ՄՐՈՏՈՒԱԾ ՃԵՐՄԱԿԸ

«Ռամատան» է: 

Արաբական երկիրներուն մէջ այսպէս կը կոչուի ծոմապահութեան հոգեւոր այս ամիսը: Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ «Ռամազան» կը կոչուի, գիտե՛մ: «Ռամատան» թէ՛ «Ռամազան», միեւնոյնն է, զիրար հասկցած ըլլալու ենք: 

Գահիրէի ժամով երեկոյեան 6-ի կողմերը կայացող «Իֆթար»ին պատճառով, կառավարական բոլոր ծառայութիւնները, դրամատուները, դպրոցներն ու համալսանները սովորական ժամէն աւելի շուտ կ՚արձակուին. խճողուած կ՚ըլլան ճամբաները, ինքնաշարժ, հանրաշարժ, մարդ ու կենդանի իրարու հետ նոյն ճամբաներուն վրայ կը քալեն…

Հայկական մեր վարժարանն ալ, բնականաբար, շուտ կ՚արձակուի ու թէեւ բարձրակարգ դասարաններու աշակերտներուն համար պատկերը յստակ ըլլալով հանդերձ, նախակրթարանի ամենափոքրերը հազիւ կը հասկնան, թէ ի՛նչ կ՚ըլլայ: 

-Այլեւս մէ՛կ զբօսանք պիտի ընենք, բացատրեցի մանուկներուն. տխրեցան: 

-Բայց աւելի երկա՜ր զբօսանք: 

Տխրութիւնը փարատեցաւ եւ մխիթարանքի լա՜յն ժպիտներ գծուեցան անմեղ անոնց աչքերուն մէջ: 

-Բայց ինչո՞ւ մէկ երկա՜ր զբօսանք, հարցուց աղջնակ մը: 

-Քանի որ «Ռամատան» է, շատ ինքնավստահ պատասխանեց մանուկ մը: 

Զարմացայ. հետաքրքրական էր այս բառին իմացութիւնը այս տարիքի մանուկի մը համար: 

-Ի՞նչ է «Ռամատան»ը, հարցուցի նո՛յն աշակերտին:

-Օրիո՛րդ, անօթի կը մնան մինչե՜ւ գիշեր… 

Դասարանին մէջ քանի մը հոգի արձագանգեց այս տեղեկութեան։ Այո՜, իրա՞ւ, մինչեւ գիշեր չէ՜… 

-Ովքե՞ր անօթի կը մնան, հարցուցի: 

-Իրենք, կմկմալով ըսաւ մանուկը: 

Ան, ինք, անոնք, իրենք, ես ու մենքին դիմաց՝ ինչպիսի մե՜ծ ու անյաղթահարելի բանակ… 

Քիչ մը տարակուսեցայ, կը խոստովանիմ, այնուամենայնիւ տուի անխուսափելի հարցումը. 

-Ո՞վքեր են անոնք:

Մանուկը լռեց: 

Չգիտնալէն վստահ չէի, բայց վստահ էի, որ ան պիտի նախընտրէր լուռ մնալ: Ինչպէ՞ս չմնար: Մեզի ծանօթ, բոլորիս գիտցած մեր «մենք»էն տարբեր «անոնք» մը. լռութեան այդ կարճ պահուն մտքիս մէջ ծանրացաւ որպէս աշակերտ տարինե՜ր շարունակ կրած մեր բեռը…

Թէեւ համոզուած եմ, որ անկախ կրօնքի խնդիրէն, քրիստոնեայ երկիրներու մէջ ապրող սփիւռքի մեր գաղութներն ալ «մենք» ու «իրենք»ի խնդիրէն կը տառապին, բայց կը հաւատամ, որ այս տարբերութիւնը կտրականապէս կը սրի մահմետական երկիրներու մէջ գոյատեւող մեր գաղութներուն մէջ: 

Խօսիլը, գրելը դիւրին է, հասկցնե՛լն է դժուար: 

Համացանցի հրաշքը վայելող մեր մանուկներուն հետզհետէ բարձրացող իմացութեան տոկոսին եւ տեղեկութիւններու մակարդակին դիմաց առաւելաբար կը ծանրանայ ու կը նրբանայ «հայ» ու «ոչ-հայ», «քրիստոնեայ» եւ «ոչ-քրիստոնեայ» ըլլալու խնդիրը: 

Ո՞ր տարիքին, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս բացատրել տարբերութիւնը, չչափազանցուած, արդա՛ր իրականութիւնը, առանց միւսը նուաստացնելու…

Ծանր, շա՜տ ծանր պատասխանատուութիւն, գիտելիք եւ ազնուութիւն:

-Ինչո՞ւ միս չեն ուտեր, օրիո՛րդ.

Երկվայրկեաններ տեւող լռութեան մէջ ուրիշ հարցում մը լսուեցաւ: 

«Չեն»ը «չենք»ն էր փաստօրէն. իրար անցած էին մեր խումբերը՝ իսկութեան մէջ իրար անցած մեր կեանքերուն պէս:

Ո՞վ կրնայ մերժել այս իրարանցումը: 

Ո՞վ կրնայ մերժել տարիներու ընթացքին անկախ մեզմէ մեր նկարագիրներուն մէջ կաթիլ-կաթիլ սպրդող ազդեցութիւնները, անկախ մեզմէ նետուող հոգեւոր այդ կամուրջները: 

Մերժուելիք իրականութիւններ չե՛ն ասոնք: 

Մնացածը՝ ինքնախաբէութիւն է: 

Դեռ վերջերս մեր անցած «Բարեկենդան»ի դասը վերյիշելով մէկ կողմ ձգեցինք «անոնք»ը եւ անցանք մերինին… մենք «Պահք» կը պահենք, ասինչը կ՚ուտենք, ասինչը չենք ուտեր, կենդանիէն եկածը, ծառէն քաղուածը, vegan-ը, vegeterian-ը, աս կ՚ըլլայ, աս չ՚ըլլար, ըսելով-ըսելով, մանուկ մը ձեռքը բարձրացուց.

-Բայց մամաս ինծի ըսաւ, որ ամենաշատ սիրած բանս չուտեմ, անոր համար ես շոքոլա չեմ ուտերկոր, օրիո՛րդ: 

Այսքան պատահականութիւն կրնա՞ր ըլլալ: Լուսահոգի մօրս ալ ինծի տուած բացառիկ բացատրութիւնն էր ասիկա, որով կարելի եղաւ «Պահք»ի ամենէն կարեւոր խորհուրդը դեռ այդ տարիքիս ընկալել, մէջս սնել, փայփայել, պահպանել ու փոխանցել… 

Ի՛նչը, ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս ըսելու ասկէ գեղեցիկ օրինա՞կ: 

Ահա այսպիսի՝ մենք-իրենք, մերինը, անոնցը, զրոյցներու մէջ մխրճուած մեր դասարանէն ներս, քիչ առաջ «Ռամատան»ը գիտցող «գիտուն» մեր մանուկին ձեռքը կրկին բարձրացաւ. 

-Օրիո՛րդ, իրենք պէտք է անօթի մնան, բայց չե՛ն մնար, ըսաւ մամաս. ռումբ մը պայթեցնողի յաղթանակով ըսաւ ան:

Զանգը հնչեց, դասապահը վերջացաւ: Դասարանէն դուրս ելայ մէկ հարցումով. 

Ինչո՞ւ:

Ճեփ-ճերմակ էջի մը վրայ ինչո՞ւ այսպէս մրոտել: 

Աստուածատուր պարգեւ մըն է այդ մաս-մաքուր հոգին. քեզի՛ յանձնուած ըլլալը՝ կրկնա՛կի պարգեւ ու յանձնառութիւն, որ երանի՜ միայն արժանիներուն շնորհուի…

Բան մը աւելի՞ սորվեցուցած, աւելորդ գիտելի՞ք մը տուած կը համարուի, բանի մը ճի՛շդ, օգտակար եւ բարի խորհուրդը դեռեւս չընկալած մանուկին, շեղումը բացատրող, զայն ընդհանրացնող ու արժեզրկող պատասխանատուն…

Մեր մանուկներու բազմահազար հարցումները պատասխանող՝ բոլորս վախցնող աստղալից Gemını-ը, այսքան չար պատասխան մը կրնա՞յ տալ անոնց. կը կասկածիմ: 

Մեր թէ՛ ուրիշին, բարին, բացարձա՛կ բարին սերմանենք մեր մանուկներուն մէջ. բարիքով զօրացած իրենց միտքերով թող յաղթեն կեանքին հրամցնելիք անխուսափելի չարին:

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Փետրուար 23, 2026