ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿ
Նիզար Քապանի
Կ՚ուզեմ քեզի խօսքեր գրել,
Որ խօսքերու չի՛ նմանիր.
Եւ քեզի յատուկ լեզու մը հնարեմ,
Որ կազմաւորեմ զայն քու մարմինիդ չափերուն համաձայն
Եւ սիրոյս տարածութեան չափ:
Կ՚ուզեմ ճամբորդել բառարանի թուղթերէն
Եւ իմ բերանէս արձակուրդ առնեմ:
Յոգնեցայ բերանս կլոր դարձնելէն,
Նոր բերան մը կ՚ուզեմ…,
Որ երբ ուզէ՝ ինչ բանի ուզէ կարենայ վերածուիլ.
Կեռասի ծառի,
Կամ լուցկիի տուփի:
Նոր բերան մը կ՚ուզեմ,
Որմէ բառերը դուրս կ՚ելլէն այնպէս՝
Ինչպէս ծովահարսերը ծովի խորերէ դուրս կ՚ելլեն,
Եւ կամ ինչպէս ճերմակ ճուտիկները դուրս կ՚ելլեն՝
Կախարդի գլխարկէն…:
Առէ՛ք բոլոր գիրքերը,
Որ իմ մանկութեանս կարդացած եմ:
Առէ՛ք իմ դպրոցական տետրակներս,
Առէ՛ք կաւիճները,
Մատիտները,
Սեւ գրատախտակները…,
Եւ ինծի նոր բառ մը սորվեցուցէք,
Որ կախեմ զայն որպէս օղ՝
Սիրելիիս ականջին:
Ուրիշ մատներ կ՚ուզեմ՝
Որպէսզի ուրիշ ձեւով գրեմ,
Արդարեւ, ես կ՚ատեմ այն մատները, որոնք չեն երկարիր… եւ չեն կարճնար,
Ինչպէս նաեւ կ՚ատեմ այն ծառերը, որոնք չեն մեռնիր… եւ չեն մեծնար:
Նոր մատներ կ՚ուզեմ…
Բարձր՝ ինչպէս նաւերուն կայմերը,
Երկար՝ ինչպէս ընձուղտներուն վիզերը,
Որպէսզի սիրելիիս բանաստեղծութիւններու շապիկ մը հիւսեմ…՝
Որ ան երբեք չէ հագած…:
Կ՚ուզեմ քեզի այբուբեն մը հնարեմ,
Որ տարբեր է բոլոր այբուբեններէն,
Եւ որու մէջ անձրեւի ռիթմ մը ըլլայ,
Եւ լուսինի փոշիէն բան մը,
Ինչպէս նաեւ մոխրագոյն ամպերու տխրութենէն բան մը,
Եւ բան մը ալ մեպտեմբերեան սայլերու տակ մնացող ուռենիի տերեւներու ցաւէն:
Կ՚ուզեմ քեզի բառերու գանձեր նուիրել,
Որ քեզմէ ետք ո՛չ մէկ կնոջ պիտի նուիրուի…
Ո՜վ կին…,
Որմէ առաջ չկայ,
Եւ որմէ ետք ալ չկայ [իր նմանը]:
Կ՚ուզեմ ծոյլ ստինքներուդ սորվեցնել՝
Ինչպէ՜ս արտաբերեն անունս,
Ինչպէ՜ս կարդան նամակներս:
Կ՚ուզեմ, որ քեզ լեզու դարձնեմ…:
ՀԱՐՍԱՆԻՔ ՄԸ
Մուհամատ ալ-Մուսթաֆա
Հարսանիքիս օրը…
Մեծ ուրախութիւնը կը պարուրէ զիս…:
Հայրս՝ ճերմակ մազերով եւ ճերմակ մօրուքով,
Ներս կը մտնէ:
Անոր նայուածքներուն մէջ՝
Երկու փայլուն աչքեր կան…:
Անոր առիթ կու տան, որպէսզի համբուրէ զիս…:
Դուրս կու գայ՝ կռթնած ըլլալով որոշ յիշողութիւններու վրայ…:
Շշմած կ՚երեւի:
Շրջապատած են զինք լուռ մարդիկ…,
Միւսները զբաղ են հարսանիքով:
Դուրսը,
Մայրս նստած է եւ անոր շուրջ նոյն հագուստը հագած մեր դրացիներն են,
Քոյրեր են…:
Անոնցմէ մէկը կը հրաժարի իր զսպուածութենէն.
Գիտէ՛, որ կ՚ատեմ վայնասունները…,
Որով՝ կը պոռայ…:
***
Կը կանչեմ հեռուն կանգնած ընկերս,
Որ անոնց մէջ կանգնած է.
Ինչո՞ւ անոնց հետ իմ ետեւէս դէպի գերեզմանս կը քալես:
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՍԻՐԵԼԻՆ
Ահմատ Մաթար
Իշխողին նկարը ամէն կողմ է.
Որ կողմ քալենք՝ կը տեսնենք զինք.
Սրճարաններուն,
Խաղավայրներուն,
Նախարարութիւններուն,
Թաղերուն,
Գինետուներուն,
Շուկաներուն,
Հեռատեսիլներուն,
Թատերասրահներուն,
Բոզանոցներուն մէջ.
Առողջարաններու արտաքին պատերուն,
Արտաքնոցներէն ներս:
Որ կողմ որ քալենք՝ կը տեսնենք զինք,
Իշխողին նկարը ամէն կողմ է:
Ծիծաղկոտ՝
Երկրի մը մէջ, որ բռնաճնշումներէն կու լայ:
Ճառագայթող՝
Երկրի մը մէջ, ուր գիշերները կը խաղան առաւօտեան…:
Փափուկ՝
Երկրի մը մէջ, ուր նոյնիսկ իր խնդիրները
Կը տառապին ամէն տեսակի խնդիրներէ:
Մեծագոչ՝
Երկրի մը մէջ, ուր ձայները բանտարկուած են,
Իսկ շրթունքները՝ քերծուած:
Խաղաղ՝
Երկրի մը մէջ, ուր հազարաւոր մարդիկ
Ամէն օր մահապատիժի կ՚ենթարկուին՝
Կասկածի պատճառով:
Իշխողին նկարը ամէն կողմ է.
Շնորհք մըն է իրմէ մեզի տրուած,
Որովհետեւ երբ տենենք զինք, կը տեսնենք՝
Թէ տակաւին ողջ է,
Մենք եւս տակաւին ողջ ենք:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ