցունքներս թերեւս դեր ունեցան իր համոզուելուն մէջ, որ շատ դժուար եղաւ։
Իւրաքանչիւր սիրտ ունի իր գաղտնիքը խորունկ եւ ամէն կոպի տակ՝ արցունք մը քարացած…
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
18 մարտ, 2025, Երուսաղէմ