ՈՒԾԱՑՈ՞ՒՄ, ՁԱԽՈՂՈ՞ՒՄ, ԹԷ ՀԵՌԱՑՈՒՄ

Գաղտնիք չէ, անշուշտ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագիրը իրականութիւն դարձնելու ճանապարհին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու շարունակական ճիգերը ամենազդեցիկ գործօնը կը համարուի։ Այսօր, երբ Հայաստան եւ Ատրպէյճան համապատասխան բանակցութիւնները աւարտած են եւ բովանդակութիւնը համաձայնեցուցած, ապա, միշտ օրակարգի վրայ կը մնայ ԱՄՆ-ի նոր դերը՝ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Վերջին տարիներուն Ուաշինկթըն հետեւողական աշխատանք տարաւ Երեւանի եւ Պաքուի, նաեւ բոլոր շահագրգիռ կողմերուն հետ, յամենայնդէպս, չպակսեցան նաեւ մեկնաբանութիւնները, թէ ուշացումներ խնդրոյ առարկայ են։

ԱՄՆ-ի կողմէ երեւելի դարձած հետաքրքրութիւնը, անշուշտ, ուղղակիօրէն կապ ունի 2020 թուականին տեղի ունեցած Արցախի պատերազմին հետ։ Արդարեւ, այդ 44-օրեայ պատերազմի աւարտով առհասարակ նոր փուլ մը սկսաւ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Թերեւս դաշտի վրայ դէպքերը այլ հունով մը կրնային ընթանալ, եթէ սկիզբ չառնէր Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը, որու վրայ ալ յամառօրէն կ՚աշխատի ԱՄՆ, սակայն, տակաւին անորոշ է վերջնական լուծումը։ Ռուսաստան, որ իր ամբողջ ներուժը դրած է ապահովելու համար առնուազն մասնակի պատերազմ մը, այսօր միջազգային հանրութեան առջեւ կը ներկայանայ բաւականին թոյլ կարգավիճակով մը՝ կապուած Հարաւային Կովկասին։ Մասնաւորապէս Հայաստանի պարագային է, որ Մոսկուա գրեթէ երես թեքած է Երեւանէն։ Իր նոր ընտրովի դերին համար Ռուսաստան ընելիքներուն սլաքը թեքած է դէպի Ատրպէյճան։ Սա անխուսափելիօրէն կ՚ազդէ ո՛չ միայն Հայաստանի ընդհանուր ներկայութեան, ներուժին ու կեցուածքին վրայ, այլեւ միով բանիւ կը թուլացնէ Ռուսաստանի կեցուածքները։ Հարց կը ծագի. արդեօք Ռուսաստան կը հրաժարի՞ Հարաւային Կովկասէ ներս իր դարաւոր ներկայութենէն։ Յամենայնդէպս, այս վերագրումներուն մէջ կը մոռցուի, որ Ռուսաստան Ատրպէյճանի հետ կարողացած է ունենալ այնպիսի եղբայրական յարաբերութիւն մը, որու ճամբով ու շնորհիւ պիտի շարունակէ իր դիրքերը ապահովել։ Թէեւ յետպատերազմեան շրջանին վերիվայրումներ կ՚արձանագրուին ինչպէս Երեւան-Մոսկուա, այնպէս ալ Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ։

Այս բոլորի լոյսին տակ, անշուշտ, ԱՄՆ սկսած է աւելի խորքային մօտեցումներ ունենալ Հարաւային Կովկասի պարագային եւ այդպէսով իր բարեկամական կապերը զարգացնել՝ Հայաստանի հետ։ Մինչեւ նախագահ Տանըլտ Թրամփի իշխանութեան վերադառնալը, նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի պաշտօնավարութեան տարիներուն այս առումով դիտարկուեցաւ հետեւողականութիւն։ Այժմ բոլորը շարունակութեան համար սպասումի մէջ են՝ մանաւանդ, որ Սպիտակ տունէն առ այժմ գրեթէ որեւէ պատգամ չէ հնչած այս ուղղութեան պարագային։

Թէ ինչքանո՞վ խորքային պիտի ըլլան այդ յարաբերութիւնները եւ ամենակարեւորը՝ ԱՄՆ-ի համար ո՞ւր պիտի գծուին կարմիր գիծերը կամ ի՞նչ հիմքերու վրայ ԱՄՆ պիտի դառնայ Հարաւային Կովկասի թիւ մէկ օրակարգ թելադրողը։ Այս բոլորը դեռ տակաւին յայտնի չէ, սակայն, սովորական տրամաբանական հաշուարկով մը կարելի է եզրակացնել, որ ԱՄՆ առհասարակ հետամուտ չէ արագ քայլերով ընթանալու։ 

Պէտք չէ մոռնալ Վրաստանի խնդիրը, կայ դէպի Ռուսաստան մեծ թեքում մը կատարած Ատրպէյճանի հարցը ու կայ նաեւ շատ մը առումներով անհետաքրքիր եւ նոյնիսկ անօգնական դարձած Հայաստանի պարագան։ Ու թերեւս այս բոլորը հաշուի առնելով ԱՄՆ կը շարժի մեծ դանդաղութեամբ։ Անշուշտ, պէտք չէ անտեսել այն փաստը, թէ 2022 թուականին Ջերմուկի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը սանձուեցան ԱՄՆ-ի կողմէ, սակայն, գետնի վրայ յաջորդած ճիգերը ամբողջապէս չեն արտացոլեր, որ ԱՄՆ պատրաստ է իսկապէս Հայաստանի երկու ձեռքերը ամուր մը բռնել ու դառնալ անոր թիւ մէկ հովանաւորը։ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման տեսակէտէ յստակ է նաեւ, որ թերացումի մեծ բեռ մը կայ՝ դրուած նոյնինքն Հայաստանի ուսերուն, անշուշտ, այդ թերացումի պատճառն է, որ իշխանութիւնները եւս կը վախնան առնել բացարձակ քայլեր։

Խօսքը չի վերաբերիր միայն Ռուսաստանի կողմէ հովանաւորուած Եւրոասիոյ տնտեսական միութենէն կամ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիր կազմակերպութենէն դուրս գալու. բան մը, որ կը շարունակէ մնալ պարզապէս լոզունգ։ Հակառակ այս բոլորին, հակառակ հակառուսականութիւն բուրող դարձը-ւածքներուն, Երեւան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շատ լաւ կը կարդան տնտեսական համագործակցութեան հիմքով դրական երկկողմանի շարժը։ Հայկական կողմը կը գիտակցի նաեւ, որ այդ գիծին վրայ, որեւէ սայթաքում կամ քաղաքական տհաս քայլ մեծ վնաս կըր-նայ պատճառել երկրին։ Ու թերեւս այդ հիմունքով ալ իշխանութիւնները կը շարունակեն հլու-հնազանդ ոճով մը խօսիլ ու յարաբերուիլ Ռուսաստանի հետ։ Վառ ապացոյց մըն է Փաշինեանի BRICS-ի համաժողովին մասնակցած ըլլալը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Հայաստան կը շարունակէ իր շրջապտոյտը՝ հանդիսանալով Ռուսաստանի առնուազն տըն-տեսական արբանեակներէն մին։

Թէ՛ ԱՄՆ եւ թէ Ռուսաստան շատ լաւ կը հասկնան Հայաստանի խոցելի դիրքը ու թերեւս այս պատճառով ալ, անոնք կը շարունակեն իրենց գործակցութիւնը անոր հետ։ Անոնք կը շարունակեն այդ համագործակցութիւնը՝ իւրաքանչիւրը իր դիտանկիւնէն եւ իւրաքանչիւրը իր դրած կանոններով՝ յստակօրէն շեշտելով եւ յառաջ մղելով իրենց սեփական շահերը, յաճախ ալ Հայաստանն ու երկրին ժողովուրդը դնելով «փրկչի մը սպասողի» հին-նոր դերին մէջ։

Ի վերջոյ, այսօր աւելի քան բիւրեղացած է, որ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութեան համաձայնեցման գործին մէջ յառաջատար դերը կատարած է ԱՄՆ։ Այս վերջինը շատ լաւ կը գիտակցի, որ Հարաւային Կովկասի մէջ ինչ ալ ըլլան պայմանները՝ անկարելի է անտեսել ու մէկդի դնել Ռուսաստանի հին-նոր դերակատարութիւնը։  Ի դէպ, այս մասին հայկական հանրային կարծիքէն ներս ալ շրջանառութեան մէջ են զանազան վերլուծութիւններ։ Հիմնական հարցումը հետեւեալն է. արդեօք Թրամփի օրով ԱՄՆ կը լուա՞յ ձեռքերը, թէ տակաւին կը սպասէ այս տարածաշրջանի պարագային։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մարտ 22, 2025